Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողան Հոն Է՝ Ուր Իր Կայսերական Քայլերուն Առջեւ Բաց Տեղ Գտնէ Կամ… Բանան – Յակոբ Պալեան
11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամի փառասիրութիւն ունէր եւ ունի Էրտողան: Հիմա արդէն այդ դերը շնորհած է ինքնիրեն եւ Արեւմուտքը պատճառ կը համարէ, ուքրայինական պատերազմին, այդպէս դատած եւ վճռած է, որ արեւմուտքը Ուքրայինային զօրակցելով, Ռուսիոյ դէմ զայն գրգռած է: Ինք դատած է եւ վճռած:
Հարցնող պիտի ըլլա՞յ, թէ ինչո՞ւ ռազմական անօդաչու սարքեր տուած էր Ուքրայինայի:
Եւրոմիութեան անդամակցելու փառասիրութիւններ ունեցած Թուրքիան, այդ անդամակցութեան պատրաստ ըլլալու համար միլիառներու օժանդակութիւն ստացած էր եւ չէր արդարացուցած ակնկալութիւները, անհրաժեշտ բարեփոխումները չէր կատարած, անկարող եղած էր, զանոնք ընելու, այդ բարեփոխումները անյարիր էին իր ըմբռնումներուն: Փոխարէն Եւրոպայի դռներուն ռազմանաւեր ղրկած էր, Լիպիա եւ Կիպրոս, սպառնացած էր Յունաստանի տարածքային ամբողջականութեան:
Թուրքիա ներկայ է բոլոր ճակատներու վրայ, հետապնդելով օսմանական կամ թուրանական պիտակով կայսրութիւն դառնալու նախաձեռնութիւններ:
Հակազդողի չհանդիպելով, ներողամիտներու կամ մեղսակիցներու յանցանքով, Էրտողան կը յառաջանայ քայլ առ քայլ: Կամ , աւելի ճիշդ, քաղաքակիրթ եւ ազատութիւններով ինքզինք սահմանած աշխարհը, մսկոտութեամբ, շահախնդրութիւններով, ներքին մրցակցութիւններով ամլացած, թոյլ կու տայ որ ան շարունակէ իր կայսերական յառաջխաղացքը, միամտութեամբ յուսալով հաւանօրէն, որ ան կարմիր գիծը պիտի չանցնի:
Էրտողան կը փայփայէ Թուրքիան համաշխարհային հզօրութիւն եւ դերակատար դարձնելու երազանքը, այդ նպատակով ալ միշտ հետամուտ է տարածքային ընդարձակման, Կովկաս, Միջին Արեւելք, Միջերկրական: Այս նպատակի իրականացման համար կ’օգտագործէ գաղթականական հոսքերը, Արեւմուտք-Ռուսիա հակամարտութիւնները, փառասիրութիւններ ունի կիպրական եւ յունական ծովային սահմաններու ուղղութեամբ, չի վարանիր սպառնալու Ատլանտեան Ուխտին, անոր անդամ ըլլալով հանդերձ, նաեւ՝ Եւրոպայի, իր միտքերը եւ փառասիրութիւնները չի թաքցներ, հռետորաբանութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով ասպարէզ կը կարդայ, կարծէք համոզուած ըլլալով, որ ձեռնոցը վերցնող պիտի չըլլայ: Դար մը առաջ, թուրք քաղաքական միտքը չէր վարանած ցեղասպանութիւն գործելու: Եւ անպատիժ մնացած էր: Թուրք յարձակապաշտութեան դէմ պատնէշ բարձրացնող չկայ, ձեռնոց վերցնող չկայ:
Դեռ նոր ներքին եւ արտաքին քաղաքական ցուցական հանդէս կազմակերպեց Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելով, որ մշակութային պատերազմի յայտարարութեան կը նմանէր: Այդ ըրաւ որպէս օսմանեան փառքին խորհրդանշական վերադարձի քայլ:
Չվարանեցաւ Ֆրանսայի նախագահը համարել ուղեղով մեռած, քանի որ ան փորձած էր խոչնդոտել իր սանձարկութիւնները: Տարբեր միջոցներով եւ առիթներով, կը միջամտէ Ատլանտեան Ուխտի եւ Եւրոպայի քաղաքական ընտրանքներուն մէջ: Կը միջամտէ նաեւ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ, Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ, հասնելով մինչեւ Չինաստան: Ինքզինքին շնորհած է իրաւարարի եւ հաշտեցման բանագնացի դեր: Կարծէք ինք է աւագ խաղաղութեան աղաւնին բախուող ուժերու միջեւ: Զարմանալին այն է, որ համաշխարհային հզօրութիւնները, երէկի եւ այսօրուան մեծերը չեն հակազդեր, կարծէք լուռ համախոհութեամբ ընդունած են, որ Էրտողան ամենայն ազատութեամբ ուզէ մէկը կամ միւսը, մէկ կամ միւս կողմը, կամ զիրենք, տանիլ իր ընտրած ուղղութեամբ:
Աւելի պարզ խօսելով, Էրտողանի ինքնանշնորհուած միջազգային դերին, ընդդիմացող չկայ, իսկ այդ դերը ոչ հաշտութիւն է, ոչ խաղաղութիւն, այլ Մեծ Թուրանի կայսրութեան ստեղծումը:
Արցախը հեռու էր Եւրոպայէն, հոն ինչ որ կը պատահէր չէր անհանգստացներ քաղաքակիրթ եւ բարօր, դրամատիրական եւ սպառողական ընկերութիւնը, թէեւ գիտցան, որ Թուրքիա միջամտեց հայ-ազերի կռիւներուն մէջ, որ ան չվարանեցաւ ծայրայեղական վարձկաններ փոխադրել ընդդէմ հայերու, իրականացնլով կրօնական-քաղաքակրթական պատերազմի փորձերը:
Բարոյական ըմբռնումներու պաշտպան Եւրոպան եւ Ամերիկան մնացին մսկոտ հանդիսատեսի դերին մէջ, եւ Հայաստան ու հայութիւն մատնուեցան անելանելի կացութեան, նախայարձակ ներխռւժողին եւ անոր թիրախ երկրին թելադրեցին բանակցիլ այնպէս, որ կարծէք ոչինչ պատահած էր: Նոյն Եւրոպան եւ Ամերիկան թերացան, չստանձնեցին իրենց պատասխանատուուութիւնը, ոչ իսկ փորձելով, ինչպէս կ’ըսեն «շրթներու ծառայութիւն մատուցանել» (lip service), թելադրելով, որ խաղաղ պայմաններու մէջ բանակցին: Հետեւանքը եղաւ եւ է այն՝ որ նախայարձակումները կը շարունակուին եւ կը սպառնան ժողովուրդ մը բնաջնջել եւ երկիր մը սրբել քարտէսէն:
Եւրոպան եւ Ամերիկան, որոնք միշտ ալ միամտութեամբ կամ իրենց յատուկ շահախնդրական մօտեցումներով, հաւատացած են, ուզած են հաւատալ, որ Թուրքիան «Արեւմտեան ճակատ»–ին մաս կը կազմէ, այդ հաւատքը սնուցանելու համար զիջումներ ըրած են, ինչպէս Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի դէմ անոր յարձակման եւ անոր հիւսիսային շրջանի բռնագրաւման պարագային, անզօրութիւն ցուցաբերելով ձեռնածալ մնացած են, այսօր ալ նուազագոյն ինքնաքննադատութիւնը չեն ըներ եւ Թուրքիոյ փանթուրքական ծաւալապաշտութիւնը կը շարունակուի:
Եւրոպան եւ Ամերիկան միթէ՞ չլսեցին Յուլիս 22, 2022ին, Պոլսոյ մէջ, Սեւ Ծովով միջանցքի մը ստեղծման ժողովին, Էրտողանի խօսքը, որ իրենք,- Թուրքիան,- ոչ Արեւելք են ոչ Արեւմուտք»: Թուրքիա այդպէս կը գործէ: Այդպէս էր օսմանեան պասքիւլի քաղաքականութիւնը, որ կը շարունակուի Ուքրայինա-Ռուսիա պատերազմին մէջ, դարպասելով եւ բոլոր կողմերէն շահեր ակնկալելով, իր ըրած-չըրած ծառայութիւններու փոխարէն: Ոչ այս եւ ոչ այն կողմին հետ, այլ ինքնիրեն հետ եւ ինքնիրեն համար, եւ բոորն ալ պէտք է վճարեն իրեն. երկիրներ, անհատներ, սակաւապետեր (օլիկարխներ): Վերջիններու զբօսանաւերը թրքական նաւահանգիստներու մէջ, խարսխած են: Ի՞նչ ածական կ’ուզէք գործածեցէ՛ք, բայց կողմերը թոյլ կու տան, որ Թուրքիա կը շարունակէ իր լարախաղացութիւնը, հաւանօրէն հաւատալով, որ այդ խաղին վերջ կրնան տալ երբ որ ուզեն:
Հիմա Թուրքիան ինքնիրեն տուած է աւագ եւ անշրջանցելի միջնորդի դեր՝ ուքրայինական պատերազմին մէջ, ինչպէս այդ ըրաւ ուքրայինական սննդամթերքի արտածման հարցով: Թուրքիա կը փորձէ ցոյց տալ, որ չեզոք է, շահախնդրուած չեզոքութիւն: Միամիտներ միայն կրնան հաւատալ այդ չեզոքութեան, քանի որ Թուրքիա անօդաչու սարքեր տրամադրեց Ուքրայինայի եւ չմիացաւ Ռուսիոյ դէմ արեւմտեաններու սահմանած պատժամիջոցներուն: էրտողան շարունակեց հանդիպումներ ունենալ Ռուսիոյ նախագահին հետ եւ յաճախ հեռաձայնային խօսկացութիւն կ’ունենայ Ուքրայինայի նախագահ Զելենսքիի հետ: Արեւմուտքին հաճելի ըլլալու համար, Սեպտեմբեր 21-ին, ձեւականօրէն դատապարտեց ուքրայինական շրջաններու մէջ կազմակերպուած հանրաքուէները, շարունակելով ջերմ յարաբերութիւններ ունենալ Քրեմլինի հետ: Պատերազմող կողմերը ստիպուած են նկատի ունենալ Թուրքիան, անգիտանալ անոր շահախնդրութիւնները, երբեմն ալ բաւարարել, քանի որ Թուրքիան կը հակակշռէ Սեւ Ծովը Միջերկրականի կապող ճանապարհները, նեղուցները: Իր ունեցած դիրքը կ’օգտագործէ որպէս ճնշման միջոց եւ մէկուն եւ միւսին դէմ:
Միջազգային դերակատարութիւն ունենալու, Մեծերու ակումբին մաս կազմելու փառասիրութիւն բաւարարելու համար, նոյնիսկ Իսրայէլ-Պաղեստին հակա-մարտութեան մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութիւններ ունեցաւ, առանց արդիւնքի հասնելու, լսող չունեցաւ, հաւանօրէն Մեծերէն աւելի շուտ, կողմերը աւելի լաւ հասկցած էին, որ Թուրքիա տարածաշրջանին մէջ գերիշխող ըլլալու նպատակ կը հետապնդէր, աչքը յառած ըլլալով շրջանի նաւթային հարստութիւններուն:
Ռուսիա միամիտ չէ: Գիտէ, որ էրտողան զօրավիգ եղած է եւ է Ուքրայինայի, քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով, հակառակ կեղծ չէզոքութեան շպարին, աւանդական երկդիմի քաղաքականութիւն մը, շահեր կոր-զելու միտքով, որպէսզի իր ներքին մնայուն բնոյթ ունեցող տնտեսական վատթար կացութիւնը բարելաւէ, այսինքն՝ ուրիշներու վճարել տայ իր տնտեսական աղի-տալի կացութիւնը դարմանելու եւ վերկանգնելու գինը: Թուրքիոյ մէջ սղաճը ամէն տարի 80 տոկոսէն աւելի է: Էրտողան տարի մը ետք պիտի դիմագրաւէ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ ստիպուած է նաւարկել Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ, պէտք ունի առաջինի նաւթին եւ կազին, երկրորդի սովորական դարձած նիւթական յատկացումներուն, առանց որոնց իր տնտեսութիւնը անվերականգնելի ձեւով փուլ կու գայ: Մէկ տարուան ընթացքին թրքական դրամանիշի արժէքը երկուքով կիսուած է: Հետեւաբար Էրտողան ստիպուած է քայլ պահել իր արեւմտեան աւանդական դաշնակիցներուն հետ, զորս ոչ մէկ ձեւով խրտչեցնելու խաղը կրնայ ներել ինքնիրեն: Բայց մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակել ո՛չ արեւելք եւ ո՛չարեւմուտք ըլլալու խաղը, որ Թուրքիան կրնայ զրկել ե՛ւ մէկուն ե՛ւ միւսին նեցուկէն, մանաւաւնդ եթէ այդ կողմերը վաղ թէ ուշ համակեեցութեան տարազի մը շուրջ համաձայնութեան պիտի յանգին, ինչ որ անկարելի չէ, եւ Էրտողանի միջազգային բազմաբնոյթ մեծ դերակատար ըլլալու երազանքը փուլ պիտի գայ, որքան ալ Էրտողան շարունակէ մնալ Թուրքիոյ հզօր ղեկավարը:
Արեւմուտքի վերապահութիւները Էրտողանի հանդէպ շեշտուած են այն օրէն ի վեր, երբ Թուրքիա դէմ արտայայտուեցաւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի Ատլանտեան Ուխտի անդամակցութեան, պահանջելով, որ իր կողմէ ահաբեկիչ համարուող Քիւրտ աշխատաւորական կուսակցութեան հիւսիսային երկիրներ ապաստանած անդամներ արտաքսուին: Իր ընդդիմութիւնը վերացնելու համար, Թուրքիա ստացաւ նաեւ Ամերիկայէն մարտական F-16 օդանաւեր գնելու իրաւունք:
Մինչեւ ե՞րբ Էրտողան պիտի կարենայ անարգել նաւարկել Ատլանտեան Ուխտի, Ուքրայինայի, եւ Ռուսիոյ միջեւ: Նաեւ՝ Արաբական աշխարհի մէջ, որուն նաւթահորերուն վրայ աչլ ունեցած է միշտ: Ռուսիոյ հետ մանաւանդ Ուքրայինայի հանդէպ իր վարած դրական քաղաքականութեան եւ Սուրիոյ մէջ իր հետեւողական նուաճողական նախաձեռնութիւններուն պատճառով:
Իսկ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր ուժերը, ըստ հարցախոյզներու, կրնան պարտութեան մատնել Էրտողանը եւ իր կուսակցութիւնը: Դեռ կայ այլ կարելիութիւն մը Թուրքիոյ տնտեսական վերականգնումին համար. օգտուիլ Ատրպէյճանի նաւթի եւ կազի հարստութենէն, քանի որ, ինպէս ըսին, մէկ ազգ են եւ երկու պետութիւն:
Մինչեւ ե՞րբ Էրտողան կրնայ շահագործել թւորքերու ազգայնամոլական զգացումները եւ մոռցնել տնտեսական ձախողութիւնը եւ դրամանիշի անվերականգնելի դարձող անկումը:
2020էն վեր Թուրքիա ռազմապաշտ քաղաքականութիւն կը վարէ, զոր դրսեւորեց Միջերկրականի մէջ,- Կիպրոս, Յունաստան, Լիպիա,- եւ Կովկաս՝ բացորոշ կերպով մասնակցելով Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին, նաեւ Սուրիա, քիւրտերու դէմ կռուելու պատրուակով գրաւուած կը պահէ շրջաններ եւ հեռանալու միտում չունի: Այս յարձակապաշտութեան ետին կայ ուժանիւթային աղբիւրներու տիրանալու ցանկութիւնը:
Այս ծաւալապաշտութիւնը, վաղ թէ ուշ, պիտի ապակայունացնէ Միջին Արեւելքը, եւ Արեւմտեանները պիտի ստիպէ միջամտելու: Ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները:
Մեր ժողովուրդը եւ պետութիւնը պէտք է մտածեն կացութեան անդրադարձներուն եւ գործակցութիւններու մասին, աւելի պարզ՝ դաշնակիցներ ունենալու: Այս կացութիւնը աւանդական հայեւթուրք հակամարտութեամբ չի բացատրուիր եւ սահմանափակուիր:
Հանրապետութիւնը եւ հայ քաղաքական ուժերը պարտաւոր պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարել, միաժամանակ՝ սպառնալիքի ենթակայ երկիրներու եւ ժողովուրդներու մօտ կատարել լուսաբանական լայնածիր աշխատանք, բացատրել, որ ամէնքն ալ կը գտնուին նոյն նաւուն վրայ, որ կ’ընթանայ դէպի քաղաքակրթական,կրօնական , մշակութային մեծ պատերազմ:
Միշտ մտածել եւ գործել այն գիտակցութեամբ, որ համաթուրանականութեան երազն է ստեղծել Եգէականէն մինչեւ Չինաստան ձգուող տարածութեան վրայ Թուրանի մեծ կայսրութիւնը, միացնելով թրքացեղ եւ թրքալեզու ժողովուրդները:
Ըսուած է. «թիւրք իրքինին եաշատըկը երլէր…» «թուրք ցեղին ապրած տեղերը»… գրաւած, ներխուժած, ջարդերով տիրած…
Այդ միացման ճամբուն վրայ խոչընդոտ չէ միայն Հայաստանը, խոչընդոտ են նաեւ Պարսկաստանը, արաբական աշխարհը, ընդհանրապէս արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը եւ աշխարհը: Ճապկումներով եւ ընթացիկ դիւանակալութեամբ կարելի պիտի չըլլայ գալիք մեծ աղէտներէն խուսափիլ :
Ինչպէ՞ս ստեղծել քաղաքակրթութիւններու, ազատութիւններու եւ մշակոյթներու միացեալ ճակատը, վերջնական աղէտէ փրկուելու համար: Վաղը այս միտքը հրամայական պիտի ըլլայ: Այս կացութիւնը չըմբռնել հաւկուրութիւն է, որուն համար համայն մարդկութիւնը օր մը ստիպուած պիտի ըլլայ մեծ գին վճարել, եթէ շարունակէ իր մսկոտի վերաբերումը:
Այս սոսկ հայկական, քրտական, յունական կամ եւորպական հարց չէ, նաեւ՝ հնդկական եւ չինական է, եւ անոնցմէ անդին: Պէտք է ընել այնպէս, որ Ռուսիա, Արեւմուտք, Չոնաստան, Հնդկաստան եւ արաբական աշխարհ, միաժամանակ տեսնեն վտանգը եւ մտածեն զայն կանխելու մասին, որպէսզի տեղի չունենայ Չորրորդ Համաշխարհայինը, որմէ վերջ հարցեր մնացած պիտի չըլլան, եւ մարդկութիւնը պիտի վերադառնայ նորատեսակ նախամարդու վիճակին:
Իրատեսութիւնը պէտք է վերածել քաղաքական վարքագիծի, ե՛ւ Մեծերուն ե՛ւ փոքրերուն համար
Մեծ մտածող մը, ֆրանսացի Պլէզ Փասքալ, կրօնական մարզի համար ըսած էր, որ կը գտնուինք նոյն նաւուն վրայ… Հիմա նոյնը կրնանք ըսել աշխարհի, մարդկութեան եւ բնութեան հրաշք կեանքի ապագային համար:
Այս միտքի մարզանք չէ: Գալիքի, մարդու, կեանքի, բնութեան եւ կապոյտ մոլորակի լինելութեան մասին բաց աչքերով մտածելու եւ խօսելու փորձ է: Բայց ի՞նչ ընել աշխարհի ճակատագիրը որոշողներու կողմէ լսուելու եւ զանոնք մարդկայնութեամբ գործելու մղելու համար, եւ մարդկութիւնը փրկելու մեծ ու պզտիկ եսապաշտներէ, մեծերու եւ նուազ մեծերու եսապաշտութիւններէն:
Ո՞վ եւ որոնք այս պիտի ընեն. մե՛նք, բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք մարդ կը դաւանին, առանց նկատի առնելու հանգամանքներ, տիտղոսներ եւ քսակներ:
Իսկ մեր ժողովուրդը եւ հանրապետութիւնը, դիմագրաւելու համար անթաքոյց վտանգները, մեր մէջ պէտք է փնտռեն եւ գտնեն տոկալու եւ տեւելու ուժն ու կամքը, ապագային նայող իմաստութեամբ, ուժերու մէկտեղումով, ներսի եւ դուրսի, գերանցելով հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւնները: Այս հրաշք միացումը այսօ՛ր պէտք է ըլլայ, վաղը ուշ է արդէն… Այս հասկնալու համար ո՛չ Պղատոն պէտք է ըլլալ ո՛չ ալ Գրիգոր Լուսաւորիչ:
Կը բաւէ լսել բանաստեղծին ՊԱՏԳԱՄը, եթէ չենք խլացած, կապկումներով մենք մեզ չենք խլացուցած, մեզ չեն խլացուցած բան չնշնակող խոստումներով:
yerakouyn.com/2022/09/30/թուրքիոյ-նախագահ-էրտողան-հոն-է՝-ուր-իր/