Ապտոլլահեան. «Հայաստանի Անվտանգութիւնը Կը Նկատենք Իրանի Անվտանգութիւնը»
22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – Գլխաւոր լուրեր, Հայկական – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած է, որ Թեհրան Հայաստանի անվտանգութիւնը կը նկատէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ շրջանի անվտանգութիւնը: «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ապտոլլահեան ըսած է.«Ես ուրախ եմ, որ այս այցելութեան ընթացքին ականատես պիտի ըլլանք Կապանի մէջ Իրանի ընդհանուր հիւպատոսութեան վերաբացման: Այս զարգացումը Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական յարաբերութիւններու խորութեան յաւելեալ մէկ նշան է»:
Իրանցի նախարարին համաձայն, իրենք յստակ յայտարարած են, որ դէմ են կովկասեան շրջանին մէջ սահմաններու աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զինուորական տագնապները շրջանին մէջ մտահոգութիւններ ստեղծած են: Կովկասեան շրջանը զգայուն շրջան կ՛ապրի: Մենք կը կարծենք, որ կովկասեան շրջանին մէջ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան յարգման իբրեւ սկզբունք պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձուի: Մենք ուրախ ենք, որ Թեհրանի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները ճիշդ ուղիի վրայ են եւ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն: Հայաստանի անվտանգութիւնը կը նկատենք Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ շրջանի անվտանգութիւնը: Մենք յստակ յայտարարած ենք մեր մտահոգութիւնը շրջանին մէջ օտար ուժերու ներկայութեան պատճառ հանդիսացող որեւէ գործողութեան վերաբերեալ»:
Երէկ Կապանի մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի ընդհանուր հիւպատոսարանի բացումը, որուն ընթացքին Ապտոլլահեան ըսաւ. «Կապանի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն հիմնելու Իրանի իսլամական հանրապետութեան կառավարութեան որոշումը դրսեւորումն է այն կարեւորութեան, որ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը կու տան Իրանի եւ Հայաստանի հազարամեայ յարաբերութիւններուն»:
«Իրան Հայաստանի եւ շրջանի անվտանգութիւնը կը նկատէ իր անվտանգութիւնը: Մեր քաղաքականութիւնն է` յարգել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային ճանչցուած սահմանները», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ապտոլլահեան ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները առաւել զարգացնելուն ուղղուած քայլերը:
«Սիւնիքի մարզը կը նկատուի Հիւսիս-հարաւ ճամբու կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը, մենք Հայաստանը կը նկատենք Հիւսիս-հարաւ մայրուղիին վրայ գտնուող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը եւ մեր առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրենք, որպէսզի ապրանքափոխադրումները եւ ուղեւորափոխադրումները այս տարանցիկ ուղիով աւելի զարգանան, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Իրանը, կեցցէ՛ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Կապանի մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամին` անդրադառնալով Հայաստանի տարածքին վրայ ազրպէյճանական յարձակումին վերաբերեալ հարցումին, ըսաւ. «Իրան շրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի չճանչնայ. եթէ որեւէ երկիր իր սահմաններէն դուրս գործողութիւններ կատարէ, Իրան համարժէք հակազդեցութիւն պիտի ցուցաբերէ»:
Իսկ թէ ճիշդ ինչպիսի՞ հակազդեցութիւն` հիւպատոսը նշեց, որ այդ հակազդեցութիւնը պիտի ըլլայ տուեալ գործողութեան համարժէք:
«Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները յստակ եւ բազմիցս յայտարարած են, թէ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները պէտք է յարգուին», ըսաւ հիւպատոսը:
Ան յիշեցուց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը եւս շեշտած է` Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան անվտանգութիւնն է, «եւ մենք շատ պարզ ու յստակ կ՛ըսենք, որ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պաշտօնապէս պիտի չճանչնանք: Մենք կ՛ուզենք խաղաղ եւ կայուն Հայաստան: Այստեղ մեր պատգամը խաղաղութեան եւ բարեկամութեան պատգամ է: Բնականաբար, երկու երկիրներու շահերը նկատի պիտի ունենանք: Ես Կապանի բնակչութեան համար անգամ մը եւս կը շեշտեմ` չմտահոգուիք, ես Կապանի մէջ եմ», ըսաւ Մորթեզա Ապետին Վարամին:
aztagdaily.com/archives/561898