Կոչ Կ՚ուղղեմ ՀՀ Իշխանութիւններուն Դադրեցնելու Սփիւռքի Մէջ Իրենց Պառակտումի Քաղաքականութիւնը․ Մուրատ Փափազեան

Կոչ Կ՚ուղղեմ ՀՀ Իշխանութիւններուն Դադրեցնելու Սփիւռքի Մէջ Իրենց Պառակտումի Քաղաքականութիւնը․ Մուրատ Փափազեան

17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

15 Նոյեմբերին Ֆրանսայի Ծերակոյտը ձայների՝ 295 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւը։

Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը կը պահանջէ հեռացնել Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Հայաստանի սուվերեն տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, կոչ կ’ուղղէ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ապահովել անոնց վերադարձը հայրենիք, առաջարկած է Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներուն հետ գործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ազրպէյճանի կողմէն իրականացուած յարձակումը պատժելու նպատակով՝ կիրառել պատժամիջոցներ, որոնք կը թիրախաւորեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն շրջափակում կիրառել Ազրպէյճանէ կազի եւ քարիւղի ներկրման հարցում, վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ առաջարկած է կառավարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ, առաջարկած է կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդմանն աջակցելու կարելիութիւնը:

Բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Պրունօ Ռըտայըն, Քրիստիան Քամպոն, Էլիան Ասասին, Փատրիք Քաններ, Էրվէ Մարսէյ եւ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան 168.am-ի հետ զրոյցին մէջ անդրադառնալով այս պատմական բանաձեւի ընդունման՝ յայտնեց, որ ծերակուտականները ընդունեցին յարձակումի ենթարկուած Հայաստանին եւ յարձակող Ազրպէյճանին սատարող բանաձեւ՝ կրկին պահանջելով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:

«Պայքարը կը շարունակուի. նմանատիպ բանաձեւ պատգամաւորներեւ քուէարկութեան պիտի ներկայացուի 28 Նոյեմբերին,_ մանրամասնեց Մուրատ Փափազեան՝ նկատելով, որ այն ողջ հայոց աշխարհի յաղթանակն է,- յաղթանակ է, որ CCAF-ի կազմին մէջ խմբաւորուած Ֆրանսայի հայկական սփիւռքի միութեան արգասիքն է։ Միասնութիւնը կ’երաշխաւորէ մեր յաղթանակները, եւ ես կոչ կ’ուղղեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն դադրեցնել սփիւռքի մէջ իրենց պառակտման քաղաքականութիւնը։ Կը դիմեմ պատասխանատւութեան»:

yerakouyn.com/2022/11/18/կոչ-կ՚ուղղեմ-հհ-իշխանութիւններուն-դա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail