Թուրք Ղեկավարները Հասկցած Են, Որ Փաշինեանը Արդէն Իրենց Գրպանի Մէջ է, ու Այժմ Խնդիրը Սփիւռքն է․ Մուրատ Փափազեան
11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին դարձեալ կ՝անհանգստացնէ հայկական Սփիւռքը. այս անգամ զինք մտահոգած է Ֆրանսայի հայ համայնքին գործունէութիւնը, որ, ըստ իրեն, կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
Մտահոգութիւններուն մասին թուրք պաշտօնեան պատմած է Սթրազպուրկի մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներու հետ հանդիպման ժամանակ, ապա Ֆրանսայի մէջ բնակող իր հայրենակիցներուն կոչ ըրած է պայքարելու այդ երեւոյթին դէմ՝ յիշեցնելով, որ թուրք-ամերիկեան համակարգող կոմիտէն եւս յաջողութեամբ պայքարած է ԱՄՆ-ի հայկական Սփիւռքին դէմ։
168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան կը շեշտէ՝ Սփիւռքը պատմականօրէն դէմ է այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որովհետեւ յստակ է՝ ՀՀ-ն պատրաստ չէ գործընթացին, որ կը ղեկավարէ Թուրքիան:
«Այսօր պարտուող Հայաստանը, դժբախտաբար, ի վիճակի չէ ստորագրելու որեւէ համաձայնագիր Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ, որովհետեւ այս վիճակին մէջ անխուսափելիօրէն մեր դեմ կը շրջուի ցանկացած պայմանագիր, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը գրեն, որովհետեւ իրենք գրիչը ունին իրե՛նց ձեռքին մէջ. ՀՀ-ն, դժբախտաբար, իր ձեռքը չունի գրիչ: Ատոր համար է, որ Սփիւռքը եւ մասնաւորապէս ֆրանսահայութիւնը կը դիմադրենք այս ամէնուն:
Հարցին՝ արդիօ՞ք Չաւուշօղլուին անհանգստացուցած է նաեւ Ձեր հեղինակած՝ «Էրտողանի ռեժիմը. Սպառնալիք Ֆրանսային» աշխատութիւնը, որմով, կարելի է ըսել, դուրս եկած էք Էրտողանի ռեժիմին դէմ, սփիւռքահայ գործիչը կը պատասխանէ. «Այս գիրքը ուղղակի Էրտողանի դէմ է եւ բաւական լուրջ արձագանգ գտած է ֆրանսական լրատուամիջոցներուն եւ քաղաքական միջավայրերուն մօտ, եւ յստակ է, որ այս գիրքը կը խանգարէ Թուրքիան: Տեղեակ ենք արդէն, որ Թուրքիոյ դեսպանը շատ մօտէն կը հետեւի այս գիրքին մասին հրապարակումներուն եւ արձագանգներուն: Վստահ եմ, որ թրքական կառավարութեան զայրացուցած է Ֆրանսայի մէջ նման գիրքի մը հրապարակումն ու յաջողութիւնները. ասիկա յստակ է:
Բայց յստակ է նաեւ, որ Թուրքիան կրցաւ ճնշել ՀՀ կառավարութիւնը, եւ ՀՀ կառավարութիւնն ու մասնաւորապէս Նիկոլ Փաշինեանը շատ տկար դիրքի վրայ են Թուրքիոյ դէմ եւ ի վիճակի չեն պաշտպանելու Հայաստանը. Արցախի մասին արդէն չեմ խօսիր, Հայաստանի մասին կը խօսիմ, որովհետեւ Հայաստանն է այսօր վտանգի տակ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ:
Թուրք ղեկավարները հասկցած են, որ Փաշինեանը արդէն իրենց գրպանին մէջ է, ու այժմ խնդիրը Սփիւռքն է, որ կրնայ իր լծակներով խանգարել ՀՀ-ի դէմ թրքական ծրագրերը, որովհետեւ լուրջ պանթուրքական ծրագրեր կան ՀՀ-ի եւ Հայաստանի ժողովուրդին դէմ: Ու որովհետեւ մենք ազատօրէն, անկախօրէն կը նշենք անոնց մասին Սփիւռքի մէջ, Չաւուշօղլուն կոչ ըրած է Ֆրանսայի մէջ թրքական սփիւռքին հակազդելու, ընդդիմանալու հայկական Սփիւռքին»:
yerakouyn.com/2022/10/11/թուրք-ղեկավարները-հասկցած-են-որ-փաշին/