«Ուքրանիոյ Ամերիկեան Հրասայլերու Մատակարարումը Ցայտուն Սադրանք Է» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

«Ուքրանիոյ Ամերիկեան Հրասայլերու Մատակարարումը Ցայտուն Սադրանք Է» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտնեց. «Ուքրանիոյ ամերիկեան հրասայլերու մատակարարումը ցայտուն սադրանք պիտի ըլլայ, (ռուսական) ուժերու թիրախ պիտի ըլլայ, եւ անոնք պիտի քանդուին»:

«Եթէ Միացեալ Նահանգներ որոշեն Քիեւին հրասայլեր մատակարարել, ապա այդ քայլը արդարացնել փորձելը, թէ «պաշտպանողական զէնքեր» են, հաստատօրէն պիտի չյաջողի», ըսաւ ան:

Անթոնով ընդգծեց, որ այդ քայլը «Ռուսիոյ դաշնութեան դէմ մէկ այլ բացայայտ սադրանք է, եւ ոչ ոք պէտք է որեւէ պատրանք ունենայ, թէ ո՛վ է ներկայ տագնապին մէջ նախայարձակը, եւ կասկած չկայ, որ եթէ Քիեւի «Ապրամզ» հրասայլեր մատակարարելու որոշումը տրուի, ամերիկեան հրասայլերը մեր բանակին կողմէ պիտի քանդուին, ճիշդ ինչպէս ՕԹԱՆ-ի մնացեալ սարքերը քանդուեցան»:

«Ամերիկա ջանք կը թափէ Ռուսիան ռազմավարական պարտութեան մատնելու, կանաչ լոյս կու տայ ամերիկեան օժանդակութիւնները Խրիմի վրայ յարձակում գործելու համար օգտագործելու եւ կը թաքցնէ Տոնպասի, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի շրջաններու բնակչութեան դէմ ծայրայեղականներուն ոճիրները», նշեց Ռուսիոյ դեսպանը` աւելցնելով. «Իրողապէս, ամերիկացիներուն Ուքրանիոյ զինուորական օժանդակութիւններ տրամադրելու մասին կը սկսին խօսիլ, մանաւանդ երբ ռուսական ուժերը յաղթանակներ կ՛արձանագրեն»:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Գերմանիան պատրաստ են Ուքրանիա հրասայլեր ուղարկելու, Քիեւ յոյս ունի, որ անոնք պատերազմի դաշտին վրայ կացութիւնը պիտի փոխեն:

Կը հաղորդուի, որ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց առնուազն 14 գերմանական «Լեփըրտ 2» հրասայլ ուղարկելու որոշում տուած է:

Ամերիկեան լրատուամիջոցները, յղում կատարելով անանուն աղբիւրներու, գրած են, որ Ուաշինկթընն ալ, իր կարգին, շուտով պիտի յայտնէ առնուազն 30 «Ապրամզ» հրասայլ ուղարկելու մասին:

aztagdaily.com/archives/570989

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail