Պլինքըն Ալիեւը Յորդորած Է Պահպանել Զինադադարը Եւ Դադրեցնել Սադրանքները
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը խաղաղ հոլովոյթին եւ երկու կողմերը յորդորած է ծրագրաւորել հետագայ բանակցութիւնները, ինչպէս համաձայնութիւն գոյացած է Ուաշինկթընի մէջ:
Կողմերը քննարկած են հայ-ազրպէյճանական երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւններու արդիւնքները եւ հետագայ քայլերը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն կը նշեն, որ Պլինքըն Ալիեւը յորդորած է պահպանել զինադադարը եւ դադրեցնել սադրանքները` միեւնոյն ժամանակ ուսումնասիրելով Հայաստանի հետ վստահութեան ամրապնդման միջոցները` խաղաղութեան հիմք ստեղծելու համար:
aztagdaily.com/archives/564547