Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Մէջ Տեղակայուող Դիտորդական Առաքելութեան Վերաբերեալ Մանրամասնութիւններ Կը Հրապարակէ
22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – Գլխաւոր լուրեր, Հայկական – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մէջ` Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տեղակայուող դիտորդական առաքելութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակած է: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Առաքելութեան լիազօրութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գտնուող սահմանային շրջաններուն մէջ կացութիւնը դիտարկելն է` նպաստելու համար երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման եւ սահմանազատման յանձնախումբերու աշխատանքներուն», յայտարարած է միութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` ընդգծելով, որ դէտերը ուշադրութեան կեդրոն պիտի պահեն զինադադարի նկատմամբ կողմերու յանձնառութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ առաքելութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան 40 դէտեր, որոնք պիտի տեղակայուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանի հայկական կողմը պիտի ըլլան անզէն:
«Ասիկա Եւրոպական Միութեան կարելիութիւն պիտի ընձեռէ առաւել լաւ նպաստելու երկու կողմերու սահմանային յանձնախումբերու աշխատանքին: Եւրոպացի դէտերը իրենց դիտարկումները պիտի ներկայացնեն սահմանին վրայ տեղի ունեցողին վերաբերեալ, ներառեալ մարդու իրաւունքներուն առնչուող հարցերուն վերաբերեալ», յայտարարած է Եւրոպական Միութիւնը` միաժամանակ ընդգծելով, որ առաքելութիւնը հետաքննութիւն պիտի չկատարէ:
«Անիկա դատավճիռ կայացնողի դեր պիտի չստանձնէ, քաղաքական բնոյթի եզրակացութիւններ պիտի չընէ, այլ կացութեան վերաբերեալ իր դիտարկումները պիտի ներկայացնէ եւրոպական կառոյցներուն ու ծառայութիւններուն»:
Միեւնոյն ժամանակ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ նմանատիպ առաքելութիւն պիտի չտեղակայուի:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնները տարբեր լիազօրութիւններ ունին եւ չեն կրկներ իրարու աշխատանքը:
aztagdaily.com/archives/561895