ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ․․․ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ

Constantinople - Sainte-Sophia

ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ․․․ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

 ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

«Հայրենիք»

Թուրքիա-Սուրիա հաշտութեան շրջագիծին մէջ կան շարք մը խաղաքարտեր եւ ազդակներ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ գծել Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ ապագայ յարաբերութիւնները:

Այս առումով սուրիացիները երկար սպասեցին եւ լաւ հետեւեցան ու լսեցին թրքական յորդող յայտարարութիւններուն, նախքան անոնց պաշտօնական, յստակ եւ անկեղծ պատասխան տալը:

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ հաշտութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն նախագահներուն հանդիպումին մասին թրքական պաշտօնական յայտարարութիւններու տարափ մը արձանագրուեցաւ նախորդ հինգ ամիսներուն ընթացքին:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, անոր օգնականները, տեղեկատուական մարզի վերլուծաբաններն ու խոսափողերը, ինչպէս նաեւ թուրք այլ պատասխանատուներ նախորդ ամիսներուն օգտագործեցին այնպիսի բառամթերք մը եւ այնպիսի եզրեր, որոնք այս իմաստով են, եւ այս նպատակին կը ծառայեն:

Անշուշտ այս բոլորը պատահեցան Դամասկոսի կողմէ քար լռութեան ընթացքին: Սուրիական կողմը իր յայտարարութիւններուն մէջ բաւարարուեցաւ քանի մը պաշտօնական յայտարարութիւններով, որոնք հաղորդագրութիւններուն ձեւաչափով դրսեւորուեցան. անոնցմէ էր Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որ կ’անդրադառնար Մոսկուայի մէջ 28 Դեկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն հանդիպումին, ներկայութեամբ` անոնց ռուս պաշտօնակիցին:

Այս իրականութիւնը ցոյց կու տայ կարգ մը կարեւոր հանգամանքներ, որոնցմէ են օրինակ Էրտողանի նկարագիրը եւ գիտակցութիւնը, թէ Ուքրայինայի պատերազմին պարագային Թուրքիա կրնայ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունենալ` քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական առումով, մինչդեռ Սուրիա կը մնայ այդ պատերազմէն կախեալ պայքարի հրապարակներէն մէկը, երբ ամերիկացին եւ ռուսը դէմ դիմաց կանգնած են` հաշիւներ մաքրելու եւ իրարու խաղաքարտեր այրելու: Իսկ Դամասկոսը կը մնայ խոցելի վիճակի մէջ, ուր կեանքի բոլոր ոլորտները կը մնան շրջափակուած:

Ի տես այս բոլորին, Էրտողան կը մտածէ, որ ինք կրնայ իր նոր ծրագիրները առաջարկել եւ ներքին թրքական իմաստով անոնց արդիւնքները քաղել` նախագահական ընտրութեան սեմին, նկատի ունենալով, որ ներքին թրքական առումով Էրտողանի ժողովրդականութիւնը մեծ նահանջ մը արձանագրած է, Սուրիոյ մէջ անոր վարած քաղաքականութեան պատճառով, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով, որոնք ներքին թրքական առումով վերածուած են տնտեսական եւ ընկերային ծանր բեռի մը:

Նոյնն է պարագան թրքական-քրտական պայքարի մակարդակին վրայ, մեկնելով այն իրականութենէն, որ Էրտողան իր ծրագիրներուն գլխաւոր խորագիր մը ճշդած է այդ մէկը, երբ սպառնացած է Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկել, որպէսզի փճացնէ հոն գտնուող այսպէս կոչուած քրտական ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ քրտական խմբաւորումները 30 քլմ․ դէպի Սուրիոյ խորերը շպրտէ` ստեղծելով սուրիացի տեղահանուածներէն զերծ «Ապահով գօտի» մը: «Ապահով գօտի»-ին մէջ պիտի զետեղուին զինեալ խմբաւորումներն ու սուրիական իշխանութեան ընդդիմադիր քաղաքական խմբակներրը, եւ կացութիւնը պիտի նմանի Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ տիրող կացութեան, ուր կը գտնուին քիւրտերն ու ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը:

Միւս կողմէ, այս ծրագիրները ցոյց կու տան, որ Օսմանեան բռնագրաւումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով եւ 4 տարի շարունակաբար տնտեսական ու ապրուստի ծանր ու դժնդակ պայմաններ դիմագրաւող Դամասկոսը, ազգային քաղաքական իր սկզբունքներէն բնաւ չէ շեղած: Իսկ այն շրջափակումը, որ պէտք է մղէ զինք ընդունելու Էրտողանի առաջարկած թրքական «Փրկութեան լաստ»-ը, ոչ մէկ ձեւով ազդած է Սուրիոյ ռազմավարական եւ գերիշխանական որոշումներուն:

Սուրիոյ դիմագրաւած տնտեսական այս ահռելի տագնապին ունեցած աղէտալի հետեւանքները չեն ստիպած, որ Դամասկոս սկսի իր նայուածքը շեղել այն ճշմարտութենէն, որ Էրտողան ինքն է, որ Դամասկոսէն «Փրկութեան լաստ» մը կը պահանջէ: Սուրիա մտադիր չէ մէկը փրկել, բացի իր գերիշխանութենէն եւ իր իրաւունքներուն պաշտպանութենէն` նկատի ունենալով տակաւին ընթացող սուր պայքարը:

Հետեւաբար սուրիացիները երկար սպասեցին` լաւապէս դիտելով ու լսելով թրքական յայտարարութիւնները: Սուրիական կողմէ յստակ, ուղղակի, անկեղծ ու պաշտօնական մէկ յայտարարութիւն կատարուեցաւ, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 12 Յունուար 2023-ին հանդիպում մը ունեցաւ ռուս յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրէնթիեւի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ասատ շեշտեց, որ երկկողմանի այս հանդիպումները արդիւնաւէտ ըլլալու համար պէտք է հիմնուած ըլլան Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութեան եւ համադրումին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ նպատակներ իրագործել, ինչպէս նաեւ յանգիլ Սուրիոյ փափաքած շօշափելի արդիւնքներուն: Այս բոլորը անշուշտ մեկնարկ պիտի ունենայ սուրիական պետութեան ու սուրիացի ժողովուրդին ազգային սկզբունքներն ու անշեղ կեցուածքները, որոնք հիմնուած են բռնագրաւումին վերջ մը դնելու եւ ահաբեկչութեան օժանդակութիւնը կասեցնելու վրայ:

Այս կը նշանակէ նաեւ, որ Սուրիա տակաւին կառչած կը մնայ իր նախապայմաններուն, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն միջեւ յառաջխաղացք մը արձանագրել: Այդ նախապայմաններն են Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ թրքական բռնագրաւումին վերջ մը տալ, ինչպէս նաեւ անմիջապէս կասեցնել սուիրական պետութեան դէմ կռուող եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տրամադրուած օժանդակութիւններն ու զօրակցութիւնը, որպէսզի Անգարա վերջ տայ սուրիական հողերուն վրայ իր օրակարգերը իրականացնելու նպատակով այդ խմբաւորումներուն օգտագործումին:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի կատարած յայտարարութիւնները` Դամասկոսի մէջ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահիանի հետ հանդիպումէն ետք, դարձեալ կը մնան նոյն սկզբունքները պահպանելու ծիրին մէջ: Մըքտատ շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը անկարելի է, երբ թրքական բռնագրաւումը կը յամենայ եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն Անգարայի զօրակցութիւնը կը շարունակուի:

Դամասկոս կատարուած ռուսական եւ իրանեան զոյգ այցելութիւններուն ընթացքին, Դամասկոսի դաշնակիցները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեցին իր գերիշխանութիւնը երկրին ամբողջ տարածքին եւ բնական հարստութիւններուն վրայ պարտադրելու Սուրիոյ իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին իրենց վստահութիւնը` սուրիական կեցուածքներուն հանդէպ:

Սուրիա-Թուրքիա հաշտութեան յանգելու համար ի գործ դրուող ռուսական եւ իրանեան տքնաջան աշխատանքով, 17 Յունուար 2023-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններուն քննարկման նուիրուած հեռաձայնային երկարատեւ հաղորդակցութեամբ, ինչպէս նաեւ նոյն օրուան ընթացքին Ապտելլահեանի Անգարա կատարած այցելութեամբ հանդերձ, սուրիական պետութեան կատարած վերջին յայտարարութիւնները իրենց յստակ արձագանգը ունեցան Անգարայի մէջ: Այդ յայտարարութիւններուն արձագանգը այնքան հզօր էր, որ թրքական նախագահական բանբեր Իպրահիմ Քալըն հաստատեց, որ արեւելեան Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը տակաւին ընտրանք է` Թուրքիոյ համար` աւելցնելով, որ անիկա որեւէ ատեն կրնայ գործադրուիլ վերջ տալու համար քրտական խմբաւորումներուն, եւ ապահովել երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Քալըն նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը կրնայ յետաձգուիլ յառաջիկայ փետրուարի կիսուն, մինչ նախագահներ Էրտողանի եւ Ասատի միջեւ հանդիպումի թուական մը ճշդելը տակաւին անկարելի կը թուի ըլլալ: Այս բոլորը կը փաստեն, թէ յունուարի կիսուն նախարարական մակարդակի, իսկ փետրուարի սկիզբ` նախագահներուն միջեւ վեհաժողովի հաւանականութիւններուն ակնարկող թրքական յայտարարութիւնները պարզապէս թրքական հեռետիկոսութիւններ էին: Անոնք ուղղակիօրէն առնչուած էին այս իմաստով զարգացում արձանագրելու կարիք ունեցող Դամասկոսին հանդէպ Անգարայի վստահութեան, մինչդեռ Դամասկոս այլ էջի վրայ կը գտնուէր եւ այս թղթածրարին առումով, ան իր նախնական սկզբունքներէն անշեղ կը մնար:

Տակաւին այս իրականութիւնը կը նշանակէ, թէ երկու կողմերուն միջեւ դիւանագիտական ոչ մէկ հանդիպում պիտի արձանագրուի` նախարարական թէ նախագահական մակարդակի վրայ, եթէ Թուրքիա գետնի վրայ քայլերու չդիմէ, օրինակ` սուրիական շրջաններէն զինուորական նահանջ չկատարէ եւ զինեալ խմբաւորումները հեռացնելու իմաստով ծրագիրներ չմշակէ:

Սակայն Անգարայի կողմէ գործնական քայլերու դիմելու կարողութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Թուրքիա կրնայ խուսանաւումներ կատարել եւ դարձեալ սպառնալ Դամասկոսին` անոր վրայ ճնշում բանեցնելով եւ զայն մղելով, որ քաղաքական որոշ քայլերու համաձայն գտնուի, առանց իսկական ու շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու:

Այս իրականութիւնը ի յայտ եկաւ, երբ տակաւին յունուարի առաջին կիսուն ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն Դամասկոսի ազատագրման խորհուրդի պետ Ապու Մոհամետ Ժուլանիի զինեալները յարձակում մը գործեցին Հալէպի շրջակայքը գտնուող սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ եւ ռմբակոծեցին Հալէպի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող գիւղաքաղաքներ:

Նշեալ յարձակումներուն յաջորդեցին Լաթաքիոյ գիւղաքաղաքներուն դէմ գործուած ռմբակոծումներ, այս անգամ սակայն Քրտական կուսակցութեան եւ ալպանական խմբաւորումներուն կողմէ, որոնք նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ են եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեան տակ կը գործեն: Այդ յարձակումներուն եւ ռմբակոծումներուն պատճառով նահատակուեցան 5  սուրիացի զինուորներ:

Կարեւոր ու գետնի վրայ արձանագրուած այս իրադարձութիւնները կը յուշեն, թէ քաղաքական եւ դիւանագիտական առումով ոչ մէկ զարգացում պիտի արձանագրուի: Անոնք կը փաստեն, թէ Անգարա տեղեկատուական ծանուցողական յայտարարութիւններու սահմաններուն մէջ կը գտնուի, իսկ Դամասկոս կը մնայ իր կեցուածքին վրայ, որ ինքնին ցուցանիշ է, թէ ան Էրտողանի հանդէպ ունի զերօ վստահութիւն:

Ուրեմն հակառակ ի գործ դրուած իրանեան եւ ռուսական ջանքերուն, յստակ է, որ եթէ Էրտողան իր դրական յայտարարութիւններուն զուգահեռ գործնական քայլերու չդիմէ, ապա կացութիւնը պիտի մնայ նոյնը, եւ քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները բարելաւելու փուլը պիտի յետաձգուի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդող ժամանակաշրջանին, գիտնալով հանդերձ, որ այդ ընտրութիւնները կրնան Էրտողանի ի նպաստ չըլլալ: Մինչ այդ Դամասկոսն ու անոր դաշնակիցները կրնան կարեւոր յառաջխաղացք կատարել արաբական մակարդակի վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Սուրիա որոշեց արաբական դերակատարութիւն ապահովել թրքական կողմին հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մակարդակով:

Այս իրականութիւնը դրսեւորուեցաւ, երբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Դամասկոս, ուրկէ յայտարարեց, թէ յառաջիկային կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել Սուրիա-Թուրքիա-Ռուսիա արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին: Աւելին. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտօնական աղբիւրներ սպրդեցուցած են տեղեկութիւններ, թէ իրենք ջանքեր կը թափեն Սուրիոյ հետ արաբական յարաբերութիւնները բարելաւելու, յատկապէս Ռիատի եւ Գահիրէի պարագային:

Այս իմաստով կարելի է անդրադառնալ այն իրականութեան, թէ սուրիական միջավայրին մէջ այս օրերուն շրջնառութեան մէջ դրուած են Սէուտական Արաբիայէն արտադրութիւններ ներածելու յայտարարութիւններ:

Նշենք, որ Ապտոլլահիանի Դամասկոս այցելութիւնը իր կարգին կը նկատուի Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Սուրիա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ Ռայիսի իր կարգին այցելէ Դամասկոս քննարկելու համար երկկողմանի եւ շրջանային թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելու երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համաձայնագիրներու գործադրութիւնը, որպէսզի շրջափակումի տակ գտնուող այս երկու երկիրները կարենան շրջանցել իրենց դժուարութիւնները:

Ռայիսիի այցելութեան նպատակը պիտի ըլլայ նաեւ նպաստել Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու թղթածրարը շարժելու` փարատելով թրքական միտումներուն նկատմամբ Դամասկոսի մտավախութիւնները:

Պէտք է ըսել, որ Դամասկոսի մէջ Ասատ-Ռայիսի հանդիպումին արդիւնքները շրջանային առումով պիտի ունենան հզօր ու ցնցիչ ազդեցութիւն, որովհետեւ շրջանին մէջ թղթածրարները արդէն իսկ հասունցած են եւ կրնան ծառայել երկու երկիրներու շահերն ու երկու ժողովուրդներուն բարօրութիւնը ապահովելու:

hairenikweekly.com/թուրքիա-սուրիա-հաշտութեան-շրջագիծին/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail