3 Փետրուար 571. Պարսից Զրադաշտականութեան Դէմ Քրիստոնեայ Հայաստանի Վերջին Ապստամբութիւնը

vartanants-ZERATACHED
03 փետրուար 2016
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Փետ­րո­ւար 3-ի այս օ­րը, ըստ հա­յոց ազ­գա­յին տօ­նա­ցոյ­ցին, կը յու­շէտա­րե­դար­ձը ­Պար­սից Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թեան դէմ Ք­րիս­տո­նեայ ­Հա­յաս­տա­նի 571 թո­ւա­կա­նի մեծ ապս­տամ­բու­թեան։

Փաս­տօ­րէն այ­սօր կը լրա­նայ 1445-ա­մեա­կը հայ­կա­կան ապս­տամ­բու­թեան մը, որ թէեւ չու­նե­ցաւ տա­րո­ղու­թիւնն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը իր նա­խա­դէ­պին՝ Ա­ւա­րայ­րի ­Ճա­կա­տա­մար­տին ու ­Վար­դա­նանց նա­հա­տա­կու­թեամբ դա­րե­րուն յանձ­նո­ւած «­Մահ ի­մա­ցեալ ան­մա­հու­թիւն է» ազ­գա­կերտ ա­ւան­դին, այ­սու­հան­դերձ՝ ե­ղաւազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դա­ժան դա­սե­րով յատ­կան­շո­ւող ան­մո­ռա­նա­լի եւ ու­սա­նե­լի՛ փոր­ձա­ռու­թիւն մը հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն 571 թո­ւի ապս­տամ­բու­թիւ­նը եւս, կրօ­նա­կան առ­ճա­կատ­ման իր կե­ղե­ւինտակ, ու­նե­ցաւ շեշ­տա­կիօ­րէն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մի­ջուկ։ ­Պար­սից Ար­քա­յից Ար­քան ան­գամ մը եւս փոր­ձեց Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թիւ­նը պար­տադ­րել իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դին, բայց այս ան­գամ ո՛չ ուղ­ղա­կիօ­րէն՝ ար­քու­նի պա­լա­տէն ե­կած ճնշու­մով ու վերջ­նագ­րով, այլ՝ իր կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր կար­գո­ւած մարզ­պա­նին մի­ջո­ցաւ։

Յատ­կան­շա­կան են զոյգ ապս­տամ­բու­թեանց մի­ջեւ զու­գա­հեռ­նե­րը.-

Ա­ռա­ջին.- 571-ի ապս­տամ­բու­թիւնն ալ ղե­կա­վա­րո­ւե­ցաւ ­Մա­մի­կո­նեանց ­Տան կող­մէ եւ օ­րին ­Վար­դան Բ. ­Մա­մի­կո­նեանն էր սպա­րա­պե­տը հայ­կա­կան զօր­քին, որ ա­ռաջ­նոր­դեց ապս­տամ­բու­թիւ­նը։

Երկ­րորդ.- ­Դար­ձեալ ­Սիւ­նեաց ­Տունն էր, որ օ­րո­ւան ­Հա­յաս­տա­նի մարզ­պետ ­Սու­րէն ­Սիւ­նի իշ­խա­նին ան­ձով, կանգ­նած էր ապս­տամ­բու­թեան հա­կա­դիր բե­ւե­ռին վրայ՝ հայ ազ­գա­յին ա­րե­ւե­լու­մին դէմ պարս­կա­մէտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բիրտ պար­տադ­րու­մով։
Եր­րորդ.- Ի տար­բե­րու­թիւն ­Կար­միր ­Վար­դա­նի ղե­կա­վա­րած ապս­տամ­բա­կան շար­ժու­մին, 571 թո­ւի ­Փետ­րո­ւա­րին ծայր ա­ռած ­Վար­դան Բ. ­Մա­մի­կո­նեա­նի ապս­տամ­բու­թիւ­նը պսա­կո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան զօր­քին յաղ­թա­նա­կով, ո­րու կեր­տու­մին մէջ մե­ծակ­շիռ ե­ղաւ ­Բիւ­զան­դիո­նի քա­ղա­քա­կան, նիւ­թա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Չոր­րորդ.- ­Մինչ Ա­ւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տին պար­տու­թիւն կրե­լով հան­դերձ՝ ­Հա­յաս­տան նո­ւա­ճեց ինք­նու­րոյն եւ ա­զատ ապ­րե­լու իր ի­րա­ւուն­քը, մաս­նա­կիօ­րէն զի­ջում կա­տա­րե­լով իր պե­տա­կան ան­կա­խու­թե­նէն ու մարզ­պա­նու­թիւն ըն­դու­նե­լով, ան­դին՝ 571-ի ապս­տամ­բու­թեամբյաղ­թա­նա­կե­լով եւ պար­սից զօր­քը Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս մղե­լով հան­դերձ, հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ բան կորսն­ցուց ա­զատ ու ինք­նու­րոյն ապ­րե­լու իր ի­րա­ւուն­քէն, միա­ժա­մա­նակ վերս­տին են­թա­կայ դառ­նա­լով պար­սից Ար­քա­յից Ար­քա­յի հա­կա­յար­ձակ­ման եւ վրէժխն­դիր տի­րա­պե­տու­թեան։

Բայց կ’ար­ժէ հա­կիրճ ներ­կա­յաց­նել պատ­մու­թիւ­նը 3 ­Փետ­րո­ւար 571 թո­ւա­կա­նի ապս­տամ­բու­թեան՝ ըստ այնմ ըն­կա­լե­լու հա­մար ա­նոր փո­խան­ցած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րոն­շեալ դա­ժան դա­սե­րը։

Հայ­րե­նի ծա­նօթ պատ­մա­բան՝ փրոֆ. ­Բաբ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ­Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս (5570էն 574) ­Յով­հան­նէս Բ. ­Գա­բե­ղեա­նի նո­ւի­րո­ւած յօդուա­ծի մը մէջ, անդ­րա­դառ­նա­լով նաեւ Օր­մա­նեա­նի հա­ւա­քած տե­ղե­կան­քին ու ար­ժե­ւո­րում­նե­րուն, շա­հե­կան լոյս կը սփռէ ­Վար­դան Բ. ­Մա­մի­կո­նեան սպա­րա­պե­տի ղե­կա­վա­րած ապս­տամ­բու­թեան վրայ։

Յով­հան­նէս Բ. ­Գա­բե­ղեա­նի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան 17-ա­մեայ շրջա­նը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին միու­թեան սպառ­նա­ցող դա­ւա­նա­կան կեդ­րո­նա­խոյս շար­ժում­նե­րով, ո­րոնց խոր­քին գո­յու­թիւն ու­նէր նաեւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով հա­յոց նա­խա­րա­րա­կան տու­նե­րու կեդ­րո­նա­խոյս հա­կում­նե­րուն ներ­գոր­ծու­թիւ­նը։

«­Յով­հան­նէս Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Ա­թոռ բարձ­րա­ցաւ 557-ին եւ վախ­ճա­նե­ցաւ 574-ին՝ հո­վո­ւա­պե­տե­լով պար­սից ­Խոս­րով Ա­նու­շիր­վան ար­քա­յի եւ բիւ­զան­դա­կան կայս­րեր ­Յուս­տի­նիա­նոս Ա.ի եւ ­Յուս­տի­նոս Բ.-ի իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին։ ­Յով­հան­նէս Բ.ի հայ­րա­պե­տու­թեան սկիզ­բին իսկ, օ­րո­ւան մարզ­պան ­Վահ­րամ Վշ­նա­սին փո­խա­րի­նեց ­Վա­րազ­դատ ա­նու­նով պար­սիկմը, ո­րուն կա­ռա­վար­ման շրջա­նին ­Հա­յոց ­Մարզ­պա­նու­թիւ­նը մին­չեւ 564 թո­ւա­կա­նը խա­ղա­ղու­թեան ու բար­գա­ւաճ աշ­խա­տան­քի շրջան մը ապ­րե­ցաւ։ ­Սա­կայն վի­ճա­կը ար­մա­տա­պէս փո­խո­ւե­ցաւ, երբ մարզ­պան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Սու­րէ­նը։ ­Վեր­ջի­նիս վա­րած ազ­գա­հա­լած ու հա­կաք­րիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը միայն խռո­վու­թեանց առ­ջեւ դուռ բա­ցաւ։

«Ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ խո­րա­պէս կը հա­րո­ւա­ծէր ­Հա­յաս­տա­նիայ­լա­պէս ար­դէն ջլա­տո­ւած ու­ժե­րը, ­Սիւ­նի­քի վար­չա­կան ան­ջա­տումն էր ­Հա­յոց ­Մարզ­պա­նու­թե­նէն։ Ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար մին­չեւ հի­մա հա­նե­լուկ կը մնայ այն փաս­տը, թէ ին­չո՛ւ ­Սիւ­նի­քի իշ­խան ­Վահ­րա­մը ո­րո­շեց ­Սիւ­նի­քը դուրս բե­րել մարզ­պա­նու­թեան կազ­մէն եւ միաց­նել Ատր­պա­տա­կա­նի մարզ­պա­նու­թեան։ …Խն­դիրն այն է, որ պար­սից ար­քու­նի­քը, հա­մո­զո­ւե­լով ­Սիւ­նեաց զօ­րա­մա­սե­րու մար­տու­նա­կու­թեան մէջ, ո­րո­շեց ­Սիւ­նեաց իշ­խան­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ դնել ­Կով­կա­սեան լեռ­նանցք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։ ­Հասկ­նա­լի է, որ ա­տորար­դիւն­քով ­Սիւ­նեաց իշ­խան­նե­րը կը ստա­նա­յին ոչ միայն դրա­մա­կան մեծ վճար­ներ, այ­լեւ զա­նա­զան կար­գի ար­տօ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ստի­պէին ա­նոնց ամ­բող­ջա­պէս լծո­ւե­լու պար­սից քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կեն­սա­գոր­ծու­մին Այսր­կով­կա­սի մէջ։ Այդ­պէ՛ս, ­Հա­յաս­տա­նի մար­զա­պա­նու­թե­նէն ­Սիւ­նի­քի դուրս գալն ու Ատր­պա­տա­կա­նի մարզ­պա­նու­թեան միա­նա­լը, ինչ­պէս փրոֆ.Բ. ­Յա­րու­թիւ­նեան կ’ա­ւելց­նէ, «խթա­նեց այդ կող­մե­րը նես­տո­րա­կա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թեանմե­ծա­ցու­մը, քա­նի որ Ատր­պա­տա­կա­նի մարզ­պա­նու­թիւ­նը, հաս­կա­նա­լի է, չէր են­թար­կո­ւեր ­Հա­յոց ­Մարզ­պա­նու­թեան եւ ո­րե­ւէ շա­հագրգ­ռու­թիւն չու­նէր պաշտ­պա­նե­լու ­Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյշա­հե­րը։ ­Գոր­ծին մի­ջամ­տեց ­Յով­հան­նէս Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սը՝ դի­մե­լով ­Սիւ­նեաց ­Միհ­րար­տա­շիր իշ­խա­նին եւ երկ­րա­մա­սի ե­պիս­կո­պո­սին՝ հե­ռու մնա­լու նես­տո­րա­կան մո­լո­րու­թե­նէն ուհսկե­լու ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի չիյ­նայ նես­տո­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­դե­ցու­թեան տակ»։

«Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի, այ­սինքն՝ ­Պարս­կա­հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը պղտո­րե­լու եւ Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծե­լու ­Սու­րէ­նի քայ­լե­րը ա­մէ­նէն ա­ռաջ պար­սից ար­քա­նե­րուն եւ Ա­րեաց Ար­քա­յից Ար­քա­յի հրա­հանգ­նե­րուն կեն­սա­գործ­ման կը մի­տէին։ ­Պար­սից ար­քան մէկ կող­մէ կը կա­մե­նար բա­րի եւ ժո­ղո­վուր­դին մա­սին մտա­ծողթա­գա­ւո­րի համ­բաւ ձեռք բե­րել, իսկ միւս կող­մէ՝ մարզ­պա­նին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած հա­կա­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մա­տու­ցա­նել որ­պէս հա­կա­ռակ իր կամ­քին կա­տա­րո­ւող քայ­լեր։ Ե­թէ չըլ­լար պար­սից ար­քա­յին լռե­լեայն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ­Սու­րէն մարզ­պա­նը իր ա­րարք­նե­րուն հա­մար ա­մե­նա­խիստ պա­տիժ­նե­րու կ’են­թար­կո­ւէր եւ մին­չեւ ան­գամ մա­հո­ւան կը դա­տա­պար­տո­ւէր։

«­Հա­կա­ռակ պար­սից ար­քու­նի­քի սպա­սում­նե­րուն՝ ­Սու­րէն մարզ­պա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը հա­կա­ռակ ար­դիւն­քը տո­ւին։ Դժ­գո­հու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կ’ու­ժե­ղա­նար ժո­ղովր­դա­կան լայնզան­գո­ւած­նե­րուն մէջ՝ պատ­րաստ ա­մէն վայր­կեան վե­րա­ծո­ւե­լու հա­մա­ժո­ղովր­դա­կանապստամ­բու­թեան, ո­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, դա­տե­լով ա­մէն ին­չէ, ար­քու­նի­քը անն­շան կը հա­մա­րէր։ ­

Դէպ­քերն ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ա­րա­գաց­նե­լու ե­կաւ ­Վարդ մարզ­պա­նի թոռ ­Մա­նո­ւէլ ­Մա­մի­կո­նեա­նի սպա­նու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Խոս­րով Ա­նու­շիր­վա­նի գա­հա­կա­լու­թեան 41րդ ­տա­րին՝ 571 թո­ւին։ Ի­րենց տոհ­մա­կի­ցին սպա­նու­թիւ­նը յոր­դե­ցուց համ­բե­րու­թեանբա­ժա­կը ­Մա­մի­կո­նեան իշ­խա­նա­զուն­նե­րուն, ո­րոնց մէջ աչ­քի կը զար­նէր սպա­նեա­լին եղ­բայ­րը՝ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նը, որ դի­մեց բա­ցա­յայտ ապս­տամ­բու­թեան։ Ա­նոր զի­նա­վառ գուն­դե­րը ա­նակնկալի բե­րին ­Սու­րէն մարզ­պա­նին։ Ա­ւե­լի՛ն. պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թե­նէն դժգոհտար­րե­րը սկսան հա­ւա­քո­ւիլ ա­նոր շուրջ։ ­Շու­տով ապս­տամբ ու­ժե­րուն թի­ւը ան­ցաւ 20 հա­զարհե­ծեալ ու հե­տե­ւակ մար­տիկ­նե­րը։ Այս ու­ժե­րուն գլուխն ան­ցած՝ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեան յար­ձա­կե­ցաւ մարզ­պա­նի զօր­քե­րուն վրայ. կռո­ւի հե­տե­ւան­քով ­Սու­րէ­նը սպան­նո­ւե­ցաւ, իսկ ա­նորզօր­քին մնա­ցորդ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս քշո­ւե­ցան։

«­Կա­մե­նա­լով ձեռք բե­րել բիւ­զան­դա­կան կայ­սեր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեանսպան­նո­ւած մարզ­պա­նի գլուխն ու­ղար­կեց ­Թէո­դո­սո­պո­լիս՝ ­Բիւ­զան­դա­կան ա­րե­ւե­լեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար ­Յուս­տի­նիա­նո­սին։ ­Բիւ­զան­դա­կան ար­քու­նի­քը, մե­ծա­պէս շա­հագրգ­ռո­ւած ըլ­լա­լով հայ­կա­կան ապս­տամ­բու­թեան յա­ջո­ղու­թեամբ, ի դէմս կայս­րին՝ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց օգ­նե­լու հա­յե­րուն եւ օգ­նա­կան զօր­քեր ու­ղար­կեց Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տան։ ­Հայապս­տամբ­նե­րը յի­շեալ զօր­քե­րուն հետ միա­սին ար­շա­ւե­ցին ­Դո­ւին եւ զայն պա­շա­րե­լով՝ շատչան­ցած գրա­ւե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի միջ­նա­դա­րեան հռչա­կա­ւոր մայ­րա­քա­ղա­քը։ ­Պարս­կա­կանկա­յա­զօ­րը ստի­պուե­ցաւ տե­ղի տալ ու հա­յե­րուն ու ա­նոնց օգ­նու­թեան ե­կած յոյ­նե­րուն ճնշմանտակ նա­հան­ջել ­Պարս­կաս­տան։

«­Պարս­կա­կան 15 հա­զար­նոց զօր­քը ջախ­ջա­խո­ւած էր, սա­կայն ա­տի­կա չէր նշա­նա­կեր, թէ ­Հա­յաս­տա­նը պի­տի չդառ­նար պարս­կա­կան նոր բա­նակ­նե­րու ներ­խուժ­ման աս­պա­րէ­զը։ ­Շու­տովպար­զո­ւե­ցաւ, որ ­Բիւ­զան­դիոն պատ­րաստ չէր մեծ պա­տե­րազմ մղե­լու պար­սիկ­նե­րուն դէմ։ ­Բո­լորն ալ կը հասկ­նա­յին, որ պարս­կա­կան ներ­խուժ­ման ա­ռա­ջին զո­հը պի­տի դառ­նա­յին ապս­տամ­բու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը։ Ուս­տի շատ մը նա­խա­րար­ներ եւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ա­նոնց շար­քիննաեւ ­Յով­հան­նէս Բ. ­Կա­թո­ղի­կոսն ու Ս­պա­րա­պե­տը, ստի­պո­ւած ե­ղան ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րով փո­խադ­րո­ւե­լու ­Կոս­տանդ­նու­պո­լիս, ուր կայ­սե­րա­կան ար­քու­նի­քը ա­նոնց հան­դէպ փա­ռա­հեղ ըն­դու­նե­լու­թիւն ցոյց տո­ւաւ։

«­Բայց պար­զո­ւե­ցաւ, որ հա­յե­րը բա­ւա­կան սուղ պէտք է վճա­րէին բիւ­զան­դա­կան՝ տա­կա­ւին չնիւ­թա­կա­նա­ցած օգ­նու­թեան հա­մար։ ­Հա­շո­ւի առ­նե­լով հայ ապս­տամբ նա­խա­րար­նե­րուն ծանրկա­ցու­թիւ­նը՝ ­Յուս­տի­նոս Բ. ­Կայս­րը ա­նոնց­մէ պա­հան­ջեց քաղ­կե­դո­նա­կա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նիլ։ Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ ի­րա­պէս ծանր կա­ցու­թիւն։ ­Պար­սից ար­քու­նի­քի հետ ան­կախ ի­րենց կամ­քէն սրե­լով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ստի­պո­ւած ըլ­լա­լով լքե­լու ­Պարս­կա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը՝ այժմ բիւ­զան­դա­կան ար­քու­նի­քին կող­մէ հա­յե­րը բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ­’են­թար­կո­ւէին դա­ւա­նա­փո­խու­թեան հար­կադ­րան­քի։ ­Յատ­կա­պես ծանր էր ­Կա­թո­ղի­կո­սին կա­ցու­թիւ­նը, որ մինչայդ ե­ռան­դուն պայ­քար մղած էր քաղ­կե­դո­նա­կա­նու­թեան դէմ։ Ս­տեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն մէջա­նոր ու­րիշ բան ը­նել չէր մնար, ե­թէ ոչ տե­ղի տալ բիւ­զան­դա­կան ճնշու­մին ներ­քոյ, ո­րով­հե­տեւհա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին՝ բիւ­զան­դա­կան օգ­նու­թեան մա­սին խօ­սիլն իսկ ա­ւե­լորդ կը դառ­նար։ Իրհեր­թին՝ հա­յե­րու քաղ­կե­դո­նա­կա­նա­ցու­մին օ­րի­նա­կան տեսք տա­լու հա­մար, ­Յուս­տի­նոս Բ. ­Կայս­րը ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով գու­մա­րեց, ուր հա­յե­րը ըն­դու­նե­ցին եր­կաբ­նա­կու­թիւ­նը։ ­Յով­հան­նէս Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սը եւ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նը ստի­պո­ւած ե­ղան ­Կայ­սեր հետ միա­սինհա­ղոր­դո­ւե­լու Սբ. ­Սո­փիա­յի նո­րա­շէն ե­կե­ղե­ցիին մէջ եւ այն դու­ռը, որ­մէ հա­յե­րը մուտք գոր­ծե­ցին ե­կե­ղե­ցի, ստա­ցաւ ­Դուռն ­Հա­յոց ա­նու­նը եւ պահ­պա­նեց զայն առ­նո­ւազն մին­չեւ Ա­սո­ղի­կիժա­մա­նակ­նե­րը։ … ­Հաս­կա­նա­լի է, որ ­Կա­թո­ղի­կո­սը ստի­պո­ւած էր ե­ղած ա­ռե­րես ըն­դու­նե­լուՔաղ­կե­դո­նի դա­ւա­նան­քը։

«­Յով­հան­նէս Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ քաղ­կե­դո­նա­կա­նու­թեան ըն­դու­նու­մը ծանր տպա­ւո­րու­թիւն ձգեց Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ ­Բո­լոր ե­պիս­կո­պոս­նե­րը սպառ­նա­լիք­ներ ու­ղար­կե­ցին ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ ա­նոր հետ գա­ցած­նե­րուն, թէ սի­նո­դա­կան­նե­րուն, այ­սինքն՝ քաղ­կե­դո­նա­կան­նե­րուն հետ միա­նա­լու պա­րա­գա­յին, ի­րենք այ­լեւս չեն ըն­դու­նիր զա­նոնք, այ­լեւ կը նզո­վեն։ ­Տես­նե­լով, որ ար­տաք­նա­պէս կրօ­նա­կան, սա­կայն ի­րա­կա­նին մէջ քա­ղա­քա­կան գոր­ծե­րուն հե­տե­ւան­քով ա­ռա­ջա­ցած էր հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան ի­րա­ւա­ցի զայ­րոյ­թը եւ մէկ ան­գամ եւս հա­մո­զո­ւե­լով ­Կայ­սեր խոս­տում­նե­րուն ու­նայ­նու­թեան եւ ա­ւե­լորդ ժա­մա­վա­ճա­ռու­թիւն ըլ­լա­լուն մէջ՝ ­Կա­թո­ղի­կո­սը սկսաւ հա­կիլ պար­սիկ­նե­րուն հետ ա­մէն զո­հո­ղու­թեան գնովհաշ­տու­թիւն կնքե­լուն։ ­Յոյ­նե­րու հետ իր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ան վերջ տո­ւաւ եւ ա­ռանձ­նա­ցաւ.այլ խօս­քով՝ ­Կա­թո­ղի­կոսն ու ըն­կե­րա­կից­նե­րը, յոյ­նե­րէն բաժ­նո­ւե­լով, ա­ռան­ձին հա­մայնքկազ­մե­ցին։ Ինչ­պէս որ ճիշտ կը նկա­տէ Մ. Օր­մա­նեան, ա­ռան­ձին հա­մայնք կազ­մե­լը կը նշա­նա­կէրա­ռան­ձին ե­կե­ղե­ցի ու­նե­նալ։ Ուս­տի, 572 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, հա­յե­րը բիւ­զան­դա­կան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ազ­գա­յին ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­քը դրե­ցին։

«­Քաղ­կե­դո­նա­կա­նու­թեան ըն­դու­նու­մը, որ այդ­պի­սի ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցաւ, երկ­րի ող­բա­լի վի­ճա­կը, ա­ռա­ջա­ցած տա­րիքն ու հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը, հայ­րե­նի­քի նկատ­մամբ բարձր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մը հիւ­ծե­ցին ­Կա­թո­ղի­կո­սը, որ իր կեանքն ա­ւար­տեց օ­տա­րու­թեան մէջ՝ հե­ռա­ւոր ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ։

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նին, ան ստի­պո­ւե­ցաւ բիւ­զան­դա­կան ծա­ռա­յու­թեան անց­նիլ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ե­կե­ղե­ցա­կան հա­ղոր­դու­թե­նէ ինք­զինք հե­ռու կը պա­հէր։ «­Բիւ­զան­դա­կան-պարս­կա­կան հաշ­տու­թիւ­նը, զոր ­Յուս­տի­նոս Բ.-ը կնքեց՝ 45 հա­զար ոս­կի պար­սից ար­քու­նի­քին տու­գանք վճա­րե­լու ճամ­բով, եր­կար ժա­մա­նա­կով կաշ­կան­դեց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մեծ հայ­րե­նա­սէ­րին, ո­րուն, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, մե­ծա­պէս վհա­տե­ցու­ցած էր ­Հա­յոց ­Հայ­րա­պե­տին՝ իր մեծ ա­ջա­կի­ցին մա­հը»։

Ա­հա՛ ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նը ­Վար­դան Բ. ­Մա­մի­կո­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ ­Յով­հան­նէս Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ 3 ­Փետ­րո­ւար 571-ին բռնկած ապս­տամ­բու­թեան՝ ընդ­դէմ ­Պար­սից Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թիւ­նը հա­յոց պար­տադ­րե­լու ճնշում­նե­րուն։
Սե­փա­կան բա­զու­կին եւ ու­ժին ա­պա­ւի­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թե­նէն դուրս ա­մէն ընտ­րանք, ուշկամ կա­նուխ, դա­տա­պար­տո­ւած է նմա­նօ­րի­նակ ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նի։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail