Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արցախի մէջ 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար կը մղեն զերոյէն ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, առանց ջերմութեան, սնունդի եւ դեղորայքի` բնապահպաններ ձեւացող էքօ-ահաբեկիչներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն Ազրպէյճան պիտի չխուսափի մարդկային իրաւունքներու կապուած լուրջ խախտումներէն` առանց բարձր գին վճարելու:
Ազրպէյճան ծաղրի առարկայ դարձած է ամբողջ աշխարհին առջեւ: Գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները, բացի Էրտողանի բռնապետութենէն, դատապարտած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի անմարդկային շրջափակումը:
Միջազգային կազմակերպութիւնները, օրինակ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Եւրոպական խորհրդարանը, Եւրոպայի խորհուրդը, Եւրոպական միութիւնը եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, քննադատած են Ազրպէյճանի կառավարութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը շրջափակելուն համար:
Աշխարհի հազարաւոր թերթեր եւ հեռատեսիլային ընկերութիւններ խիստ յարձակման ենթարկած են Ազրպէյճանը:
Քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ, յայտնի անձնաւորութիւններ եւ խորհրդարաններ կոչ ըրած են Ազրպէյճանին` անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը:
Այսպիսով, միլիառաւոր այն տոլարները, զորս Ազրպէյճան իբրեւ կաշառք վճարած է Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, որպէսզի ստանայ դրական գնահատանք, վատնուած է:
Միջազգային իրաւունքի անթիւ խախտումներէ ետք բոլորը տեղեկացած են Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգի մասին:
Այսուհետեւ, ոչ մէկ երկիր պիտի յորդորէ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ` հաշուի առնելով վերջինիս ցեղասպանական գործողութիւնները: Բացի ժողովուրդին բացայայտ սպանութենէն` ՄԱԿ ցեղասպանութիւնը կը սահմանէ նաեւ իբրեւ «կենսապայմաններու միտումնաւոր ստեղծում խումբի մը` անոր ֆիզիքական ամբողջական կամ մասնակի ոչնչացման համար»:
Որեւէ հակամարտութեան մը երկու կողմերը պէտք է որ ձգտին խաղաղութեան: Երբ Ազրպէյճան վճռած է կործանել Արցախն ու Հայաստանը, ինչպէ՞ս կրնայ մէկը ակնկալել խաղաղ համակեցութիւն այսպիսի մարդասպան դրացիի մը հետ:
Նախագահ Ալիեւ վարկաբեկեց իր իսկ պնդումը, որ արցախահայերը կրնան երջանիկ ապրիլ ազրպէյճանական իշխանութեան տակ, ինչպէս` Ազրպէյճանի միւս բոլոր քաղաքացիները: Քանի որ ազրպէյճանցիները իրենք իսկ զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն, ինչպէ՞ս կրնայ արցախահայութիւնը օգտուիլ որեւէ իրաւունքէ: Արցախահայերուն համար անկարելի է ապրիլ Ազրպէյճանի մէջ, որուն իշխանութիւնը սովի կը մատնէ իր «ապագայ» քաղաքացիները:
Ալիեւ չի թաքցներ իր նենգ մտադրութիւնը: Ան պարբերաբար հայատեաց յայտարարութիւններ կ՛ընէ` պնդելով, որ Արցախէն բացի` ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատմական Ազրպէյճան է: Ի հարկէ ասիկա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, քանի որ Հայաստան գոյութիւն ունի հազարաւոր տարիներէ ի վեր, իսկ Ազրպէյճան հազիւ հարիւր տարեկանը անց պետութիւն է:
Ազրպէյճանցի կեղծ բնապահպանները երբեք չեն բողոքած սեփական երկրի մէջ օդի խիստ ապականութեան դէմ: Անոնք նաեւ անտեսեցին ազրպէյճանական զինուժին կողմէ միջազգայնօրէն արգիլուած սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ. բան մը, որ Արցախի մէջ ոչնչացուց անտառներ, մարդիկ եւ այլ արարածներ:
Այսպէս կոչուած` ազրպէյճանցի ցուցարարներէն շատեր, որոնք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը, ազրպէյճանցի զինուորականներ են: Ոչ մէկ ազրպէյճանցի իրաւունք ունի մուտք գործելու Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ` առանց Ազրպէյճանի կառավարութեան թոյլտուութեան: Յատկապէս ծիծաղելի է ազրպէյճանցի կին ցուցարարը, որ ջրաքիսի վերարկու հագած` կը ներկայանար իբրեւ բնապահպան…
Միեւնոյն ժամանակ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէր հերքել, որ ազրպէյճանցիները շրջափակած են Լաչինի միջանցքը` ցուցադրելով տեսագրութիւնները Միջազգային կարմիր խաչի քանի մը մեքենաներու եւ ռուս խաղաղապահներու բեռնատարներու, որոնք կ՛անցնին միջանցքով: Պաշարներու այն փոքր քանակութիւնը, որ կը թոյլատրուի բերել Արցախ, չնչին տոկոսը կը կազմէ նախապէս Հայաստանէն Արցախ օրական դրութեամբ առաքուող 400 թոն կշռող պաշարներուն բաղդատած:
Արցախի անփորձ ղեկավարները թոյլ տուին աններելի սխալներ` վնասելով իրենց սեփական շահերուն: Արցախի կառավարութիւնը անխոհեմ որոշում կայացուց փակելով իր հանքերը` ի պատասխան զանոնք ստուգելու ազրպէյճանական պահանջներուն: Այսպիսով, Արցախի կառավարութիւնը զրկուեցաւ այս հանքերէն ստացած հարկային մեծ եկամուտներէն եւ արցախցի հարիւրաւոր հանքագործները ձգեց առանց աշխատանքի ու եկամուտներու: Աւելի՛ն. փոխանակ Ազրպէյճանին ըսելու, որ իրենք գործ չունին Արցախի հանքերուն հետ, Արցախի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ թոյլ կու տայ միջազգային տեսուչներուն` գալ եւ ստուգել հանքերը:
Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը թոյլ տուած միւս սխալը անոր այն յայտարարութիւնն էր, որ հայ աւազակները դրամ կը շահին` օգտագործելով Լաչինի միջանցքը շրջանցող կողմնակի ճամբաները` մաքսանենգութեամբ մարդիկ եւ ապրանքներ տեղափոխելու համար Արցախ եւ հոնկէ դուրս բերելու համար: Այս անտեղի յայտարարութիւնը անմիջապէս տարածուեցաւ ազրպէյճանական լրատուական միջոցներով, որոնք հրապարակեցին Արցախ հասնելու այլընտրանքային երթուղիին քարտէսը` սպառնալով ռմբակոծել այդ ճամբան եւ աշխարհին ըսելով, թէ Արցախի շրջափակում չկայ:
Բացի Ազրպէյճանէն` Լաչինի միջանցքի շրջափակման համար մեղաւոր է նաեւ Ռուսիան, քանի որ պատասխանատուն ի՛նքն է միջանցքը բաց պահելու` ըստ 2020-ի պատերազմի աւարտին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ստորագրած համաձայնագիրին: Ռուս խաղաղապահները պէտք չէր թոյլ տային, որ ազրպէյճանական խուժանը հասնէր միջանցք, ո՜ւր մնաց, որ փակէր զայն: Աւելի՛ն. 120 հազար արցախահայերը դանդաղ սովամահ ըլլալու փոխարէն` պէտք էր որ բռնի ուժով հեռացնէին ազրպէյճանական ամբոխը եւ բանային միջանցքը:
Շրջափակման պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի Հայաստանի իշխանութիւնը: Արցախի ղեկավարներուն ըսելով այն, որ իրենց վէճը լուծելու համար թող ուղղակիօրէն գործ ունենան Ազրպէյճանի հետ, Հայաստանի ղեկավարները լուացած են իրենց ձեռքերը Արցախէն` ազրպէյճանական հզօր թշնամին դիմակայելու մէջ Արցախը ձգելով բոլորովին առանձին, թէեւ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ ինքն է Արցախի ապահովութեան երաշխաւորը:
Ի վերջոյ, սփիւռքահայ համայնքները խաղաղ ցոյցեր ընելու փոխարէն` պէտք է շրջապատեն Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւններն ու դեսպանատուները ամբողջ աշխարհի տարածքին` թոյլ չտալով ազրպէյճանցիներուն, որ ելեւմուտք ունենան այդ շէնքերը, ինչպէս որ իրենք արգելափակած են Լաչինի միջանցքը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/571272