Արցախի Անվտանգութեան Մասին Նախագիծը Չընդունուեցաւ. Իշխող Ուժը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

National Assembly of the Republic of Armenia

Արցախի Անվտանգութեան Մասին Նախագիծը Չընդունուեցաւ. Իշխող Ուժը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:< Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները >

Երէկ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան մասին ընդդիմութեան նախագիծը տապալեցաւ: Իշխող ուժը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան, միայն ընդդիմադիրները կողմ քուէարկեցին:

Իշխող խմբակցութիւնը թէեւ համաձայնեցաւ արտահերթ նիստին ընդդիմութեան յայտարարութիւնը քննարկել, բայց դէմ էր, որ անիկա ընդունուի: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` «Հայաստան»-ը եւ «Պատիւ ունեմ»-ը կ՛առաջարկէին, որ Հայաստանի խորհրդարանը յայտարարութիւն ընդունի, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Արցախի հարցը պէտք է լուծուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքով առանց սահմանափակումներու:

«Յարմար առիթ է մեր հանրութեան, մեր թշնամիներուն, մեր ռազմավարական գործընկեր բարեկամներուն եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեանը ցոյց տալու, որ մենք ունինք յստակ կարմիր գիծեր մեր անվտանգային համակարգին հետ կապուած», յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան:

Ընդդիմութիւնը կ՛առաջարկէ այսպիսով պատասխանել Ազրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութեան, որ ընդունուած էր անցած ամիս: Ընդդիմութեան գնահատումով` ատով Միլլի մեճլիսը արդարացուցած էր 44-օրեայ պատերազմի յանցագործութիւններն ու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր սպառնալիքներ հնչեցուցած:

«Լռութիւնը լաւագոյն պարագային պիտի նշանակէ վախի նշան, իսկ վատագոյն պարագային` համաձայնութեան նշան», ընդգծեց ընդդիմադիր պատգամաւորը:

Ինչո՞ւ իշխանութիւնը չի ցանկար ընդունիլ այս յայտարարութիւնը, ինչի՞ն դէմ են: Արտաքին հարցերու յանձնախումբի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեանը կէտերով ու մանրամասն չթուարկեց, թէ ի՛նչը իրենց սրտով չէ: Ընդհանուր նշեց, թէ նախագիծին մէջ առաջարկուած ձեւակերպումները նախապատերազմեան արտաքին քաղաքականութեան կրկնութիւնն են: «Մեր գնահատականը այն է, որ 30 տարի շարունակուող արտաքին քաղաքականութեան արդիւնքն ու հետեւանքը այն սթաթիւս քոն է, որ արձանագրուած է այսօր», ըսաւ Աղաջանեան:

Փակագիծերը բացաւ Թեւանեան` նշելով, որ իշխող ուժը դէմ է, որ ներառուի Արցախի կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ձևակերպումը: «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, ըստ Թեւանեանի, ջնջած է հանրապետութիւն բառը:

Իշխող խմբակցութիւնը դէմ է ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի ձեւակերպման: Մինչդեռ այս սկզբունքը նախապէս, պատերազմէն ետք կը պնդէին նաեւ Փաշինեանի խմբակիցները:

aztagdaily.com/archives/566143

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail