Մոսկուան Մեղադրելով «Ազրպէյճանի Խաղը Խաղալու» Համար` Մաքրոն. «Ռուսիան Դիտումնաւոր Կերպով Հրահրած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Վերջին Բախումները»

Մշակոյթային Ցեղասպանութիւն –Պետական մշակոյթային ցեղասպանութիւն ատրպէյճանի ֆաշիստ ռեժիմի կողմէ - Génocide culturel - Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Մոսկուան Մեղադրելով «Ազրպէյճանի Խաղը Խաղալու» Համար` Մաքրոն. «Ռուսիան Դիտումնաւոր Կերպով Հրահրած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Վերջին Բախումները»

Հոկտեմբեր 14, 2022 | Գլխաւոր լուրեր, Հայկական

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ռուսիան մեղադրած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին բախումները դիտումնաւոր կերպով հրահրելու համար` Կովկասի շրջանին մէջ եւ ատկէ դուրս կացութիւնը ապակայունացնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 2020 թուականէն ի վեր ամէնէն սարսափելի մարտերը տեղի ունեցած են սեպտեմբերին, եւ անոնց պատճառով աւելի քան 200 մարդ զոհուած է:

Մաքրոն «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Մոսկուան վերջին ամիսներուն լարուածութիւն բորբոքած է յօգուտ Ազրպէյճանի:

«Վերջին տարիներուն ինչ որ կը կատարուի սահմանին վրայ… 5000 ռուս զինուոր ենթադրաբար այնտեղ է, որպէսզի երաշխաւորէ սահմանը, (սակայն) ռուսերը օգտագործած են այս տագնապը, որ քանի մը դարու պատմութիւն ունի, Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ խաղացած է Ազրպէյճանի խաղը եւ վերադարձած իրեն համար մտերիմ եղած Հայաստանը տկարացնելու ժամանակին: Կը տեսնէ՞ք, թէ ի՛նչ կը կատարուի, ատիկա Ռուսիոյ կողմէ ապակայունացման փորձ է, ան կ՛ուզէ Կովկասի մէջ անկարգութիւններ ստեղծել` մեզ բոլորս ապակայունացնելու համար», ըսած է Մաքրոն:

Յիշեցնենք, որ Մաքրոն անցեալ շաբաթ Փրակայի մէջ հանդիպած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Հանդիպումին ընթացքին որոշուած է Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւն ուղարկել դէպի երկու երկիրներու սահման` կացութիւնը գնահատելու համար:

aztagdaily.com/archives/561025

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail