Սերկէյ Լաւրով
04 փետրուար 2016
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնները պէտք է հրաժարին անձնասիրական փառամոլութիւններէ եւ իրենց մեկնակէտը դարձնեն ժողովուրդին շահը: Ան նաեւ ըսաւ, որ Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակից ընդդիմադիր սուրիացիները պէտք է հրաժարին զիրենք ֆինանսաւորող արտաքին ուժերուն յենելէ:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդային հարուածները պիտի չդադրին, մինչեւ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի պարտութիւնը: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման իբրեւ հիմնական նախապայման պէտք է դադրեցնել թրքական սահմանէն զէնքի մաքսանենգումը:
«Սուրիոյ մէջ ռմբակոծումը պիտի չդադրեցնենք, մինչեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն պարտութիւնը», յայտարարեց Լաւրով:
Նախքան այդ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը կը հրահրէ` ռմբակոծելով ՏԱՀԵՇ-ի թշնամիները: «Ռուսիան իսկապէս յանձնառո՞ւ է խաղաղութեան հոլովոյթին, թէ՞ այդ հոլովոյթը կ՛օգտագործէ ծածկելու համար Ասատին որոշ ձեւի զինուորական յաղթանակ տալը` հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ մէջ ալեւիական փոքրիկ պետութեան մը հաստատման ձեւով», հարց տուած էր ան:
ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա երէկ Ժընեւի մէջ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները առկախեց եւ բանակցութեան շարունակման թուական ճշդեց 25 փետրուարը:
Սուրիական Բանակը Վերացուց Նըպպոլ
Եւ Զահրաա Աւաններուն Շրջափակումը
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ սուրիական բանակը երէկ երեկոյեան վերացուցած է Հալէպի հիւսիսային շրջանը գտնուող Նըպպոլ եւ Զահրաա աւաններու` զինեալ խմբաւորումներու կողմէ աւելի քան երեքուկէս տարուան շրջափակումը եւ իր հակակշիռին տակ առած է շրջանը:
Այդպիսով սուրիական բանակը դադրեցուցած է զինեալ խմբաւորումներուն մատակարարումը թրքական սահմանէն դէպի Հալէպի հիւսիսային գիւղերը եւ բացած Ազէզէն Հալէպ ճամբան: Զինեալ խմբաւորումներուն անդամները փախուստ տուած են դէպի թրքական սահման:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com