Համահայկական Զօրաշարժը Պետութեան «Անհետացման» Վտանգի Առկայութեան.- ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒ ԵՒՐԱՍԻՈՅ ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԾԱՅՐԱՄԱՍԸ – Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Culture - Karnoy, Daronk or Darun fortress fortress, old and famous fortress, Kogvit province of Ararat, that 15 centuries, It has been known as Payazet

Համահայկական Զօրաշարժը Պետութեան «Անհետացման» Վտանգի Առկայութեան.- ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԵՒ ԵՒՐԱՍԻՈՅ ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԾԱՅՐԱՄԱՍԸ – Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

01 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

«Dépasser la limite de la notion de limite, c՚est la nouvelle manière de s՚émanciper». (Bruno Latour, Où suis-je ?)

«Սահման յղացքի սահմանէն անդին անցնիլ, այս է յանձնառութեան նոր ձեւը»: (Պրիւնօ Լաթուր, Ո՞ւր Եմ)

Քսանմէկերորդ դարու երրորդ տասնամեակը պիտի յատկանշուի միջազգային բեմին վրայ մեծապետական հակամարտութեանց վերադարձով:«Վերարադձ»՝ որովհետեւ Պաղ Պատերազմի աւարտով նաեւ աւարտեցաւ ԱՄՆ – Խորհրդային Միութիւն երկբեւեռ հակամարտութիւնը, որմէ յետոյ առաջինի գերակայութեամբ միաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ բազմաթիւ ու բազմատեսակ ճգնաժամերն ու ռազմաքաղաքական տագնապները, ընդհուպ մինչեւ պատերազմներ, հեռու էին 19-րդ եւ 20-րդ դարերու բազմաբեւեռ եւ երկբեւեռ աշխարհակարգերու մեծապետական տրամաբանութեան յատուկ ուժական հաւասարակշռումի հետամուտ տինամիքներէն: Միջազգային բեմին վրայ մեծապետական հակամարտութեան վերադարձի նախանշանները կային դեռեւս 2008-էն ի վեր: Նոյնիսկ աւելի առաջ՝ 2001-2011 տարիներուն, երբ «Ահաբեկչութեան դէմ Պատերազմ»ի տասնամեակին, ռազմական բախումներով յղի տագնապներու խաղաղ կարգաւորման նախանձախնդրութիւնը տեղի տուաւ զինուորական միջամտութիւններու նախընտրութեան ի դէմս ԱՄՆ-ի շեշտուածօրէն միակողմանի վարքագծով: Սակայն, մեծապետական հակամարտութեան նորագոյն վերադարձի անկիւնադարձային իրողութիւնը եղաւ 24 Փետրուար 2022-ին Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ շջթայազերծած պատերազմը, որ մինչեւ Նոյեմբերի աւարտ տակաւին կը շարունակուէր: Անկախ անկէ, 2022-ի երկու այլ իրադարձութիւններ եւս կը յուշեն միջազգային լարուածութեան նոր հանգրուանի մը գալուստը. ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ռազմավարութեանց մէջ Չինաստանի ընկալումը որպէս «համակարգային մարտահրաւէր» Եւրո-Ատլանտեան ապահովութեան, եւ Չինաստանի Համայնավար Կուսակցութեան վերջին Ազգային Համաժողովի փաստաթուղթին մէջ միջազգային բեմին վրայ երկրի «խաղաղ վերելք»ի բանաձեւի բացակայութիւնը:

Մեծապետական հակամարտութիւններու սկիզբը ազդանշան է միջազգային համակարգի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան նոր դասաւորման մը անհրաժեշտութեան, որ եթէ իրականանայ ապա եւ նոր աշխարհակարգի մը մասին պիտի խօսիլ: Վեսթֆալիոյ Դաշնագիրը (1648), Վիեննայի Խորհրդաժողովը (1814-15), Եալթա (1945) եւ Ռէյքիավիգ (1986) պատմութեան անցած են որպէս նոր աշխարհակարգերու ծնունդ տուած համաձայնութիւններ, որոնք բոլորն ալ, բացի վերջինէն, տեղի ունեցած են լայնամասշտապ պատերազմէ յետոյ: Նման համաձայնութիւն սակայն կրնայ եւ տեղի չունենալ միաբեւեռ աշխարհակարգի անցումային այս հանգրուանի աւարտին: Ոչ ալ մեծապետական հակամարտութեանց սրումը անպայմանօրէն կրնայ յանգիլ ուժական նոր հաւասարակշռութեան դասաւորումի, եթէ ստեղծուած լարուածութիւնը վերաճի լայնամասշտապ բախումի՝ ի մասնաւորի կորիզային զէնքերու առկայութեան: Այս վերջինը ռուս-ուքրանական պատերազմի ամենէն մեծ հարցականն է: Կամ գոնէ այդ կը թելադրէ Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինի պարբերաբար կատարած – քողարկուած եւ ոչ-այնքան – յայտարարութիւնները, որոնք կրնան եւ միտիլ «թաքթիքային» կոչուած կորիզային զէնքի օգտագործման թապուն կոտրել:

Այդուհանդերձ, ի՛նչ ալ ըլլայ ռուս-ուքրանական պատերազմի արդիւնքը, ուժերու վերահաւասարակշռումի գործընթացը տեղափոխուած է Ատլանտեանէն դէպի Հնդկա-Խաղաղական ովկիանոս, որ նոր աշխարհակարգի կիզակեդրոնին վերածուած է: Այս գործընթացի գլխաւոր դերակատարներն են ԱՄՆ ու Չինաստանը, երկու գեր-պետութիւններ որոնց տնտեսութիւնները ե՛ւ արտադրողական իմաստով, ե՛ւ ֆինանսներով իրարմէ փոխ-կախեալ են, եւ որոնք բարձր արհեստագիտութեան թէ տիեզերքի հետախուզման/տիրապետութեան մարզերուն մէջ իրարու մրցակից են: Այլ խօսքով՝ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի մէջ է որ քսանմէկերորդ դարը եւ աշխարհի ու մարդկութեան ապագան կ՚որոշուի:

Մեծապետական հակամարտութեան մէջ գլխաւոր դերակատարներու տնտեսաֆինանսական թէ բարձր արհեստագիտական նման փոխ-կախուածութիւն նախընթաց չունի: Այդ պատճառով ալ զգոյշ պէտք է ըլլալ նոր երկբեւեռումի թէ նոր Պաղ Պատերազմի պատկերաւորումներով յատկանշել ուժերու հաւասարակշռումի այս տինամիքը: Առաւել, ի տարբերութիւն ԱՄՆ-Խորհրդային Միութիւն հակամարտութեան չորս տասնամեակին, տարածաշրջանային իմաստով մեծապետական հակամարտութեան ներկայ հանգրուանին, ուղղակի թէ անուղղակիօրէն դերակատար են Ռուսիան, Հնդկաստանը, Թուրքիան, Եւրոպական Միութիւնը, նշելու համար միայն պետական եւ միջ-պետական միաւորները որոնք հողատարածքային, ռազմական, տնտեսական զարգացման թէ բարձր արհեստագիտութիւններու տիրապետման իմաստով ունին առանձին կշիռ եւ ձգտումներ: Նաեւ՝ մեծապետական հակամարտութեան վերադարձը կու գայ համամարդկային նորագոյն մարտահրաւէրներու սրումի ժամանակաշրջանի մը. կլիմայական փոփոխութիւն, թուայնացում, հարստութեան վերաբաշխումի պատմականօրէն աննախընթաց անհաւասարութիւն, նոր համավարակներու ռիսկ եւ տնտեսա-ֆինանսական ճգնաժամերու յաճախակիութիւն:

