Պարզանի. «Քիւրտերու Անկախութիւն Յայտարարելու Ժամանակը Հասած Է»

Barzani_AZTAG
Մասութ Պարզանի

04 փետրուար 2016
Քրտական «Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասութ Պարզանի յայտարարած է, որ քիւրտերու անկախութիւնը յայտարարելու ժամանակը հասած է: Ան կոչ ուղղած է այդ հարցին շուրջ ոչ պաշտօնական հանրաքուէ մը կատարելու:

Պարզանի յայտնած է, որ անկախութեան համար հանրաքուէ կատարելը քիւրտերուն ամէնէն բնական իրաւունքն է եւ անոնք իրենց պետութիւնը ստեղծելու համար ոեւէ մէկէն արտօնութիւն խնդրելու կարիք չունին:

«Եթէ քիւրտերը չձեռնարկեն այդ գործին, ապա ուրիշներ երբեք պիտի չճանչնան անոնց ինքնորոշման իրաւունքը: Այժմ ամէնէն ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի քիւրտ ժողովուրդը ինքնորոշուի: Քիւրտերը իրենց ազգային պետութիւնը ստեղծելու համար ոչ ոքի արտօնութեան կարիքը ունին», ըսած է ան:

Իրաքցի քիւրտերու ղեկավարը ընդգծած է, որ այնքան ատեն որ քիւրտերու իրաւունքները կ՛անտեսուին, շրջանին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail