Ռուսական Բանակը Մաքէեւքայի Մէջ Ծանր Հարուած Ստացաւ

Culture - Kars, Church of the Holy Apostles, 1940 - getty

Ռուսական Բանակը Մաքէեւքայի Մէջ Ծանր Հարուած Ստացաւ

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց կիրակի օրուընէ ի վեր համացանցի վրայ շրջանառուող տեղեկութիւնները, թէ ուքրանական բանակը Նոր տարուան գիշերը հրթիռակոծած են Տոնեցքի մարզի Մաքէեւքա քաղաքը, այդ պատճառով ալ ռուսական կողմը ծանր կորուստներ կրած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան երկուշաբթի օր հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, «ռուս զինուորներու ժամանակաւոր տեղակայման վայրի ուղղութեամբ ՀԱՅՄԱՐՍ համակարգերէ արձակուած չորս հրթիռներու պայթումներուն պատճառով 63 զինուոր զոհուած է»:

Նախարարութեան համաձայն, ուքրանական կողմը արձակած է վեց հրթիռներ, որոնցմէ երկուքը վնասազերծուած են:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Մաքէեւքայի մէջ ռուսական բանակի զօրանոցի վերածուած դպրոցի հրթիռակոծման պատճառով ռուսական բանակի զոհերուն թիւը 400 է, իսկ վիրաւորներունը` 300:

Ռուսական ուժերը երկուշաբթի առաւօտեան շարք մը յարձակումներ գործեցին Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ շարք մը կարեւոր ենթակառոյցներու վրայ:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ իր ստացած հետախուզական տեղեկութեան համաձայն, Ռուսիան մտադիր է իրանեան «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ գործել: Ըստ անոր, Ռուսիան կը ծրագրէ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներու երկարատեւ ալիքով Ուքրանիան «ուժասպառ» դարձնել:

aztagdaily.com/archives/568948

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail