ՄԱԿ-ը Ռուսիան Դատապարտող Բանաձեւ Որդեգրած Է. Հայաստան Ձեռնպահ Քուէարկած Է
Հոկտեմբեր 14, 2022 | Հայկական
ՄԱԿ-ը 143 թեր եւ 5 դէմ քուէներով որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ հինգ շրջաններու բռնագրաւումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուս դիւանագէտէն բացի փաստաթուղթին դէմ քուէարկած են միայն Պիելոռուսիան, Սուրիան, Նիքարակուան եւ Հիւսիսային Քորէան:
Հայաստանը ձեռնպահ քուէարկած է 34 պետութիւններու հետ, որոնց շարքին են Հնդկաստանը, Չինաստանը, Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններն ու ափրիկեան շարք մը երկիրներ: Ազրպէյճանը, Իրանը, Թուրքմենիստանն ու Վենեզուելան չեն մասնակցած քուէարկութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս աշխարհի պետութիւններուն կոչ ուղղած էր աջակցելու բանաձեւին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը եւ անոր քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտը մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցած էին Ուաշինկթընի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ` կոչ ուղղելով միաձայնութեամբ դատապարտելու Ռուսիան:
«Խօսքը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան խախտումներուն եւ ուժով տարածքներ գրաւելուն միասնաբար ոչ ըսելու մասին է», յայտարարած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
aztagdaily.com/archives/561021