Պաքուի Պնդումով` Ֆրանսայի Ծերակոյտի Բանաձեւը «Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Չի Ծառայեր»
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի երեքշաբթի օր որդեգրած բանաձեւը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Փարիզի կողմնակալ քաղաքական դիրքորոշումը` իբրեւ երկիր, որ մտադրութիւն կը յայտնէ նպաստելու հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Խրախուսելով Հայաստանի վրէժխնդրական ուժերը` Ծերակոյտի բանաձեւը չի ծառայեր շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման, եւ հեռու է բանաձեւի վերնագիրին մէջ նշուած «կայուն խաղաղութեան խթանում»-էն», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Պաքուի, փաստաթուղթին մէջ կատարուած պնդումները «կեղծ են, զրպարտիչ եւ բացայայտ սադրանք` խաթարելու բանակցութիւնները»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ ընդգծած է, թէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած անբաժանելի տարածքն է, իսկ այնտեղ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը` «Ազրպէյճանի ներքին գործը». «Այսպէս կոչուած «Լեռնային Ղարաբաղ»-ի մասին բանաձեւին մէջ տեղ գտած միտքերը զաւեշտալի են: Այդ շրջանին մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը Ազրպէյճանի ներքին հարցն են եւ պիտի ապահովուին Ազրպէյճանի սահմանադրութեան կէտերուն համապատասխան», նշած է նախարարութիւնը:
Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Ֆրանսայի Ծերակոյտին
Հակադարձող Յայտարարութիւն Պիտի Որդեգրէ
Ազրպէյճանի խորհրդարանը Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ երեքշաբթի որդեգրուած բանաձեւին հակադարձող յայտարարութիւն պիտի որդեգրէ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ նման յայտարարութիւն որդեգրելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովային:
«Երէկ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած բանաձեւի ամէն մէկ տողը ներծծուած է մեր ժողովուրդին հանդէպ ատելութեամբ: Մենք Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղենք հրաժարելու Հայաստանը իբրեւ զոհ, իսկ Ազրպէյճանը նախայարձակ ներկայացնելու փորձերէն», յայտարարած է ազրպէյճանական խորհրդարանի նախագահը:
Կաֆարովայի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է երեսփոխաններէ կազմուած յատուկ յանձնախումբ, որ պիտի կազմէ խորհրդարանի յայտարարութեան բնագիրը:
«Ռատար» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանին առաջարկուած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կողմէ ալճերիացիներու ցեղասպանութեան վերաբերեալ լսումներ կատարել:
Նախաձեռնողները երեսփոխաններ Ռամին Մամետովն ու Ֆազայիլ Ակամլին են: Պատճառը Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ մէկ օր առաջ որդեգրուած բանաձեւն էր:
Նախապէս Ալճերիոյ ցեղասպանութեան նիւթը Արաբական լիկայի 31-րդ վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ արծարծած էր Իլհամ Ալիեւ:
aztagdaily.com/archives/564548