Երկրավաճառները, Երկրաքանդները Ժողովուրդը Զրկեցին Իր Ազգային Դիմագիծէն, Պարտաւոր Ենք Զայն Դարձի Բերելու Դէպի Իր Ճշմարիտ Կերպարը․ Սերժ Սրապիոնեան
11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՐՑԱԽ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պետութիւնը յայտնուած է ջրբաժանին: Ի՞նչ ընել հարցը այսօր բոլորիս շուրթերուն է: Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոնի դասախօս, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան կը կարծէ՝ ժողովուրդը չի կրնար գիտակցիլ, թէ ուր կը խաբեն զինք: Այս մասին կը գրէ «Փաստ» օրաթերթի լրագրող Լուսինէ Առաքելեան։
«Վերջերս կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ 18 խոշորացուած համայնքներէն քանի մը հատին մէջ ՔՊ-ն յաղթանակ գրանցեց: Ինչպէս կ՝ուզէք բացատրեցէք այդ յաղթանակը՝ խախտումներ, իշխանական լծակներու օգտագործում, պարտադրանքներ: Ասոնք եղած են, բայց եղած է նաեւ կորիզ, որուն վրայ յենուելով՝ գործածած են իրենք իրենց իշխանական լծակները:
Խնդիրը այն է, թէ անոնք որքա՞ն աղաւաղած են այս ժողովուրդին հոգեկերտուածքը, հոգեբանութիւնը, մտածողութիւնը: Ատիկա միայն վերջին չորս տարուան արդիւնքը չէ, տասնամեակներ շարունակ իրենք իրենց գործակալներով ժողովուրդի արեան բաղադրութեան մէջ ներարկած են այն մտքերը, որոնց հետեւանքները կը տեսնենք այսօր:
Անոնցմէ շատերու գործակալ եւ հաւաքագրուած ըլլալուն մասին տարբեր ժամանակներու մէջ եղած են հրապարակումներ, այլեւս որեւէ բան գաղտնիք չէ: Մեր ժողովուրդը յայտնուած է յատուկ գործակալներու ծառայութիւններու մեծ ցանցի մը մէջ: Սովորաբար գործակալները իշխանական լծակներու չեն տիրապետեր, անոնք ընդամէնը կատարողներ են, իսկ մեր մօտ երեւոյթը լրիւ հակառակն է:
Այդ գործակալները այսօր իշխանական կենսականօրէն վճռորոշ լծակներու կը տիրապետեն եւ կ՝ընեն այն, ինչ իրենց տէրերը կը թելադրեն: Ասիկա՝ ժողովուրդի հոգեբանութեան խեղման իմաստով»,- «Փաստ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին կ՝ըսէ Պարոն Սրապիոնեան:
Ան կը յիշէ՝ խորհրդային տարիներուն տարածուած առականման պատմութիւն մը: «Կ՝ըսէին՝ մարդը կու գայ, հետս կը խօսի, ամէն ինչ կը բացատրէ, բայց չեմ կրնար հասկնալ, թէ ուր կը խաբէ զիս: Այսինքն, մարդը գիտէ, որ կը խաբուի, բայց չի հասկնար, թէ ուր: Հիմա մեր ժողովուրդը այդ խաբուող մարդու կարգավիճակին մէջ է:
Մարդը իր խառնուածքով հակուած է դէպի լաւատեսութիւն, եթէ անգամ անոր հիմքը չունի: Ան կ՝երազէ լաւ բաներու մասին: Այսօր աշխարհի վրայ երկրորդ ժողովուրդը չէք գտներ, որ հայ ժողովուրդի նման խաղաղութիւն կը տենչայ: Այնքան նուրբ հաշուարկ կատարած են «խաղաղութեան դարաշրջան» ձեւակերպումով: Գիտեն, որ այս ժողովուրդը խաղաղութեան ծարաւ է, այնքան, որ պատրաստ է ինչ-ինչ զոհողութիւններ ընել: Ժողովուրդը չի գիտակցիր, սակայն, թէ կենսական ինչ զոհողութիւն կ՝ընէ:
Չի հասկնար, որ խաղաղութեան նման ձեւակերպումով ինքը կը հիւսէ իր մահուան պատանքը: Պատրաստ է անոր: Բնութագրումներուն նայեցէք՝ «մի դժգոյն ու դժբախտ քաղաք», «մի անմարդաբնակ լեռ», «մի լեռնագագաթ, որի վրայ միշտ ձիւն է», արժի՞ սրա համար արիւն տալ եւ պղտորել խաղաղութիւնը:
Մինչդեռ անոնք այն երակներն են, որոնք կը սնեն գոյութիւնդ, գոյութեան խորհուրդը: Իրենք այդ երակները կը կտրեն»,- կը նշէ ան: Գրականագէտին խօսքով, սկսած են շրջանառել «ամայի ու անմարդաբնակ տարածքներ» հասկացութիւնը, որ կը հակադրուի հայրենիք հասկացութեան հետ: «Հայրենիքը կը վերածեն տարածքի, մինչդեռ հայրենիքը տարածք չէ, անիկա պատմութիւնդ է, դիմագիծդ, ազգային մտածողութիւնդ, կրօնդ, հազար ու մէկ բան է: Իրենք հմտօրէն կը խաբեն, եւ ընդդիմութիւնը այստեղ ունի մեծ բաց մը՝ չի կրնար համոզիչ հակափաստարկներով այս ժողովուրդին արդէն պղտորուած մտածողութիւնը տանիլ պարզեցման, բացատրել այդ վտանգներուն ահագնութիւնը:
Կը պատկերացնէ՞ք՝ կը խոշտանգեն կին զինուորականի մարմինը, կը գնդակահարեն մեր զինծառայողները: Ինչպէս ժամանակին թուրքերը մայր ու մանուկ, ծեր ու երիտասարդ կը մէկտեղէին եկեղեցիներու մէջ եւ կ՝այրէին, այնպէս ալ հիմա մեր երեխաները կը հաւաքեն քարերու շրջանակի մը մէջ, որ իբր թէ դիրք է, այս մարդիկ չորս տարուան մէջ մեր դիրքերը հասցուցին այդ վիճակին, եւ կը գնդակահարեն զանոնք: Հիմա՝ յատուկ յանձնակատար դեսպան կայ, կ՝ըսէ՝ միջազգային կառոյցները պէտք է դատապարտեն Ազրպէյճանը եւ պատժեն:
Անոր հարց կ՝ուղղեմ՝ ասիկա այս վայրենութեան ո՞րերորդ դէպքն է: Դուք կը հրաւիրէք միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը, որոնք բազմիցս ապացուցած են, որ իրենց խնդիրը իրենց շահերը ապահովելն է: Ոեւէ մէկը հակուած չէ մեղաւոր ու անմեղ փնտռելու եւ, ըստ այդմ, իր գաղափարաբանութիւնը կառուցելու: Հայաստանը այսօր ոչինչ արժէ, հայ մարդը ոչինչ արժէ»,- կ՝ընդգծէ գրականագէտը:
Պարոն Սրապիոնեան կը նշէ՝ այս իրավիճակին մէջ կը զարմանանք մեր ժողովուրդի անտարբերութեան վրայ: «Գիտէ՞ք՝ թափով հարուածները կը շշմեցնեն մարդը: Այս ժողովուրդը ժեխ չէր, ինչո՞ւ յանկարծ ժեխացաւ, այս ժողովուրդը վախկոտ չէր, ինչո՞ւ յանկարծ վախցաւ, այս ժողովուրդը հերոսներու ժողովուրդ էր, կը թուարկես, հերոսներու վերջն ու տուտը չես գտներ՝ սկսեալ Աւարայրի ճակատամարտէն մինչեւ մեր օրեր, այդ ինչպէ՞ս այդքան վախկոտ դարձաւ: Դարձուցին:
Բոլորս, ներառեալ՝ ընդդիմադիրներս, մեծ պարտք ունինք փոխհատուցելու մեր ժողովուրդին, պարտաւոր ենք անոր դարձի բերելու դէպի իր ճշմարիտ կերպարը, իր ճշմարիտ էութենականութիւնը: Այս տիպի պրծուկները, փողամոլները, երկրավաճառները, երկրաքանդները ժողովուրդը զրկեցին իր իսկական, պատմական ու ազգային դիմագիծէն»,- կ՝եզրափակէ Սերժ Սրապիոնեան:
yerakouyn.com/2022/10/04/երկրավաճառները-երկրաքանդները-ժողով/