Քրեմլին Արձագանգած Է Փաշինեանի` ՀԱՊԿ-ի Ռազմափորձերէն Հրաժարելու Մասին Յայտարարութեան

Culture - Karnoy, Daronk or Darun fortress fortress, old and famous fortress, Kogvit province of Ararat, that 15 centuries, It has been known as Payazet

Քրեմլին Արձագանգած Է Փաշինեանի` ՀԱՊԿ-ի Ռազմափորձերէն Հրաժարելու Մասին Յայտարարութեան

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

<Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում >

Հայաստան կը մնայ Ռուսիոյ «շատ մտերիմ դաշնակից»-ը, որուն հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի: Այս մասին յայտնած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով «Առ.Պի.Սի.»-ի հարցումին, թէ Քրեմլինը ի՞նչ կը մտածէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ 2023-ին ՀԱՊԿ-ի ռազմափորձերու կատարումէն հրաժարելու վերաբերեալ յայտարարութեան մասին:

«Ասիկա Հայաստանի վարչապետի նոր յայտարարութիւնն է: Կը կարծեմ, որ ՀԱՊԿ-ի գործընկերները կապի մէջ պիտի ըլլան, պիտի յստակացնեն Հայաստանի դիրքորոշումին մանրամասնութիւնները: Ամէն պարագայի, Հայաստանը մեր շատ մտերիմ դաշնակիցն է, մենք պիտի շարունակենք երկխօսութիւնը, ներառեալ այն հարցերը, որոնք այժմ շատ բարդ են», ըսած է Փեսքով:

Փաշինեան երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտին գրաւոր տեղեկացուցած է, որ մենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նման ռազմափորձեր կատարելը այս կացութեան մէջ նպատակայարմար չենք նկատեր, եւ այդ ռազմափորձերը, յամենայն դէպս, այս տարի տեղի պիտի չունենան:

ՀԱՊԿ. «Հայաստանի Մէջ Նախատեսուած Ռազմափորձերը
Կրնան Այլ Երկրի Տարածքին Մէջ Կատարուիլ»

ՀԱՊԿ-ն յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ նախատեսուած ռազմափորձերը կրնան տեղի ունենալ այլ երկրի տարածքին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Այժմ միացեալ սպայակոյտին մէջ կը մշակուին այդ վարժանքները կազմակերպութեան անդամ այլ երկիրներու տարածքին մէջ կատարելու առաջարկներ եւ 2023-ին Հաւաքական անվտանգութեան ուժերու եւ միջոցներու ձեւաւորման եւ ատոր կառավարման օրկաններու պատրաստման միացեալ ծրագիրի յստակացումներ», յայտարարած է զինուորական դաշինքը:

aztagdaily.com/archives/569465

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail