Արցախը Իր Ինքնիշխանութիւնը Հռչակած է Միջազգային եւ Ներպետական Իրաւական Կառուցակարգերուն Համապատասխան եւ Անիկա Սակարկման Ենթակայ Չէ․ ՀՅԴ Բիւրոյ

Some ancient statues, reliefs, stones, pottery, and relics are found in the heart of historical Armenia (Armenia Minor), not too far from Kharpert (Kharput) and Urfa

Արցախը Իր Ինքնիշխանութիւնը Հռչակած է Միջազգային եւ Ներպետական Իրաւական Կառուցակարգերուն Համապատասխան եւ Անիկա Սակարկման Ենթակայ Չէ․ ՀՅԴ Բիւրոյ

11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՐՑԱԽ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Յայտարարութիւն

Վճռականօրէն կը դատապարտենք վերջին օրերուն ՀՀ վարչապետի հրապարակային ելոյթներուն մէջ տեղ գտած խիստ վտանգաւոր եւ հակազգային դիրքորոշումներն ու մօտեցումները, եւ այդ հիմքով Փրակայի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին ծիրէն ներս տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։

Կը յայտարարենք.

– ՀՀ վարչապետը եւ իշխող վարչախումբը չեն սպասարկեր հայկական շահերը եւ չունին օրինական իրաւագիր Հայաստանի ու հայութեան անունով ստորագրելու որեւէ փաստաթուղթ, որ հարցականի տակ կը դնէ Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութիւնն ու հայ ժողովուրդի շահերը։

– Միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն կոպիտ ոտնահարումով, մասնաւորապէս ուժի կիրառումով եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ բացայայտ յարձակման եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման պայմաններուն մէջ՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման ուղղութեամբ ցանկացած գործընթացի նախաձեռնում եւ իրականացում անընդունելի է։

– Արցախը իր ինքնիշխանութիւնը հռչակած է միջազգային եւ ներպետական իրաւական կառուցակարգերուն համապատասխան եւ անիկա սակարկման ենթակայ չէ։

– Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ պարագայի չի կրնար հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորի կարգավիճակէն։ Նման քայլը անխուսափելիօրէն կը յանգեցնէ Արցախի հայաթափման ու արցախահայութեան հայրենազրկման։

Կ՝ակնկալենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրները հաւատարիմ կը մնան իրենց ստանձնած իրաւագիրին ու պարտաւորութիւններուն եւ հետեւողական կ՝ըլլան հռչակուած սկզբունքներուն հիման վրայ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով։

Կո՛չ կ՝ընենք հայ ժողովուրդին չտրուելու իշխանութեան կողմէ սերմանուող պարտուողական տրամադրութիւններուն, չյուսահատելու, համախմբուելու ազգային ուժերուն շուրջ եւ բեկում մտցնելու իրավիճակին մէջ։ Ատիկա կ՝ենթադրէ արմատական փոփոխութիւններ երեք հիմնական ուղղութիւններով.

ա) Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումով համահայկական զօրաշարժի իրականացում,

բ) պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հրատապ խնդիրներու լուծում,

գ) կենսական զիջումները բացառելուն ուղղուած արտաքին զօրակցութեան ապահովում:

Այս առաջնահերթ խնդիրներուն լուծումը հնարաւոր է միայն ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող ազգային համաձայնութեան նոր կառավարութեան ձեւաւորման պարագային։

Մենք վճռական ենք, յստակ կը պատկերացնենք մեր ընելիքները եւ կոչ կ՝ընենք միասնական պայքարի։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
8 Հոկտեմբեր, 2022 թ.

yerakouyn.com/2022/10/08/արցախը-իր-ինքնիշխանութիւնը-հռչակած-է/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail