թուրքիան եւ ազրպէյճանը Վրդովուած Են Հայ-իրանական Բարեկամութենէն

Map of Armenia - Historical Armenia and future Armenia – Carte de l'Arménie - Arménie historique et future Arménie

թուրքիան եւ ազրպէյճանը Վրդովուած Են Հայ-իրանական Բարեկամութենէն

25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d’État par le régime fasciste d’Azerbaïdjan

Յունուար 18-ին Թեհրան կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը հանդիպած է իր գործընկերոջ՝ Ալիռեզա Զաքանիի հետ: «ԵՐԿԻՐ»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման յաջորդած է Երեւանն ու Թեհրանը քոյր քաղաքներ հռչակելու մասին համաձայնագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հրաչեայ Սարգսեանն ու Ալիռեզա Զաքանին երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ ստորագրած են նաեւ աշխատանքային ծրագիրը, որմով կողմերը պարտաւորուած են գործակցութիւն ծաւալելու փոխադրամիջոցի, քաղաքաշինութեան, մշակոյթի, բնապահպանութեան ու քաղաքային տնտեսութեան շարք մը այլ ոլորտներու մէջ:

Տարածաշրջանի հնագոյն քաղաքակրթութիւններու հինաւուրց մայրաքաղաքներու՝ քոյր քաղաքներ ճանչցուիլը մեծ իրարանցում յառաջացուցած է երկու հարեւաններու՝ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի մօտ:

թրքական էրտողանամէտ Haber Global հեռուստաընկերութեան եթերով «Իրանն ու Հայաստանը եղբայրներ դարձան. թ(ի)ւրքական թշնամութիւնները ջուրի երես ելան» վերնագիրով ռեբորթաժ թողարկուած է: Այնտեղ կը նշուի, որ Իրանը, որ ձայն չէր հանած «ազրպէյճանի տարածքներու գրաւման եւ ազրպէյճանցիներու հալածանքներ»-ուն նկատմամբ, գրկաբաց կ՝ընդունի Հայաստանը:

«Ղարաբաղի հարցով ինքզինք անկողմնակալ յայտարարող Իրանը, որ ամէն պատեհ առիթով կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը, այս անգամ բացայայտ յայտարարած է, թէ որ կողմը, նոյնիսկ իրեն համար եղբայր ընտրած է: Երեւանն ու Թեհրանը քոյր քաղաքներ դարձած են… Ասիկա մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ Իրանի իրական դէմքը»,- նշած է հեռուստաալիքը:

Ըստ թրքական ԶԼՄ-ին՝ Իրանը վերջին շրջանին առած է ազրպէյճանը ջղայնացնող քայլեր, որոնցմէ մէկը «Զանգեզուրի միջանց»-ի տարածքին վրայ իրանական հիւպատոսութեան բացումն է (Կապանի մէջ): Այդպիսով Թեհրանը ազդանշան տուաւ, թէ ինչպէս կը վերաբերի թիւրքական աշխարհը միաւորող «Զանգեզուրի միջանցք»-ին. կը նշէ Haber Global-ը՝ մէջբերելով Իրանի ԱԳՆ ղեկավար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի խօսքերը՝ «Մեզի համար Հայաստանի անվտանգութիւնը, տարածաշրջանի անվտանգութիւնն է»:

Թեհրանի եւ Երեւանի՝ քոյր քաղաք ճանչցուելուն արձագանգած է նաեւ ազրպէյճանը. Իսլամական աշխարհի մէջ հեղինակութիւն չունեցող «Կովկասի մահմետական վարչութիւն» կոչուող գրասենեակի ղեկավար, ալիեւի գրպանային գործիչ, շէյխ ուլ-իսլամ ալլահշուքիւր փաշազատէն քննադատած է Իրանը Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ քոյր քաղաքային յարաբերութիւններ հաստատելուն համար:

«Իմ վերաբերմունքը այն հարցին, որ Թեհրանն ու Երեւանը քոյր քաղաքներ դարձած են, բացասական է։ Իրանը մեծ սխալ թոյլ կու տայ իսլամի պատմութեան մէջ, եւ ատիկա աններելի է։ Մենք իրենց եղբայրներ կ՝անուանէինք։ Սակայն, մենք համոզուեցանք, որ անոնք այլ եղբայրներ ալ ունին, իսկ մենք օտար ենք»,- նախանձով ըսած է փաշազատէն՝ հաւանաբար մոռնալով, որ սեփական երկրին մէջ հետապնդման կ՝ենթարկուին շիադաւանները, որ մեծ քննադատութեան կ՝ենթարկուի շիա իսլամական աշխարհի կեդրոնի՝ Իրանի կողմէ:

yerakouyn.com/2023/01/20/թուրքիան-եւ-ազրպէյճանը-վրդովուած-են-հ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail