«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Պաշտպանել Ազրպէյճանը Եւ Մեղադրել Հայաստանը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը
11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ յայտարարած է, որ Թուրքիան անշեղօրէն պաշտպանած է ու պիտի շարունակէ պաշտպանել «Ազրպէյճանի արդարացի պայքարը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ան ըսած է, որ Հայաստանը «իր գործողութիւններով կը սպառնայ շրջանի խաղաղութեան»: Անգարան հայկական կողմէն կը սպասէ Ռուսիա-Ազրպէյճան-Հայաստան եռակողմ համաձայնութիւններու ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան փոխանցումով, Մուսթաֆա Շենթոփ այս յայտարարութիւնները կատարած է Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիական խորրդարանական վեհաժողովի ծիրին մէջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Մտահոգութիւն յայտնելով յետհակամարտային շրջանին մէջ Երեւանի ոչ կառուցողական գործողութիւններուն նկատմամբ, համաձայնութիւն ձեռք բերուած է տուեալ հարցը մտցնել միջազգային կառոյցներու օրակարգ», կը հաղորդէ թրքական լրատուամիջոցը:
aztagdaily.com/archives/569464