Պատմական իւրաքանչիւր ժամանակահատուած ծնունդ կու տայ տեսական եւ վերլուծուբանական յատուկ խօսոյթի, յղացքներու բանաձեւումի եւ բառապաշարի: Տասնիներորդ դարու երկրորդ կէսէն արդէն, երբ գաղութատիրական մրցավազքը սկսաւ յատկանշել այն ժամանակ համաշխարհային բեմահարթակի վրայ ամբողջական տիրապետութիւն հաստատած եւրոպական կայսրապետութիւններու ռազմաքաղաքականութիւնը, աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը, եւ անոր հետ Եւրասիական ցամաքամասի հետ առընչուած հանրածանօթ տեսութիւնը, վերածուեցան միջազգային քաղաքականութեան գործընթացները պատմականօրէն բացատրող ամենաառարկայական, կամ գիտական», միջոցին: Մեծապետական հակամարտութեան համար աշխարհաքաղաքական մտածողութեան տրամաբանութիւնը կը ծառայէր նաեւ որպէս ռազմավարական ծրագրումներու ուղեցոյց: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, եւ քանի որ Նացի Գերմանիոյ ծաւալապաշտութիւնը բացարձակ ուղեցոյցի վերածած էր աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը, տեսութիւնը վարկաբեկուեցաւ: Գաղափարախօսկան աշխարհահայեացքներու եւ արժեհամակարգերու բախումն էր որ ամենէն աւելի յատկանշեց Պաղ Պատերազմի երկբեւեռ աշխարհակարգի ընկալման, վերլուծումի եւ բացատրութեան խօսոյթը: Պաղ Պատերազմէն յետոյ «համաշխարհայնացումը» վերածուեցաւ միաբեւեռ աշխարհակարգի գրեթէ հոմանիշ յղացքին:

Միաբեւեռ աշխարհակարգը, եւ անոր համահունչ համաշխարհայնացման յղացքը թէեւ ոչ գործընթացը ինքնին, ներկայիս իր մայրամուտը կ՚ապրի, եւ ուժերու հաւասարակշռութեան ծանրութեան կեդրոնի տեղափոխումը դէպի Հնդա-Խաղաղական ովկիանոս շատ ակընբախօրէն աշխարհաքաղական տեղաշարժ մըն է: Յաջորդ տասնամեակներուն պիտի ակնկալել նոր խօսոյթի մը ծնունդն ու զարգացումը, յղացքներու այլ բանաձեւում եւ… չինական նշանագրերով բառապաշար, որոնցմով պիտի ընկալուի ու բացատրուի նոր աշխարհակարգի ենթադրած միջազգային տինամիքը: Այդ գործընթացին մէջ, պատասխաններու փնտռտուքի կարգով թէ ռազմաքաղաքական ծրագրումներու նախանձախնդրութեամբ, կենսական հարցումներ իրենք իրենց կը պարտադրեն արդէն: Այդ հարցումներուն ամենէն հրատապն ու անմիջականը ռուս-ուքրանական պատերազմէն յետոյ եւրասիական տարածաշրջանի ճակատագիրն է, եւ այդ ծիրին մէջ՝ անոր կովկասեան ծայրամասի թատերաբեմին վրայ ուժական գործընթացներու արդիւնքը ուր եւ, պարզ եւ մէկին, խաղի մէջ է հայկական պետութեան «անհետացումը«:

Յղացքը զգայնացունց տրամադրուածութեամբ չէ որ կը գործածուի:

«Հայաստանը կրնա՞յ անհետանալ» խորագրով մասնագէտերու խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ անցեալ 22 Սեպտեմբերին Լիոնի մէջ: Թուականը թերեւս զուգադիպութիւն էր անկախութեան 31-ամեակին հետ, բայց նման խորագիր առաջին անգամն էր որ կը գործածուէր հայկական անկախ պետութեան անմիջական ճակատագիրը քննարկումի դնելու կոչուած մասնագիտական հանդիպումի մը: Եւ երբ խորհրդաժողովի մասնակիցներու զրոյցը համակարգող Տիգրան Եկաւեան անոր ծանուցման որմազդը Յուլիս 23-ին դրաւ Դիմատետրի իր էջին վրայ, «անհետացում» յղացքը անտարբեր չձգեց շատերուն, առիթ տուաւ նկատողութիւններու եւ կարծիքի փոխանակման ամբողջ շարքի մը.«նման խորագիր ցաւ կը պատճառէ…/ «երբե՛ք»/ «իսկապէս անհրաժե՞շտ է նման զգայնացունց խորագիր ուշադրութիւն հրաւիրելու համար»/ «նուազող ժողովրդագրութեամբ, առանց բանակի, առանց դիւանագիտութեան եւ Սփիւռքի հետ առանց տեսլականի՝ ախտաճանաչումը լաւատեսութեան չի հրաւիրեր»/ «անհետանալ նախ որպէս գերիշխան պետութիւն ապա որպէս հողատարածքային պետութիւն»/ «իսկ որպէս ա՞զգ կամ ժողովուրդ»/ «որպէս պետութիւն»/ «եթէ խորհրդային ժամանակաշրջանին դիմացաւ եւ չանհետացաւ կը կարծեմ որ հաւանականութիւնը իսկապէս քիչ է»/ «Հայաստանի լինելութիւնը շատ պայմանաւորուած է, բայց ճիշդ հարցումներ բանաձեւելով թերեւս ապագան տարբեր ըլլայ»…

Վերոնշեալ խորհրդաժողովի անմիջական նախօրեակին, Սեպտեմբեր 13-ին, ազրպէյճանական ուժերը լայնծաւալ յարձակումի անցան եւ նոր յառաջխաղացք արձանագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս: Այդ իրադարձութեան լոյսին տակ, «անհետացում» յղացքը նոր հնչեղութիւն ստացաւ, նուազ զգայնացունց բայց ահազանգային կերպով մտահոգիչ դարձաւ: Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ ընդդիմութիւնը արդէն զգուշացնելու սկսած էր պետութեան կործանման մասին: Իշխանութեան վրայ գտնուող ուժը, պարտութեան գլխաւոր «պատասխանատուն բայց ոչ մեղաւորը» ինչպէս, յիշեցնենք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իրեն յատուկ սոփեստութեամբ բանաձեւեց հարցազրոյցի մը ընթացքին, հասկցնելով, որ կը մերժէր հրաժարական տալ, բացառեց նման հեռանկար: Ապրիլ 2018-էն ի վեր երկրի ճակատագրին մասին որոշումները կեդրոնացուցած քաղաքական ուժն ու անոր ղեկավար նեղ շրջանակը, ղեկավարը դէմքը ինքնի՛ն, առաջնահերթային համարեց իշխանութեան վրայ մնալը, իսկ պետութեան կործանման առաջքը առնելու համար սեղանի վրայ դրաւ «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան«ի համար աշխատելու իր համոզումը: Այս բոլորը ծանօթ յանկերգ է, բազմիցս յիշուած անցնող երկու տարիներուն: Սակայն անհրաժեշտ է վերադառնալ անոնց, կրկին յիշեցնել որդեգրուած քաղաքական ընթացքի ոտաբոպիկութիւնը, որովհետեւ ի դէմս ազրպէյճանական ռազմական յառաջխաղացքով ստեղծուած իրավիճակին, խաղաղութեան ոչ մէկ յառաջընթաց տեսանելի է, բացի կառավարութեան, նոյնինքն Վարչապետին թէ Ազգային Ժողովի մէջ մեծամասնական ուժի ներկայացուցիչներու կողմէ վերացական, յաճախ իրարու հակասող եւ շփոթ առաջացնող յայտարարութիւններէն:

Պատերազմի աւարտի օրէն ճիշդ երկու տարի անց, գրաւեալ Շուշիի մէջ Ալիեւի կողմէ հնչեցուցած նորագոյն սպառնալիքներուն դէմ յանդիման, իշխանութիւնները կարծես սկսան անդրադառնալ անոնց լրջութեան: Վարչապետ Փաշինեան Ալիեւի սպառնալիքները որակեց Սիսիանի, Գորիսի, Կապանի եւ այլ հայկական տարածքներու հայ բնակչութիւնը «ահաբեկելու կոչուած արարք«: Իշխանութիւնը, հրապարակաւ, եւ ի լուր նախ եւ առաջ հայ հանրային կարծիքին, վստահեցուց որ յանձնառու կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վրայ ազգային-պետական գերիշխանութեան պահպանումին: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը՝ այսինքն 28.900 քառակուսի քիլոմեթր հողատարածք, որուն սահմանագծային քարտէսը, սպասելով Ազրպէյճանի հետ «դեմարկացիայի» եւ «դելիմիդացիայի» գործընթացներու արդիւնքին, այնպէս ալ կը մնայ անորոշ: Յստակ է միայն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային գերիշխանութեան պահպանման այս իշխանութիւններուն յանձնառութիւնը կը բացառէ Արցախի մասին որեւէ նշում, թէկուզ եւ անոր ապահովութեան երաշխաւորի դերով միայն:

Պետութեան «կործանում» եւ «անհետացում» համահունչ յղացքներ կը թուին եւ թերեւս իրենց ենթադրած արդիւնքը այնքան ալ տարբեր չըլլայ հասարակաց հասկացողութեան համար: Այդուհանդերձ, կարեւոր է անոնց տարբերումը: Ընդ որում, «կործանումը» կրնայ յուշել միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հանրածանօթ »ձախողած պետութիւն«ը, որուն մասին ահանգին ուսումնասիրութիւն կայ, մինչ «անհետացում«ը յարաբերաբար նոր եւ դեռ համապատասխան ուսումնասիրութեան չարժանացած յղացք է: Անոնց տարբերման ընդհանուր հիմնաւորումը հետեւեալն է. Պաղ Պատերազմի աւարտին, միջազգային համակարգի անցումը երկբեւեռ աշխարհակարգէն միաբեւեռ աշխարհակարգ զուգորդուեցաւ համակարգին մէջ գերիշխան պետութիւններու թիւի յաւելումով: Գերիշխան պետական միաւորումներու բազմացումը, որ միաժամանակ միջ-պետական յարաբերութիւններու օրակարգը կը բարդացնէ, գէթ անուղղակիօրէն առընչակից է նաեւ մեծապետական հակամարտութեան բացակայութեան: Մեծապետական հակամարտութեան վերադարձը, եւ մինչ ուժերու նոր հաւասարակշռութեան պաշտօնական թէ լռելեան համաձայնութեամբ մը նոր աշխարհակարգի հաստատագրում, պէտք է նախատեսել հողատարածքային պետական միաւորներու «անհետացման» գործընթաց: Այսինքն, երկիրներ որոնց պետութիւնը, թէկուզ եւ ոչ «ձախողած», պարզապէս անկարող է նախաձեռնողական դերակատարութիւն ստանձնել միջ-պետական գործընթացներու մէջ, նոյնիսկ այն պարագաներուն ուր սեփական երկրի եւ ժողովուրդի լինելութեան ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է:

Այդ կացութեան մէջ յայտնուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կամ առնուազն այդ կը կը թելադրեն 2022-ի գործընթացներն ու անոնց վերլուծումը մասնագէտներու կողմէ: Եւ այս՝ երկու հիմնական գործօնի հետեւանքով.

(ա) ռուս-ուքրանական պատերազմի անդրադարձը Եւրասիոյ նախկին խորհրդային տարածաշրջանի եւ յատկապէս անոր Կովկասեան ծայրամասին վրայ, եւ

(բ) Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութենէն յետոյ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղեգիծն ու անոր հետեւանքները ներքաղաքական, համահայկական եւ արտաքին-դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ:

Առաջին գործօնը արտաքին է եւ գերակշռող պատճառ է, բայց նաեւ ախտանշան՝ պետութեան »անհետացման«: Այս սակայն չի նշանակեր որ անկարելի էր/է պետութեան »անհետացման« գործընթացի մեղմացումը, եւ, ինչու չէ, կասեցումը: Բայց այդ մէկը կարելի էր/է միայն եթէ երկրորդ, ներազգային, գործօնը փոփոխութեան ենթարկուէր/ենթարկուի: Այլապէս, անհրաժեշտ է ի մտի ունենալ համահայկական զօրաշարժի վերակազմակերպումին մասին մտածելու անհրաժեշտութիւնը պետութեան «անհետացման» պայմաններուն մէջ:

Սկսինք արտաքին գործօնէն:

Թէ ճիշդ ի՛նչ ռազմավարական տրամաբանութեամբ, ի՛նչ հաշուարկներով եւ ի՛նչ ինքնավստահութեամբ Փութին 24 Փետրուար 2022-ին նախաձեռնեց Ուքրանիոյ վրայ ընդհանուր յարձակումի անցնելու դեռ երկար ժամանակ պիտի մնայ բանավէճի առարկայ: Դժուար է նաեւ ընդհանուր յարձակման տրամաբանութիւնը ընկալել որպէս պետակա՞ն թէ ամբողջատիրական համակարգի մը իշխանութիւնը կեդրոնացուցած ղեկավարի մը որոշում: Այսինքն՝ Ռուսիո՞յ թէ Փութինի պատերազմ: Մասնագէտ մը հրապարակային դասախօսութեան մը դիտել կու տար, որ նախկին Խորհրդային Միութեան թէ անոր ժառանգ Ռուսական Դաշնութեան մէջ իշխանութիւնը միշտ ալ կեդրոնացած եղած է, բայց ոչ 1979-ին Աֆղանիստան միջամտութիւնը, ոչ ալ Չեչնիոյ պատերազմը կոչուած են Պրեժնեւի թէ Ելցինի անունով:

Ամէն պարագայի, թէկուզ եւ ընդունինք Մոսկուայի թէ այլ վերլուծողներու առաջ քաշած ռազմավարական բացատրութիւնը, որու համաձայն առկայ էր դեռեւս Գորպաչովի ժամանակ Գերմանիաներու վերամիացման հարցով տեղի ունեցող ԱՄՆ-Ռուսաստան երկկողմանի խօսակցութեանց ժամանակ ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը բացառելու Ուաշինկթընեան խոստում մը, որ յետոյ դրժուեցաւ: Ընդունինք նաեւ, որ Ուքրանիա այն «կարմիր գիծ«ն էր, որ Ռուսիոյ մեծապետականութեան վերականգնումով մտահոգ, այդ ուղղութեամբ սկզբնական յաջողութիւններ արձանագրած, եւ Արեւմուտքէն (ԱՄՆ եւ Եւրոպայի իր դաշնակիցներ) խիստ բարկացած Փութին մը պիտի չթոյլատրէր: Ատով հանդերձ, Ուքրանիոյ վրայ ռուսական ընդհանուր յարձակումը արդարացնող ոչ մէկ հիմնաւորում, որ Մոսկուա, եւ անձամբ Փութին, առաջ քաշեցին կրնայ որեւէ ձեւով համոզիչ ըլլալ որպէս ենթադրաբար անմիջական սպառնալիքի մը չէզոքացման համար կանխազգուշական պատերազմի ռազմավարական տրամաբանութիւն: Ճիշդ է, կայ 2003-ի Իրաքի մէջ ԱՄՆ-ի զինուորական միջամտութեան նախընթացը: Բայց թերեւս այդ մէկը շատ պատճառներով զգուշութեան հրաւէր ըլլար Փութինի համար: Ի մասնաւորի՝ պատերազմի աւարտի այլընտրանքներ, կամ Ելքի Ռազմավարութիւն մը (Exit Strategy) ունենալ, բան մը, որ Ուաշինկթընի ռազմագէտները շատ ուսումնասիրած էին Վիեթնամէն իրենց հեռացումէն ետք: Մոսկուայի համար նաեւ կարեւոր էր ի մտի ունենալ, որ թէկուզ եւ ԱՄՆ-ը Իրաքի պարագային չունէր Ելքի Ռազմավարութիւն, այդուհանդերձ միաբեւեռ աշխարհի մէջ տիրապետող գեր-հզօր ուժին կողմէ ռազմական նման արկածախնդրութեան տնտեսական թէ քաղաքական գինը յարաբերաբար տանելի կրնայ ըլլալ, ինչպէս Աֆղանիստանի թէ Իրաքի մէջ ԱՄՆ-ի զինուորական երկարամեայ ներկայութիւնը ցոյց տուաւ: Ճիշդ չէ նոյնը ենթադրել Ռուսիոյ եւ իր տնտեսութեան պարագային:

Աւելի կարեւոր՝ Փութին ձախողեցաւ իր հաշուարկումներուն մէջ: Այն ինչ որ հաւանաբար ծրագրած էր որպէս կարճ եւ Քիեւի անկումով շատ արագ իր աւարտին հասնող պատերազմական գործողութիւն, ընդհանուր յարձակումէն երկու ամիս անց արդէն երկար պատերազմի մը վերածուած ըլլալու ամէն նախանշանները ցոյց կու տար: Վեց ամիս ետք, ռազմական գործողութիւններու ուղղութիւնը փոխուեցաւ. ռուսական ուժերու հետեւողական պարտութիւնները, նահանջը գրաւուած քաղաքներէն եւ պատերազմի դաշտին վրայ մարդուժի թէ ռազմաթեքնիքայի հետզհետէ սրող բացթողումները, Ուքրանիոյ մատակարարուած Արեւմտեան ռազմասպառազինութեան գերակայութիւնը, ազդանշանը կու տան ուքրանական յառաջխաղացքի մը, որ, տրամաբանականօրէն պիտի չուզէ դադար առնել ընդհուպ մինչեւ Ղրիմի վերադարձը Ուքրանիոյ կազմին մէջ: Ի մասնաւորի, եթէ Արեւմուտքը շարունակէ զէնքերու մատակարարումը, որով եւ թէկուզ Ուքրանիոյ յաղթանակը անմիջական չըլլայ, Ռուսիոյ »արիւնահոսութիւնը« պիտի շարունակուի, ինչպէս եղած էր Ռոնըլտ Ռիկընի ռազմավարութիւնը Աֆղանիստանի մէջ:

Զուտ ռազմավարական հաշուարկումի ձախողութեան վրայ պիտի աւելցնել ռազմաքաղաքական իր նախորդ յաջողութիւններու ներշնչած ինքնավստահութեան գերգնահատումը: Հակառակ իր ծանր գինին, Չեչնիան սկիզբ տուաւ Փութինի ղեկավարութեամբ Ռուսիոյ վերադարձին միջազգային քաղաքականութեան բեմահարթակ որպէս մեծապետական ձգտումներու դերակատար: Վրաստանի Հնգօրեայ Պատերազմէն (2008) մինչեւ Ղրիմ (2014) եւ Սուրիա (2015), Մոսկուա ռազմաքաղաքական յաջողութիւններու շարք մը արձանագրած էր թէ՛ ռազմադաշտին վրայ եւ թէ՛ ալ դիւանագիտական ոլորտին մէջ, յաճախ առընչելով երկուքը: Անցեալի յաջողութիւնները սակայն երաշխիք չեն որ նոր ծաւալումներու պարագային միջոցներու ու նպատակի անհամատեղելիութիւնը բացառէ գերծաւալման մեծ ռիսկն ու անոր հետեւանքները: Ինչ որ, փաստօրէն, պարագան էր Աֆղանիստանի, եւ հիմա կը կրկնուի Ուքրանիոյ մէջ: Առանց տակաւին նշելու շատ աւելի ծաւալապաշտական ձգտումներ, ինչպէս օրինակի համար կը թեքադրէ Սեւ Ծովէն մինչեւ Հիւսիսային Բեւեռ ծովային հաղորդակցութեան միջոցները վերահսկողութեան տակ պահելու նպատակով պատրաստուած ծովուժի ռուսական նոր ռազմավարութիւնը:

Ի՛նչ ալ ըլլայ պատերազմի աւարտը, Ռուսիա աւելի տկարացած դուրս պիտի գայ անկէ: Ոչ միայն, եւ ոչ մասնաւորաբար, զինուորական իմաստով: Միջազգային վստահելի գործընկերութեան վարքը պիտի իյնայ, ինչ որ ե՛ւ տնտեսաֆինանսական, ե՛ւ քաղաքադիւանագիտական իմաստով իր ժխտական հետեւանքները պիտի ունենայ միջազգային բեմին վրայ: Ոչ իսկ յետ-Փութինեան Ռուսիան պիտի ունենայ այն վստահութիւնն ու համագործակցութեան առաջնահերթութիւնը որ յետ-Խորհրդային Ելցինեան Ռուսիան վայելեց 1990-ականներուն: Ամենէն կարեւորը՝ աշխարհաքաղաքական շրջադարձը դէպի Հնդկա-Խաղաղական, Եւրասիոյ նախկին Խորհրդային տարածաշրջանի ծայրամասերը պիտի վերածէ մեծապետական ազդեցութեանց գօտիներու հաստատման եւ ընդլայնման ի խնդիր մրցակցութեան ու պայքարի դաշտերու: Այսինքն՝ Ռուսիա դժուարութիւն պիտի ունենայ կայունացնելու այն ինչ իր արտաքին ապահովական տեսադաշտին մէջ ընկալուած եւ բանաձեւուած է որպէս «Մօտիկ Հարեւանութիւն»: Խօսքը կը վերաբերի առանց Պալթեան երկիրներուն եւ արդէն առանց Ուքրանիոյ եւրոպական ցամաքամասի նախկին Խորհրդային հանրապետութիւններուն, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասին, ուր եւ դեռեւս 2015-2016 թուականներուն ընթացք առած եւ արդէն հաստատագրուած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ռազմավարական նոր հայեցակարգ մը: Այս վերջինն է Հայաստանի պետութեան յոռեգոյն պարագային կործանման, կանխատեսելիօրէն «անհետացման» եւ լաւատեսօրէն կանխարգիլման գլխաւոր գործօնը: Անոր ծնունդը, տրամաբանութիւնը եւ մասշտապը ներկայիս վերլուծումի ամենէն հրատապ հարցն է: Անոր զարգացումը մեծապէս կը պայմանաւորէ հայկական պետութեան անմիջական ճակատագիրը: Այդ գործօնի նկատառումով է որ Երեւանի մէջ պիտի առնուին ամենէն բախտորոշ որոշումները:

Ռուս-թրքական մերձեցումը ունի իր պատմական նախընթացը: Հոկտեմբեր 19-21, 2021-ին Երեւանի մէջ կայացած »Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ« գիտաժողովը լուսարձակը տակ առած էր մէկ դար առաջ Կովկասի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան հետամուտ Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերով պոլշեւիկ-քեմալական ռազմավարական մերձեցումը, որուն ծանր գինը վճառեց Հայաստան: Պատմութեան դասերը անկարելի է անտեսել, սակայն սխալ է անոր կրկնութիւնը ընկալել որպէս ճակատագրապաշտութիւն: Պոլշեւիկ-քեմալական դաշինքը երկու նորաստեղծ պետութիւններու կայացման եւ միջազգային ճանաչման հետամուտ նախաձեռնութիւն մըն էր ընդդէմ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Դաշնակիցներուն, այսինքն՝ Եւրոպայի գաղութատէր մեծ պետութիւններու, Փոքր Ասիոյ եւ Կովկասի մէջ ազդեցութեան հաստատման: Ռուս-թրքական ներկայ մերձեցումը միջազգային բեմին վրայ մեծապետական դիրքաւորման հետամուտ երկու տարածաշրջանային ուժերու ռազմավարական նախաձեռնութիւն մըն է ուր Կովկասի մէջ ազդեցութեան գօտիներու յստակ սահմանագծումը արդէն խախտուած է ի խնդիր համագործակցութեան եւ մրցակցութեան: Տարածաշրջանին մէջ Արեւմտեան ներկայութեան տկարացումը, ընդհուպ մինչեւ վերացումը, կը մնայ հիմնական դրդապատճառ, եւ այդ իմաստով կը յիշեցնէ 1921-ը: Սակայն, ի տարբերութիւն դար մը առաջ աշխարհաքաղաքական կացութեան, Թուրքիա վերահաստատած է իր նէօ-Օսմանեան թէ փանթրքական ծաւալապաշտական ախորժակները, իսկ Ռուսիա կը ձգտի վերստեղծել Եւրասիոյ նախկին խորհրդային տարածաշրջանի վրայ իր ամբողջական վերահսկողութիւնը, եւ այդ մեկնակէտէն ինքնահաստատուիլ որպէս գեր-հզօր ուժ դեռեւս 1990-ականներէն նպատակի վերածած բազմաբեւեռ աշխարհակարգի մը մէջ:

Ճեֆֆրի Մանքոֆֆ չի վարանիր հաստատելու որ Եւրասիոյ տարածքին կայսրութիւններու ժառանգ ձգած աշխարհընկալումներն են որ քսանմէկերերորդ դարուն միջազգային ապահովութեան ոլորտը կը սահմանեն (Jeffrey Mankoff, Empires of Eurasia. How Imperial Legacies Shape International Security. Hew Haven, CT: Yale University Press, 2022): Փանթրքականութիւնն ու Եւրասիոյ վրայ ռուսական վերահսկողութիւնը իրենց էութեամբ իսկ իրարու հակասական կը թուին: Կամ աւանդաբար այդպէս կ՚ընկալուի: Կամ ալ կարելի է ենթադրել որ թէկուզ եւ ռուս-թրքական մերձեցում տեղի ունենայ, ի մտի ունենալով երկու ծրագիրներու պատմական անհամատեղելիութիւնը այդ մէկը չի կրնար երկար տեւել: Ամբողջ խնդիրը, սակայն, կը կայանայ այդ »երկար«ի սահմանման մէջ: Ի մասնաւորի, երբ երկու կողմերու համագործակցելու եւ մրցակցելու եւ ոչ թէ հակամարտութեան մէջ մտնելու փոխադարձ շահերու »ժամանակաւորութիւնը« կը թուի ոչ այնքան սահմանափակ:

Յովհաննէս Կէօքճեանի ուսումնասիրութիւնը Սուրիոյ պատերազմին ռուսական զինուորական միջամտութեան մասին (Ohannes Guekjian, The Russian Military Intervention in Syria. Montreal, Canada: McGill-Queen՚s University Press, 2022) Սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ ի փրկութիւն Պաշշար ալ-Ասատի վարչակարգին, յստակ գաղափար մը կու տայ թէ ինչպէս այդ տագնապին մէջ է որ յաջողութեամբ փորձարկուած է ռուս-թրքական համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ռազմավարական մերձեցման ձեւաչափը: Երկու երկիրներու զինուորական միջամտութիւնը հակամարտութեան տարբեր կողմերու զօրակցութեան ի խնդիր էր: Նորութիւն չէ ասիկա միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն Սուրիոյ պատերազմին ռուս-թրքական միջամտութիւնը հեռու է երրորդ կողմերու միջոցաւ հակամարտ կողմերու բախումի այն ձեւաչափէն որ ծանօթ է որպէս »փրոքսի« պատերազմ (proxy war): Ե՛ւ Թուրքիան, ե՛ւ Ռուսիան գիտէին որ ռիսկը մեծ է թէկուզ եւ արկածով իրարու հետ ուղղակի բախումի, ինչ որ եւ պատահեցաւ: Այդ մէկը սակայն արգելք չհանդիսացաւ որ երկու երկիները, Իրանի հետ համագործակցաբար, Արեւմուտքի մասնակցութեան բացառումով Սուրիոյ տագնապի լուծումի նախաձեռնութեամբ առաջ գային: Նախաձեռնութիւնը շօշափելի արդիւնքի չհասաւ, սակայն սուրիական փորձադաշտը ռուս-թրքական համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ռազմավարական յարաբերութիւններու ձեւաչափը ամրագրեց:

Այդ մէկը չէր կրնար իր անդրադարձը չունենալ հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն վրայ: Զուգադիպութիւն թէ ոչ, այսպէս կոչուած Լավրովի Ծրագիրը այդ նոյն տարիներուն էր որ սեղանի վրայ դրուեցաւ, թէեւ այդ մասին հանրային կարծիքը իմացաւ շատ աւելի ուշ եւ երբեք ամբողջականօրէն: Կովկասի մէջ իր միակ դաշնակից Հայաստանի հետ Մոսկուայի յարաբերութիւններու փոփոխութիւնը առաջին անգամ տեսնուեցաւ 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմին, երբ այդ օրերուն Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ շնականաբար յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ զէնք վաճառել Ազրպէյճանին: Այդ ժամանակ արդէն Մոսկուա սկսած էր Ազրպէյճանը իրեն մօտեցնելու իր ճիգին, որուն համար Ազրպէյճանի գլխաւոր դաշնակից Թուրքիոյ դարպասումը գրեթէ անխուսափելի էր: Քառօրեայ Պատերազմին Ռուսիոյ վարքագիծը կարեւոր է ի մտի ունենալ, որովհետեւ այն կը բացայայտէ թէ որքան ալ որ Հայաստանի մէջ Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները խանգարուած են օրին նոր իշխանութիւններու ապիկարութեան, բայց նաեւ որոշ ղեկավար դէմքերու բացայայտ հակառուսականութեան պատճառով, այդուհանդերձ Թուրքիոյ հետ մերձեցումը անկախ է Հայաստանի հետ Մոսկուայի յարաբերութիւններէն, ոչ այս վերջիններով պայմանաւորուած:

Աւելի՛ն, այդ օրէն մինչեւ 2020-ի Քառասունչորսօրեայ Պատերազմ եւ անոր յաջորդած երկու տարիներուն, Ռուսիա ոչ մէկ ազդանշան կու տայ Թուրքիոյ թէ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ իր գլխաւոր դաշնակիցին շահերու թէ տեսակէտներու նկատառման ուղղութեամբ: Նոյնիսկ Ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւնները, ընդհուպ մինչեւ պատերազմ, Հայաստանի դէմ Մոսկուայի կողմէ կ՚արժանանան հաւասարակշռւած բանաձեւումներու: Եւ թերեւս Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու առկայութիւնը որպէս միակ երաշխիք արցախցիներու գոյութեան, եւ անոր զուգահեռ Աղդամի մէջ ռուս-թրքական դիտորդական կեդրոնը լաւագոյն պատկերն են երկու երկիներուն համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ռազմավարական յարաբերութիւններու ձեւաչափին: Պատկերը կտրուկ հակասութիւն է 1993-ին ի դէմս Թուրքիոյ սպառնալիքին միջամտելու Արցախեան առաջին պատերազմին Մոսկուայէն եկած կտրուկ ազդարարութեան, ընդ որում կը զգուշացնէր երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը առիթ չտալու մասին: Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու երաշխիքը ունի իր պայմանաժամը՝ հինգ տարի, ըստ 9 Նոյեմբեր 2020-ի չարափաստիկ համաձայնագրի, որոնցմէ երկուքը Հայաստանը արդէն մսխեց նախ 2021 Յունիսի արտահերթ ընտրութիւններով, ապա »տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան«ի իր չնաշխարհիկ ծրագրի առաջ մղումով, եւ ներքաղաքական լարուածութեան սրումով: Աղդամի մէջ ռուս-թրքական դիտորդներու միացեալ կեդրոնին պայմանաժամը յայտնի չէ:

Ռուս-թրքական մերձեցման ռազմավարական բանականութեան կողքին կայ նուազ կարեւոր բայց գոնէ խորհրդանշականօրէն ոչ անտեսելի գաղափարախօսական գործօն մը եւս: Փութինի աշխարհահայեացքի գլխաւոր տեսաբան Ալեքսանտր Տուկինի Եւրասիականութիւնը ռուս հաւաքական ինքութեան մէջ կը մէկտեղէ սլաւոնական եւ թրքական ազգութիւնները, ինչ որ յատկանշականօրէն կը տարբերի Փութինի սկզբնական ճիգէն՝ ռուսական ինքնութիւնը միաձուլելու Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ, ինքզինք ներկայացնելու որպէս քրիստոնէական արժէքներու պահապան, եւ մինչեւ իսկ այդ դիրքով հանդէս գալու որպէս միջազգային բեմին վրայ քրիստոնէութեան պաշտպան: Այս վերջինը գործնական իմաստով որեւէ նախաձեռնութեան չյանգեցաւ, այդուհանդերձ Փութինի պահպանողականի վարկը բարձր էր մինչեւ իսկ ԱՄՆ-ի քրիստոնեայ ազդեցիկ շրջանակներու մօտ: Ուքրանական պատերազմը, ի մէջ այլոց, զօրաւոր հարուած տուաւ Փութինի Քրիստոնէութեան պաշտպանի պատկերին: Աւելի քան 580 միլիոն քրիստոնէաներ համախմբող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, օրինակի համար, դատապարտեց Ռուսիոյ դերակատարութիւնը Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ, եւ այպանեց Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին՝ այդ պատերազմը արդարացնող կրօնական լեզուի եւ հեղինակութեան գործածութեան համար: Քրիստոնեայ աշխարհի մէջ Ռուսիոյ վարկազրկումը՝ ռազմավարական այլ հարուած մըն է, որ կարծես Մոսկուա չէր նախատեսած, »փափուկ ուժ«ի կիրառման ամբողջ դաշտ մը, որ կամայ թէ ակամայ անտեսելու սխալը գործեց Փութին:

Ուքրանական պատերազմը Ռուսիոյ համար Թուրքիոյ դերը աւելի կարեւորեց, ի մասնաւորի իր անյաջողութիւններու սկիզբէն ի վեր: Ոչ միայն Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքին բերումով եւ/կամ որպէս միջնորդ երրորդ կողմ, այլ որովհետեւ Թուրքիան նաեւ ապահով վայր մըն է ռուս օլիկարգներու ունեցուածքը, ներառեալ բազմամիլիոնանոց նաւեր, պահելու եւ առաջքը առնելու, որ բռնագրաւուին Ռուսիոյ դէմ առնուած պատժամիջոցներու առ ի գործադրութիւն: Ինչ որ կը նշանակէ որ Թուրքիոյ դիրքերը Ռուսիոյ հետ իր համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ձեւաչափին մէջ պիտի զօրանան, եւ Անգարա ի վիճակի պիտի ըլլայ պայմանաւորելու Կովկասի մէջ որեւէ բանակցային գործընթաց, ինչպէս արդէն կ՚ընէ Ազրպէյճան-Նախիջեւան միջանցքի պահանջով, զոր մերժելու կարծես որոշում, կարողութիւն կամ մինչեւ իսկ տրամադրութիւն չունի Մոսկուա:

Թէ մինչեւ ուր կրնայ հասնիլ Մոսկուայի հանդուրժողականութիւնը փանթրքականութեան յառաջընթացին Կովկասի մէջ շատ բարդ հարցում մըն է: Անոր ամենէն մտահոգիչ պատասխանը պիտի ըլլայ որ այդ մէկը հիմնականօրէն կախում ունի փանթրքական ծաւալապաշտութիւնը զսպելու իր կարողութենէն: Սակայն պէտք չէ բացառել Մոսկուայի մէջ որոշումներու կայացման բարձրագոյն շրջանակներու մէջ այդ մասին ազդարարող գործօններու կամ դերակատարներու բացակայութիւնը: Խորհրդային ժամանակներէն գիտենք տարբերութիւնը Քրեմլին հասած հայ եւ ազրպէյճանցի ղեկավար դէմքերու, ըսենք Միկոյեան եւ Ալիեւ, նախանձախնդրութիւնը իրենց ազդեցիկ այդ դիրքէն հանդէս գալու ի խնդիր իրենց երկրի ու ժողովուրդի շահերուն… Տակաւի՛ն, բարձր մակարդակով թրքագէտներ Հայաստանի մէջ չեն պակսիր, բայց հազուագիւտ են կարծես Ռուսիոյ ներքին, տարածաշրջանային թէ միջազգային քաղաքականութեան մասնագէտները:

Ռուս-թրքական մերձեցումն ու անոր վտանգաւոր հետեւանքները Հայաստանի եւ Արցախի համար չեն ենթադրեր անտեսումը ռուսական աշխարհաքաղաքական գործօնի որպէս ե՛ւ առայժմ անշրջանցելի դաշնակից որմէ կախեալ է առնուազն Արցախի բնակչութեան գոյութենական շարունակականութիւնը, ե՛ւ այդ դաշնակիցին հետ խորացող վտանգաւոր կախուածութիւն: Բացի եթէ ինքզինքնիս խաբենք, որ Ցեղասպան Թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»ը կը բացառէ հայութեան բնաջնջման իր տրամադրուածութեան շարունակութիւնը տարբեր ձեւերով: Կամ ալ կարծենք, որ Արեւմուտքի անհրաժեշտ ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ որպէս երաշխիք բազմակողմանի արտաքին յարաբերութիւններու կրնայ վերաճիլ ռազմաքաղաքական դաշինքի: Երկու համոզումներուն հետեւող եւ անոնց հիման վրայ հանրային կերպով արտայայտուող եւ գործող խորհրդարանական թէ արտախորհդարանական քաղաքական ուժեր ու դէմքեր կան: Արդիւնքով՝ ռուսական աշխարհաքաղաքական գործօնը Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական հանրային կարծիքին մօտ հազուադէպօրէն իր բարդութեան մասշտապով մասնագիտական բանավէճերու առիթ կու տայ: Գոնէ հանրային ոլորտին մէջ, ինչ որ ամենէն աւելի տեսանելի է կարծիքներու թէ կեցուածքներու փրօ/հակա Ռուսիա ամուլ երկբեւեռացում մըն է, իսկ քաղաքական վերնախաւի մօտ անհեթեթ մրցակցութիւն մը՝ ամենէն աւելի հաճոյանալու Մոսկուայի կարծես այն համոզումով, որ Քրեմլինի համար Երեւանի մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող որեւէ քաղաքական ուժի զօրակցելու համար կայ այդ ուժին կողմէ իր թելադրանքներուն եւ քաղաքականութեան չհակադրուելու պայմանէն անդին անցնող որեւէ գործօն, յատկանիշ կամ անձնական համակրանք ու յարաբերութիւն:

Այս ներքաղաքական բեւեռացած մթնոլորտը կար դեռեւս Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն առաջ, բայց խորացաւ անկէ յետոյ եւ չի հեշտացներ հիմնականօրէն արտաքին գործօնի (մեծապետական հակամարտութեան վերադարձ, ռուս-թրքական ռազմավարական մերձեցում եւ Ուքրանիոյ պատերազմով Եւրասիոյ նախկին խորհրդային տարածքի եւ անոր Կովկասեան ծայրամասի անկայունացում) հետեւանքով Հայաստանի նման փոքր եւ խոցելի պետութեան մը »անհետացման« գործընթացին գէթ վերահսկումը, այսինքն՝ երկրի ճակատագիրը որոշող գործընթացներու մէջ նախաձեռնողական եւ ոչ միայն հետեւողականական մասնակցութիւն ունենալ: Իշխանութեան վրայ գտնուող ռւժը, որ Յունիս 2021-ի ընտրութիւններով պահած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, ինքզինքին իրաւունք կրնայ տալ այն ինքնավստահութիւնը ընդ որում առանց ընդդիմութեան հետ փոխ-հասկացողութեան հասնելու կրնայ նման նախաձեռնողականութիւն ունենալ: Բայց այդ մէկը պարզապէս ինքնախաբէութիւն է եւ ոչ մէկ երաշխիք ընդդէմ պետութեան յաւելեալ տկարացման եւ երկրի խոցելիութեան խորացումին: Այլ խօսքով՝ Սահմանադրականօրէն իշխող մեծամասնութիւնը կրնայ ենթադրել որ պետութիւնը կը գործէ, բայց այդ մէկը չի բացառեր պետութեան «անհետացումը»:

Պահ մը մէկ կողմ ձգենք 9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմանի Համաձայնագիրը ստորագրած պարտութեան պատասխանատուին անմիջական հրաժարականին եւ խորհրդարանական հետաքննիչ յաձնաժողովի մը կազմութեան կենսական անհրաժեշտութեանն օրուայ հրամայականը, որուն մասին բազմիցս խօսուած է: Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն յետոյ, եւ գիտակից երկրի խոցելիութեան կտրուկ խորացման, հայրենի քաղաքական վերնախաւը երեք հիմնական նախաձեռնութեան պիտի դիմէր՝ ներքաղաքական համաձայնութիւն ճշդելու համար ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ուղին, պաշտպանական համակարգի վերակազմակերպում ի մտի ունենալով որ Եռակողմանի Համաձայնագիրը միայն զինադադար է եւ թշնամին աւելին պիտի ուզէ, եւ Սփիւռքի ներգրաւում՝ համաշխարհային մասշտապով թուրք-ազրպէյճանական քարոզչական արշաւը դիմակայելու եւ միջազգային բեմին վրայ հայկական դիւանագիտութեան զօրակցելու նպատակով: Յունիս 2021-ի արտահերթ ընտրութիւններն ու անոնց արդիւնքով ձեւաւորուած խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւնը, «տարածաշրջանի խաղաղութեան դարաշրջան«ի հրետոռաբանութեամբ բանաձեւուած առաջարկը որպէս արտաքին եւ ազգային ապահովութեան քաղաքականութեան ուղեցոյց, եւ Սփիւռքը միայն անհատներու ընդմէջէն ընկալելու մօտեցումը բացառեցին վերոնշեալ երեք հրամայականներով ներազգային միասնութեան առաջացումը որպէս գործօն՝ հակակշռի տակ առնելու պետութեան «անհետացումը»:

Ինչ որ իրապաշտօրէն նախատեսելի է եկող երկու տարիներուն՝ կտրուկօրէն Ազրպէյճանին օգտին թեքած նոր սթաթուս քօ-ի (status quo) մը շարունակումն է: Այդ արդէն ճիգ կը պահանջէ իշխանութիւններէն, որոնք ազրպէյճանական իւրաքանչիւր նոր առաջընթաց Հայաստանի սահմաններէն ներս ոչ միայն չեն կրնար կանխատեսել եւ կանխարգիլել, այլ ստիպուած են նորագոյն պարտութիւններն ու ետընթացները տեղադրել սթաթուս քօ-ի ծիրէն ներս: Այս մէկը անհեթեթ կը թուի, որովհետեւ ենթադրաբար սթաթուս քօ-ն կը բացառէ իրավիճակի փոփոխութիւն: Բայց, ահաւասիկ, իշխանութիւններու ճիգը երեւի փոփոխական սթաթուս քօ-ն… սթաթուս քօ պահելու համոզումին մէջ կը կայանայ: Կրնայ ըլլալ նաեւ որ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եւ այդ մէկը ներկայացուի որպէս պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու ատակութեան փաստ: Խորքին մէջ, սակայն, Հայաստանի ծայրայեղ խոցելիութեան պայմաններուն մէջ ստորագրուած որեւէ համաձայնագիր պարզապէս պիտի ամրագրէ պետութեան «անհետացման» փաստը:

Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն անմիջապէս յետոյ ընդդիմութիւնը երեք մասսայական նախաձեռնութիւններով՝ Ազգային Փրկութեան Շարժում, Յունիս 2021-ի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցութեան որոշում եւ Դիմադրութեան ցոյցեր, փորձեց իր շուրջ համախմբել անհրաժեշտ այն զանգուածը որ քուէի թէ փողոցային ճնշումի ճամբով կրնար իրականացնել միակ նպատակ մը՝ իշխանափոխութիւն: Այդ նպատակի իրականացումը մինչեւ հիմա ձախողեցաւ, ինչպէս ընդդիմութեան ղեկավարները չեն վարանիր ընդունելու: Շօշափելի արդիւնք չտուին նաեւ զուգահեռ նախաձեռնութիւնները՝ երեք նախագահներու եւ Վեհափառի հաւաք, Սփիւռքի մէջ »դիմադրութեան օճախներ«ու ստեղծում եւ Արցախի զօրակցութեան Միասնութեան հաւաք: Ընդդիմութեան համար իշխանափոխութեան նպատակը կը մնայ անփոփոխ, ինչ որ հասկնալի է ի դիմաց իշխանութիւններու անկարողութեան չէզոքացնելու արտաքին սպառնալիքը, եւ յամառումին՝ Սինաթրայի երգին բառերով «Իմ ուղիով» ընելու անհրաժեշտը («իմ ուղիով»ը այս պարագային պիտի հասկնալ որպէս «Փաշինեանի ուղիով»): Բայց նպատակի անփոփոխութիւնը չի կրնար յարատեւել առանց արդիւնաւորման, որովհետեւ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ժամանակաշրջանի աւարտը ժամկէտ է նաեւ ընդդիմութեան համար:

Զանգուածային այդ նախաձեռնութիւններու ձախողութենէն յետոյ, եւ համաձայն իր ղեկավար դէմքերու տուած հաւաստիքին՝ առանց բացառելու նման զօրաշարժերու վերադարձը, ընդդիմութիւնը տարին աւարտեց վերադառնալով Ազգային Ժողով: Խորհրդարանը այն վայրն էր ուր Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ փորձ կատարուեցաւ ներքաղաքական համաձայնութեան մը հասնելու: Այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Նոյն տարուայ Դեկտեմբերի արտահերթ ընտրութիւններով Փաշինեանը ըսաւ ու յամառեցաւ «ի՛մ ուղիով»: Ազգային Ժողովին մէջ իրենք իրենց որպէս ընդդիմութիւն ներկայացնող պատգամաւորները հաւանաբար անդրադարձան, որ Փաշինեան ընդդիմութիւնը կ՚ընկալէր միայն «ցուցափեղկի» համար: Ի մտի ունենալով Յունիս 2021-էն յետոյ կազմաւորուած փոքրամասական բայց արմատական ընդդիմութեան նպատակի անփոփոխութիւնը եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավար դէմքի մը բարձրաձայն արտայայտած փափաքը՝ ընդդիմութեան զոյգ խմբակցութիւններու լուծարման մասին, թերեւս միամիտ ըլլայ ներքաղաքական որեւէ համաձայնութիւն սպասել մօտ ապագային: Բայց երեւի պիտի յուսալ ծայրայեղ կեցուածքներու բարեփոխութեան ինչ որ յանդգնութիւն, եւ արտաքին սպառնալիքի դէմ պետութեան »անհետացման« գիտակցութեամբ տեսակէտներու մերձեցման փորձ:

Այլապէս Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի պիտի չբացառել պետութեան »անհետացման« պայմաններուն մէջ համահայկական զօրաշարժի վերակազմակերպման մասին մտածելու եւ (ստեղծա)գործելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մէկը ոչ կ՚ենթադրէ, ոչ ալ կը նպատակադրէ գործնական լուծումներ առաջարկել: Ոչ առնուազն այն հանգրուանին երբ մտածողութիւնը պէտք է ըլլայ արմատական իսկ ստեղծագործութիւնը թափ տայ հաւաքական գոյութեան երեւակայութեան թռիչքին: Միայն այդ ձեւով կարելի է անկախութենէն ի վեր ֆեթիշացուած պետութենէ մը հրաշք-լուծումներ սպասելու ինչ որ թմբիրէ մը դուրս գալ: Պետութեան կենսականութիւնը ժխտելու կամ հակապետական մտածողութեան հրաւէր չէ այս: Բայց թերեւս պատմագէտները պէտք է շատ աւելի քննական/քննադատական վերլուծումով վեր առնեն երկար դարերու մեր պետականազուրկ հաւաքական գոյութեան իրողութիւնը, ուրկէ թերեւս ընթացիկ քլիշէներէ անդին կան տակաւին քաղուելիք դասեր:

Կրնայ առարկուիլ, որ քսաներորդ դարուն հայկական պետութեան վերստեղծումը 1918-ին, թէկուզ եւ պայմաններու ստիպողութիւն աւելի քան քաղաքական ծրագիր, անկիւնադարձ մը եղած է քաղաքական մտածողութեան եւ հաւաքական գոյութեան համար: Փաստօրէն, քսաներորդ դարուն, ամբողջ եօթ տասնամեակ, Խորհրդային Հայաստանը պետութիւն էր, բայց ոչ գերիշխան, ոչ որպէս միջազգային իրաւունքի միաւոր, այլ որպէս ծայրամասին հողատարածքի ինքնակառավարում բազմազգեան կայսերական համակարգի մը մէջ եւ ենթակայ այդ համակարգը ղեկավարող կեդրոնին: Այդ պայմաններու մէջ է, որ Սփիւռքի մէջ կազմակերպուեցաւ հաւաքական գոյավիճակ եւ քաղաքական զօրաշարժ: Պատճառ չկայ որ քսանմէկերորդ դարուն համահայկական, եւ ոչ միայն Սփիւռքեան, զօրաշարժը չկարենանք պատկերացնել «անհետացած» պետութեան մը առկայութեան, թէկուզ եւ անոր հզօրացումը ըլլայ անմիջական օրակարգի մէկ կէտը:

Յօդուածի սկզբնաւորութեան տեղադրուած միտքը 9 Հոկտեմբեր 2022-ին մահացած ֆրանսացի մարդաբան, հասարակագէտ եւ մտածող Պրիւնօ Լաթուր-ի վերջին գիրքէն առնուած է (Bruno Latour, Oք suis-je? Leջons du confinement Ո l՚usage des terrestres. Les empՍcheurs de penser en rond, 2021): Լաթուրի հետաքրքրութեան կեդրոնն է տիեզերական գոյութենական ամբողջը աշխարհ մոլորակին վրայ որուն ներկայ ճգնաժամը՝ կլիմայական փոփոխութիւն անհրաժեշտ կը դարձնէ արմատական բառապաշարով մտածողութիւն մը: Լաթուր համամարդկային իր աշխարհահայեացքով հեռու է միջազգային յարաբերութիւններու աշխարհէն: Հայութիւնն ու Հայաստանը մեկուսացած չեն բնապահպանական այն ճգնաժամէն, որ բազմադարաշրջանի մը (Anthropocene) փոփոխութեան ազդանշանը կու տայ: Բայց Լաթուրի յղումը հրաւէր չէ ազգային հիմնախնդիրները տեղադրելու քոսմոփոլիթ ինչ որ մտածողութեան մը մէջ: Օրինակ մըն է բառապաշարի փնտռտուքի, որ իմաստ տայ արմատական նոր մտածումի՝ իր ոճով, պատկերաւորումով եւ բանաձեւած գաղափարով: Պետութեան «անհետացման» պայմաններու մէջ համահայկական զօրաշարժի մասին մտածողութիւնը նման արմատականացման համարձակութեան կարիքը ունի:

Ինչ կը վերաբերի հաւաքական երեւակայութեան թափ տուող ստեղծագործութեան, կը բաւէ յիշել որքան կարեւոր եղան, օրինակի համար, Ռաֆֆիին Կայծերն ու Խենթը ի շարս Զարթօնքի շարժման ամբողջ գրականութեան տասնիններորդ դարու վերջաւորութեան ազգային ազատագրական պայքարին համար, որ յանգեցաւ Հայոց Պատմութեան մէջ աննախընթաց ազգային արդիական պետութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդին: Համահայկական զօրաշարժը որուն մասին պիտի մտածել պետութեան »անհետացման« պայմաններուն մէջ չի կրնար ըլլալ կրկնութիւնը ո՛չ 19-րդ դարու Զարթօնքին, ո՛չ ալ 20-րդ դարու Սփիւռքին. պիտի կարենալ երեւակայել հայութեան 21-րդ դարը:

hairenikweekly.com/համահայկական-զօրաշարժը-պետութեան-ա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail