«Թուրքիան Հինգ-Վեց Ամիս Ետք Պիտի Հեռանայ ՕԹԱՆ-էն» Կ՛ըսէ «Հայրենիք» Կուսակցութեան Փոխնախագահը
28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թրքական «Հայրենիք» կուսակցութեան փոխնախագահ Էթհեմ Սանճաք յայտարարած է, որ Թուրքիան հինգ-վեց ամիս ետք կրնայ դուրս գալ ՕԹԱՆ-էն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը:
«ՕԹԱՆ-ը իր սադրանքներով մեզի կը ստիպէ այդպէս վարուիլ: Անոնք կը փորձեն մեզ հակադրել մեր դրացի Յունաստանի հետ: Թուրքիան հինգ-վեց ամիս ետք պիտի հեռանայ ՕԹԱՆ-էն: Անոնք կը փորձեն մեզ ներքաշել Միջին Արեւելքի ջրապտոյտին մէջ: Վերջապէս, դուք կը տեսնէք Շուէտի եւ Նետերլանտներու մէջ Քորանի դէմ կատարուող ցոյցերը», ըսած է Սանճաք:
Ան նաեւ նշած է, որ վերջին հարցախոյզները ցոյց տուած են, որ Թուրքիոյ բնակչութեան շուրջ 80 առ հարիւրը վստահ է, որ Ամերիկան երկիր մըն է, որ թշնամական եւ կործանարար քաղաքականութիւն կը վարէ հանրապետութեան նկատմամբ:
«Վերջին ժամանակներս թուրք ժողովուրդը սկսած է համակրիլ Ռուսիոյ եւ Փութինին», ըսած է թուրք քաղաքական գործիչը:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին հերքեց ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու ծրագիրներու գոյութիւնը:
«Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի կազմէն դուրս գալու մասին խօսք չկայ: Մենք ՕԹԱՆ-ը հիմնած երկիրներէն մէկն ենք», ըսած է Չելիք:
aztagdaily.com/archives/570992