Արցախի Հանրապետութեան Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Փարիզի Քաղաքապետին Հետ
09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՐՑԱԽ – ՍՓԻՒՌՔ:
Ֆրանսայի մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ:
Հանդիպումին քննարկուած են Արցախ-Ֆրանսա կապերու զարգացման, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող տարբեր հարցեր:
Արայիկ Յարութիւնեան բարձր գնահատած է Անն Իտալկոյի ջանքերը` ուղղուած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարին սատարման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան: Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման բանաձեւի օգտին քուէարկելու համար:
Նախագահ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի համար կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը: Այդ պարունակին մէջ երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի վարչական շրջաններու եւ քաղաքներու հետ ունեցած ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը` յոյս յայտնելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի զարգանան ուժական կերպով:
Փարիզի քաղաքապետը վստահեցուցած է, որ Փարիզը միշտ պիտի ըլլայ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի կողքին` պաշտպանելով անոր ինքնորոշման եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքները:
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան:
Հանդիպում Ֆրանսահայ Համայնքի
Ներկայացուցիչներուն Հետ
7 դեկտեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ միութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են խորհուրդի համանախագահներ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան եւ ֆրանսահայ հասարակական գործիչ Արա Թորանեան:
Իր կարգին երկրի ղեկավարը հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուցած է հանրապետութեան մէջ ընթացող ընկերային-տնտեսական բազմաթիւ ծրագիրները` ուղղուած պատերազմի հետեւանքով բռնի տեղահանուած անձերուն, ենթակառուցուածքային ռազմավարական խնդիրներու լուծման, բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութեան համար բաւարար պայմաններու ստեղծման:
Առկայ մարտահրաւէրները դիմակայելու, կատարուող աշխատանքները յաջողութեամբ իրականացնելու ու պատերազմէն ետք ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու հարցին մէջ նախագահը կարեւոր նկատած է համահայկական համախմբուածութեան, իւրաքանչիւր հայու ներգրաւուածութեան աստիճանի բարձրացման եւ ներուժի օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:
«Ամէն մէկը, ուր ալ ըլլայ, իր գիտելիքներու, փորձի, կարողութիւններու, ունակութիւններու ու հմտութիւններու սահմաններուն մէջ պէտք է նպաստէ հայրենիքի զարգացման ու զօրացման: Սա է հայոց պետականութիւնը ամրացնելու, ժամանակակից յարափոփոխ աշխարհին մէջ մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու միակ ճամբան: Մենք այլընտրանք չունինք», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան:
Միաժամանակ նախագահ Յարութիւնեան նշած է, որ Ֆրանսայի հայկական համայնքը միշտ կանգնած եղած է Արցախի կողքին ու այսօր ալ կ՛օգնէ ապաքինիլ պատերազմի ծանր վէրքերէն եւ դառնալ կենսունակ երկիր` միշտ մնալով հայկական: Նախագահ Յարութիւնեան վստահութիւն յայտնած է, որ ֆրանսահայերը պիտի շարունակեն իրենց հայրենանուէր գործունէութիւնը եւ պիտի նպաստեն Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործնական կապերու խորացման:
Հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանը, Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներ:
aztagdaily.com/archives/566745