Ուաշինկթըն Կը Պահանջէ Հետաքննել 12-14 Սեպտեմբերին Պատերազմական Գերիներու Նկատմամբ Կատարուած Բռնութիւնները
Հոկտեմբեր 14, 2022 | Հայկական
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է մագլցումի ժամանակ` 12-14 սեպտեմբերին պատերազմական գերիներու նկատմամբ կատարուած բռնութիւններու նոր հաղորդումներուն առնչութեամբ: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերու գրասենեակի թուիթըրեան էջին վրայ:
«Լիակատար եւ անաչառ հետաքննութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկէ մեղաւորները: Պաքուի կողմէ 17 հայ պատերազմական գերիներու 4 հոկտեմբերին վերադարձը զգալի եւ դրական յառաջընթաց քայլ էր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ 11 հոկտեմբերին ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած էր հայ զինուորներու գնդակահարման տեսանիւթը, որ նկարահանուած էր Հայաստանի տարածքին մէջ Ազրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումին ընթացքին:
aztagdaily.com/archives/561023