Պլինքըն Փաշինեանը Յորդորած Է Պահպանելու Խաղաղ Բանակցութիւններու Թափը

Some ancient statues, reliefs, stones, pottery, and relics are found in the heart of historical Armenia (Armenia Minor), not too far from Kharpert (Kharput) and Urfa

Պլինքըն Փաշինեանը Յորդորած Է Պահպանելու Խաղաղ Բանակցութիւններու Թափը

17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յորդորած է 7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք պահպանելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու թափը:

«Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնան այդ ջանքերուն», ընդգծած է Պլինքըն:

Երեւան երեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ Պլինքըն Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը յայտնած է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ:

aztagdaily.com/archives/564549

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail