Համշէնահայեր – Ձուլումը, Վերաձուլումը եւ Համշէնցիները
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
համշէնահայեր – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Վերջին տասնամյակներուն Թուրքիոյ մէջ արագացած նոյնացման (assimilation) գործընթացի ծիրէն ներս ձուլման դէմ որոշակի պայքար սկսած են նաեւ Համշէնի հայերը, յատկապէս՝ անոնց ձախակողմեան հայացքներ ունեցող, առաջադէմ ներկայացուցիչներն ու մտաւորականները։ Ինչպէս յայտնի է, հայոց լեզուի Համշէն բարբառը Թուրքիոյ մէջ, UNESCO-ի տուեալներուն համաձայն, կը գտնուի անհետացման վտանգի տակ եղող լեզուներու շարքին։ Համշէնական լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման նպատակով դեռ 2011 թ․ Պոլսոյ մէջ հիմնուեցաւ ՀԱՏԻԿ միութիւնը, իսկ 2014 թ․, դարձեալ Թուրքիոյ մէջ, սկսաւ հրատարակուիլ համշէնական «Գոր» հանդէսը։ Այս աշխատանքներուն մէջ անգնահատելի մեծ ներդրում ունի Թուրքիոյ համշէնահայ մտաւորականներէն Մահիր Օզքանը, որուն՝ մայրենի լեզուն ու մշակոյթը պահպանելուն միտուած ջանքերը տեսանելի են նաեւ Մայր Հայաստանէն։ Անոր բազմաթիւ յօդուածներ յաճախ թարգմանուած են ու հրապարակուած Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ։ Ստորեւ Akunq.net/am-ը թրքերէնէ թարգմանաբար եւ առանց կրճատումներու կը ներկայացնէ Մահիր Օզքանի հերթական ուշագրաւ յօդուածը, որուն շնորհիւ ակնյայտ կը դառնայ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող համշէնահայ մտաւորականութեան որոշ ներկայացուցիչներ կը շարունակեն ինքնութեան պահպանման ուղղուած պայքարը, նաեւ՝ նորանոր ուղիներ եւ միջոցներ կ՝որոնեն՝ ձուլման թրքական քաղաքականութեան ընդդիմանալու համար։
Մահիր Օզքան
Սինան Օզպեքը նոյնացման թեմային նուիրուած իր յօդուածին մէջ կը նշէ, թէ որեւէ ժողովուրդի ձուլուած ըլլալը կարելի է ընդունիլ միայն այն ժամանակ, երբ տուեալ ժողովուրդը կորսնցուցած է ինքզինք իբրեւ ինքնուրոյն ժողովուրդ սահմանող հետեւեալ 3 առանձնայատկութիւնները՝ լեզուն, աւանդոյթները եւ իրեն յատուկ իրաւական համակարգը։ Այսօր համշէնցիներուն մէկ մասը մեծ մասամբ ուծացուած է։ Այդ հանգամանքը լեզուն (նկատի ունի հայոց լեզուի Համշէնի բարբառը-Ակունքի խմբ․) իմացողներու պարագային տարբեր մակարդակներով եւ ձեւերով ի յայտ կու գայ, չիմացողներու պարագային ալ՝ այլ։ Թէեւ լեզուի պահպանումը հանդէս կու գայ իբրեւ ապացոյց՝ առ այն, թէ նոյնացումը դեռ վերջնականապէս չէ իրագործուած, այնուամենայնիւ, ակնյայտ է, որ նոր սերունդին մէջ ականատես ենք լեզուի արագ կորուստին։ Միւս կողմէ հարկ է ընդգծել, որ լեզուն կորսնցուցած համշէնցիներու խումբերուն մէջ սկսած է կազմաւորուիլ աւանդոյթներու եւ ինքնութեան հետ կապուած եւ կորուսեալ լեզուէն մնացած պատառիկները հաւաքել, մինչեւ իսկ՝ աւելին սորվիլ ձգտող սերունդ մը։
Ինչո՞ւ կ՝արագանայ նոյնացումը
Նոյն յօդուածին մէջ Սինան Օզպեքը կը ներկայացնէ Օտտօ Պաուըրի կողմէ սահմանուած «Նոյնացման օրէնքները»։ Եթէ համշէնցիներուն դրութիւնը գնահատենք ըստ այդ օրէնքներուն, կը կարենանք բացայայտել համշէնցիներուն սպառնացող ուծացման վտանգին չափերը, եւ թէ ինչ կարելի է ձեռնարկել ատոր դէմ։
1․«Որքան սակաւաթիւ է փոքրամասնութիւնը, այնքան դիւրին է նոյնացումը»։
Երբ նկատի ունենանք, թէ որքան փոքր թիւ կը կազմեն համշէնցիները (Թուրքիոյ-Ակունքի խմբ․) ընդհանուր բնակչութեան համեմատ՝ պարզ պիտի դառնայ, թէ որքան մեծ է նոյնացման վտանգը։
2․«Նոյնացումը աւելի կը դիւրանայ, երբ փոքրամասնութիւնը կը մասնատուի եւ կը հաստատուի մեծամասնութեան բնակութեան վայրերուն մէջ։ Նոյնացումը կը բարդանայ, երբ փոքրամասնութեան անդամները կը կապուին իրարու հետ եւ կը հեռանան մեծամասնութեան բնակավայրերէն։ Նոյնացումը անհնար կը դառնայ, երբ փոքրամասնութեան բնակատեղին մեծամասնութեան բնակավայրէն ամբողջովին առանձին կ՝ըլլայ եւ լեզուի կղզեակ կը կազմաւորէ»։
Թէեւ նախքան 1980-ականներն ալ որոշակի բնակավայրեր համշէնցիներու տեղափոխում եղած է, այնուամենայնիւ, համշէնցիներուն մեծ մասը միասնաբար ապրած է իր գիւղերուն մէջ։ Այդ փաստը նոյնացումը դժուարացնող հանգամանք էր։ Սակայն 1980-ականներէն ետք նկատուող արագ ուրպանիզացիան տեղի տուաւ նաեւ, որ համշէնցի բնակչութեան մեծ մասը նոյնպէս ցրուի խոշոր քաղաքներու մէջ, իսկ մեծ քաղաքներ չտեղափոխուած համշէնցիները սկսան հաստատուիլ իրենց բնակավայրերու քաղաքային կեդրոններուն մէջ։ Այս վայրերուն մէջ համշէնցիները սկսան ապրիլ լազերու հետ, եւ այս երկու ժողովուրդները մշակութային փոխազդեցութեան մէջ ինկան։ Լազերն ու համշէնցիները կը թուրքացնեն զիրար, քանի որ տուեալ բնակավայրի համատեղ լեզուն եւ մշակոյթը թրքականն է։ Լա՛ւ, իսկ արդեօք հնարաւո՞ր է, որ համշէներէնը (հայոց լեզուի Համշէնի բարբառը-Ակունքի խմբ․) «լեզուի կղզեակ» կազմաւորէ իրեն համար։ Այսօր ատիկա շատ դժուար կը թուի։ Սակայն, այնպիսի քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Խոփան ու Քեմալփաշան, կրնայ հնարաւոր ըլլալ լազերէնի հետ մէկտեղ բազմալեզու տարածք մը կազմաւորելը։ Բացի այդ, թերեւս այլընտրանքային վայր կրնայ դառնալ հասարակական լրատուադաշտը, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ փոխարինել լեզուի՝ գիւղերու մէջ կորսնցուցած տարածքին։ Իսկ այդ տարածքներուն մէջ նոյնացումը ինքնաբերաբար կանգնեցնելը անհնար կը թուի։
3․ «Փոքրամասնութեան եւ մեծամասնութեան՝ ցեղային, մշակութային, կրօնական եւ լեզուական առումներով նմանութիւնը կը դիւրացնէ նոյնացումը»։
Այն, որ համշէնցիները մեծամասնութեան (նկատի ունի՝ թուրք-Ակունքի խմբ․) կրօնն ու հաւատքը կը դաւանին, ձուլումը դիւրացնող ամենաէական տարրերէն մէկն է։ Անոնց քրիստոնեայ անցեալը յիշեցնող որոշ յուշեր, լեզուական եւ մշակութային վերապրուկներ չեն փոխեր իրերուն դրութիւնը։ Ներկայ դրութեամբ սիւննի իսլամ կրօնը դաւանիլը մեծամասնութեան մէջ ընդունուելու եւ ինքզինք մեծամասնութեան մէկ մասնիկը համարելու ամենակարեւոր սահմանումներէն է։ Համշէնցիները եւ միւս սիւննի փոքրամասնութիւնները յատկապէս կը թուրքացուին կրօնի միջոցով։
4․«Այն պարագային, երբ տնտեսական, հասարակական, քաղաքական եւ կրօնական պայքարները կը դիւրացնեն նոյնացումը, ազգային պայքարը կը բարդացնէ զայն»։
Ազգային պահանջներու համար մղուող պայքարի շրջանակէն դուրս գտնուող պայքարներու պարագային մեծամասնութիւն կազմող ժողովուրդին հետ անխուսափելի կերպով զարգացող յարաբերութիւնները բնականաբար պատճառ կը դառնան, որ մարդոց համար առաջնահերթ դառնան նոյն այդ պայքարներուն պահանջները։ Իսկ ատիկա առիթ կու տայ, որ փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդներու ներկայացուցիչները ժամանակի ընթացքին անհետանան եւ նոյնացուին մեծամասնութեան մէջ։ Սակայն կը նկատենք, որ համշէնցիներու ինքնութեան պահպանման համար պայքարող մարդոց էական հատուածը ձախակողմեան քաղաքական աւանդոյթներ կրող անձեր են։ Որքան ալ ատիկա հակասական թուի, իրականութեան մէջ այդ հանգամանքը տրամաբանական մեկնաբանութիւն ունի։ Սխալ չ՝ըլլար, եթէ շեշտենք, թէ այն փաստը, որ քրտական շարժումը ազգային հարցը բերած է երկրի եւ ձախակողմեան հոսանքներու օրակարգ, ապահոված է, որ այլ ժողովուրդներէ սերող ձախերն ու սոցիալիստները եւս մտածեն եւ դիրքորոշում յայտնեն իրենց ժողովուրդներու խնդիրներուն վերաբերեալ։ Հետեւաբար՝ ճիշդ է, որ տնտեսական, հասարակական, քաղաքական եւ կրօնական պայքարի ոլորտները կ՝արագացնեն նոյնացումը։ Սակայն միաժամանակ ատիկա կը բանայ անոր դէմ պայքարի ոլորտներ։ Երբ նոյնացման վտանգի տակ գտնուող ժողովուրդները այդ պայքարը կը մղեն իրենց լեզուներու եւ մշակոյթի ուղղութեամբ, ատիկա կրնայ լիովին հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ։ Իբրեւ օրինակ կարելի է բերել հետեւեալ փաստը․ Սեւծովեան շրջանին ու Տէրսիմի մէջ բնապահպանութեան համար մղուող պայքարը միեւնոյն ժամանակ լեզուներու եւ մշակոյթներու կենսատարածքի պահպանման պայքարն է։ Ժողովուրդներու լեզուէն եւ մշակոյթէն կտրուած, ամբողջովին մեծամասնութեան լեզուի եւ մշակոյթի հիման վրայ տարուող հասարակական պայքարները կ՝արագացնեն ձուլումը։ Սակայն եթէ հասարակական պայքարները մղուին այն ձեւով, որ փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդները կարենան անոնց մասնակցիլ իրենց ինքնութեամբ, կարենան ինքնաարտայայտուիլ՝ նման պայքարները չեն ծառայեր նոյնացման։
5․«Ազգ մը որքան որ ուժեղ ըլլայ իր ազդեցութեամբ, հարստութեամբ, ուժով ու մշակոյթով, այնքան իր կողմ կը քաշէ իր իսկ տարածքներուն մէջ բնակող փոքրամասնութիւնները։ Բացի այդ, նման ազգը զօրեղ կ՝ըլլայ արտասահմանեան երկիրներու մէջ իբրեւ փոքրամասնութիւն ապրող իր ժողովուրդի ներկայացուցիչներու ձուլման դիմադրելու հարցով»։
Այդ տեսանկիւնէն համշէնցիներուն առաջ կանգնած ամենամեծ խոչընդոտը այն փաստն է, որ իրենք կրօնական հակասութեան մէջ ինկած են լեզուական ու մշակութային զարգացման համար աղբիւր հանդիսանալու հնարաւորութիւն ընձեռող իրենց պատմական արմատներուն հետ (նկատի ունի հայկականութիւնը-Ակունքի խմբ․) եւ կը դաւանեն այն մեծամասնութեան կրօնը, որուն հետ սկսած են ձուլուիլ։ Արմատներու հետ ստեղծուելիք լեզուական եւ մշակութային կապը մեծ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ նոյնացումը կանգնեցնելու առումով։
Յօդուածին մէջ նոյնացման օրէնքներու քանի մը այլ յօդուած ալ կը յիշատակուի, սակայն անոնց այստեղ չեմ անդրադառնար, քանի որ իմ յօդուածին ընդունուած չափը կ՝անցնի։ Կը կարծեմ, որ հետաքրքրուողները կ՝ուսումնասիրեն զանոնք եւս։
Հնարաւո՞ր է արդեօք վերաձուլումը
Ձուլման գործընթացին մէջ գտնուող որեւէ ժողովուրդի մէջ ի յայտ եկած դասակարգային տարբերութիւններուն ենթարկուելով՝ երիտասարդ պուրժուազիայի դասակարգի ստեղծման պարագային տուեալ ժողովուրդի նոյնացուած հատուածները վերստին կը վերադառնան իրենց նախկին ազգային պատկանելիութեան եւ տէր կը կանգնին իրենց արմատներուն։
Պաուըր այդ գործընթացը կը բացատրէ «վերաձուլում» հասկացութեան միջոցով։ Սինան Օզպեքը իր յօդուածին մէջ, Ռոհաթ Ալաքոմէն ստացուած տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով, իբրեւ օրինակ կը մատնանշէ Շուէտի մէջ բնակող միջինանատոլիական քիւրտերը։ Վերջիններս այն պարագային, երբ Շուէտ նոր տեղափոխուած ժամանակ մոռցած եղած են իրենց լեզուն եւ մասնաւորապէս ձուլուած եղած (թուրքերուն-Ակունքի խմբ․), ապա յետագայ տարիներուն ձեռնարկած են իրենց մայրենին սորվելու գործը եւ իրենց երեխաներուն քրտական անուններ տուած։ Որոշ առումով, Եւրոպայի մէջ քիւրտերը վերստին քիւրտ դարձած են։
Պաուըրի կարծիքով՝ վերաձուլման գործընթացը կ՝ենթադրէ ազգային գրականութիւնը, ազգային մամուլը եւ ազգային քաղաքական շարժումները կազմաւորող ազգային ընդունակութիւն։
Ինչպէս որ ցոյց կու տայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացը, թէեւ քաղաքական ու տնտեսական պայմանները կ՝արագացնեն նոյնացումը, բայց եւ այնպէս, անոնք ի յայտ կը բերեն նաեւ անոր դէմ ընթացող շարժում, եւ տեղ-տեղ հնարաւոր կ՝ըլլայ այդ գործընթացը հակառակ ուղղութեամբ շրջել։
Լա՛ւ, իսկ հնարաւո՞ր է համշէնցիներու նոյնացումը կանգնեցնել եւ վերաձուլել անոնց նոյնացուած հատուածները։
Այս հարցին բարդ է պատասխանելը։ Ինչպէս կ՝երեւի, որ անոր պատասխանը կախուած է անկէ, թէ մեծ մասամբ իրենց ուժը բնապահպանական, հասարակական, դասակարգային պայքարներու վրայ ծախսող համշէնցիները այդ պայքարին մէջ իրենց իբրեւ մեծամասնութեան անհա՞տ կը համարեն, թէ՝ համշէնցի։
«Ակունք»
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
yerakouyn.com/2022/11/17/ձուլումը-վերաձուլումը-եւ-համշէնցինե/