Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունած Է Հայաստանին Աջակցող Եւ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւը
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը ընդունած է Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»-ի էջը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Ի շարս այլ դրոյթներու` Ֆրանսայի Ծերակոյտին բանաձեւը.
– կը պահանջէ հեռացնել Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի գերիշխան տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը,
– կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ապահովելու անոնց վերադարձը հայրենիք,
– կ՛առաջարկէ Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպացի գործընկերներու հետ համագործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած նախայարձակումը պատժելու նպատակով, ներառեալ կիրարկել պատժամիջոցներ, որոնք կը թիրախաւորեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն արգելք կիրարկել Ազրպէյճանէն կազի եւ նաւթի ներկրման հարցին մէջ,
– կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛առաջարկէ կառավարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ,
– կ՛առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման աջակցելու կարելիութիւնը»:
Ըստ աղբիւրին, բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Պրունօ Ռըթայոն, Քրիսթիան Քամպոնը, Էլիան Ասասին, Փաթրիք Քանները, Էրվէ Մարսէյը եւ Ժիլպեր-Լիւկ Տըվինազը:
aztagdaily.com/archives/564406