Հայաստանի Իշխանութիւնները Կ՛արգիլեն ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Մուտքը

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – RESISTANCE – المقاومة – RÉSISTANCE – СОПРОТИВЛЕНИЕ

Հայաստանի Իշխանութիւնները Կ՛արգիլեն ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Մուտքը

30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՍՓԻՒՌՔ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ առանց որեւէ պատճառաբանութեան, այս անգամ Հայաստանի համար անբաղձալի անձ նկատուած է Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեան:

Գարագաւորեան պէտք էր Հայաստան այցելէր 6-10 փետրուարին Սիւնիքի մէջ տեղի ունենալիք ՀՅԴ Երիտասարդական համաշխարհային համագումարին մասնակցելու: Համագումարին պիտի համախմբուին աշխարհի չորս ծագերէն ՀՅԴ-ի երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչներ` միասնաբար ծրագրելու դաշնակցական երիտասարդութեան յառաջիկայի գործունէութիւնն ու ընելիքները:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Հայաստանի համար անբաղձալի անձեր նկատուեցան ՀՅԴ-ի ղեկավարներ եւ ՀՅԴ Նետերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեան, կրկին առանց որեւէ բացատրութեան:

aztagdaily.com/archives/571343

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail