Արձագանգներ

bab (1)
9 սեպտեմբեր 2015

Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները անտարբեր չգտնուեցան «Ասպարէզ»ի 5 Սեպտեմբեր 2015-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Մելքոնեան բազմազաւակ ընտանիքի դժուարութիւնները պատմող յօդուածին հանդէպ: Արդարեւ, ««Պապ, պա մենք շոր չե՞նք առնում». Մելքոնեանների 13 երեխաներից դպրոցահասակ 6ը դպրոց չեն գնում», յօդուածը շարժած էր իրենց սիրտը, ուստի Վարանդն ու Հուրին որոշեցին օգնել Մելքոնեաններուն (1300 տոլար նուիրեցին՝ իւրաքանչիւր երեխայի հարիւր տոլար յատկացնելով), որպէսզի իրենց զաւակները կարենան դպրոց երթալ: Ի միջի այլոց, այս ընտանիքները ազգականներ չեն: Այս մասին կը գրէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեան։

Վարդան Գազանճեանն ալ անտարբեր չմնաց Սեպտեմբեր 3ին թշնամիի գնդակէն զոհուած հերոս Հայկ Դեւոյեանի եւ անոր որբացած հինգ երեխաներուն վերապահուած անորոշ ճակատագիրին հանդէպ: Վարդանը 250 տոլար փոխանցեց «Ասպարէզ»ին՝ հասցնելու համար Դեւոյեաններուն:

Յառաջիկայ Երկուշաբթի օր ես Հայաստան պիտի երթամ ու պիտի այցելեմ այս երկու ընտանիքներուն, իրենց փոխանցելու համար «Ասպարէզ»ին վստահուած գումարները: Եթէ կը փափաքիք դո՛ւք ալ միանալ այս նուիրատուութիւններուն, ես պատրաստ եմ զանոնք հասցնելու քաղցր պարտաւորութիւնը վերցնելու։

Առ ի տեղեկութիւն, կը մէջբերեմ «Նիուզ»ի մէջ լոյս տեսած լրատուութիւն մը, ուր կը ներկայացուին Հայկի ընտանիքին ծանր պայմանները.
bab-haykdevoyan

«Սեպտեմբերի 3ին հակառակորդի գնդակից զոհուած 40ամեայ պայմանագրային զինծառայող Հայկ Դեւոյեանի ընտանիքը օգնութեան կարիք ունի: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցում ասաց Իջեւանի զօրամասի հոգեւոր սպասաւոր Սմբատ սարկաւագ Խանուէլեանը՝ աւելացնելով, որ Հայկ Դեւոյեանի կինն ու չորս երեխաները սոցիալապէս անապահով են եւ ապրում են խարխուլ տանը: «Մեր ուժերին ներածին չափով պէտք է օգնենք. Աստծոյ առաջ մարդն իր պարտքը տուեց եւ իր հայրենիքի համար ամենաթանկ բանը՝ իր կեանքը, չխնայեց, գոնէ մի փոքր պէտք է օգտակար լինենք իր ընտանիքին: Վատ պայմաններում է ընտանիքը ապրում, տունը խարխուլ է, պէտք է վերանորոգուի», ասաց Սմբատ սարկաւագ Խանուէլեանը:

NEWS.am-ի հետ զրոյցում, Նորաշէնի գիւղապետ Արթուր Կարապետեանը նշեց, որ ընտանիքն իսկապէս սոցիալապէս անապահով է. «5 երեխայ ունի՝ 3ն անչափահաս են, 1ը 18 տարեկան է, իսկ մեծ աղջիկն ամուսնացած է: Նպաստով էին գոյատեւում», ասաց գիւղապետը՝ նշելով, որ ռուսաստանաբնակ նորաշէնցիներից մի քանիսը որոշակի գումար են ուղարկել, որն այսօր կը փոխանցուի զոհուածի կնոջը՝ Ջաւահիր Դեւոյեանին:

Դեւոյեանների ընտանիքին աջակցել ցանկացողները կարող են զանգահարել Հայկի կնոջը՝ Ջաւահիրին, 098-16-70-57 հեռախօսահամարով, կամ դիմել Սմբատ սարկաւագին՝ 077-81-87-44 հեռախօսահամարով»… կամ՝ «Ասպարէզ»ի խմբագիրին:

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail