03 փետրուար 2016
Հայոց ցեղասպանութեան փաստի վերաբերեալ հանրութեան տրամադրութիւններն ու դիրքորոշումները, նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքները մեղմելու եւ վերացնելու մասին հանրային կարծիքը պարզելու նպատակով Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի աշխատանքային խումբը ընկերաբանական հետազօտութիւն մը իրականացուցած է, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:
Հետազօտութիւնը կատարուած է 2015 թուականի Մարտ 15-էն Ապրիլ 15 ժամանակահատուածին, 560 երեւանցիներու մէջ: Ցաւը վերապրելու, ապագայի նկատմամբ հաւատքի լաւատեսական տրամադրութիւն ունի հարցուածներուն 91.2 տոկոսը: Միաժամանակ` բողոքի, վրէժխնդրութեան, հատուցման պայքարի տրամադրութիւն` 100-էն` 88.2 տոկոսը: Ափսոսանք, ցաւ, անկումային տրամարդութիւն` 76.2 տոկոսը: Հարցուածներուն 62.7 տոկոսը կը կարծէ, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման համար պէտք է պատմական Հայաստանի տարածքներուն ամբողջական կամ մասնակի վերադարձ, ապա` Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչում եւ դատապարտում Թուրքիոյ կողմէ, զոհերուն, անոնց հարզատներուն ու ժառանգներուն վերաբնակեցումը պատմական հայրենիքին մէջ, 24.6 տոկոսը կը կարծէ, որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ ԼՂՀ-ն:
Հարցուածները նշած են նաեւ, թէ որոնք են, ըստ իրենց, Հայաստանի եւ անոր խնդիրներուն վերաբերեալ դրական եւ բացասական տրամադրուած երկիրներն ու կազմակերպութիւնները: Բացասական տրամադրուածութիւն ունեցողներուն շարքը կը գլխաւորեն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, ապա` «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը:
«Հարցման մասնակիցներուն առաջարկուած էր 24 կազմակերպութիւններու, պետութիւններու շարք, ուր առաջինն են դրական վերաբերմունքի իմաստվ, ըստ հանրային կարծիքի, Ֆրանսան էր: Այսպիսով, 81.1 տոկոսը կը գտնէ, որ անոր վերաբերմունքը մեր խնդիրներուն նկատմամբ ընդգծուած դրական է: Երկրորդ տեղը Ռուսիան է, 3-րդը Յունաստանն է, ապա կու գան ՄԱԿ-ը, Իտալիան»,- ըսած է փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Յովհաննէս Յովհաննիսեանը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com