ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մադաթովի Բարեկարգումները Եւ Կարգ Ու Կանոնի Հաստատում – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Էջմիածին` Ծանր Պարտքերու Բեռան Տակ
Եւ Եփրեմ Ա. Կաթողիկոս Շուշիի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի զինուորական կառավարիչ զօրավար Վալերիան Մադաթով, զօրքերու հրամանատարութեան կողքին, ստանձնած էր նաեւ քաղաքացիական ղեկավարման ամբողջ պատասխանատուութիւնը: Անոր զինակիցներու վկայութեամբ Մադաթովի ռազմատենչ բնաւորութիւնը, տեղական լեզուներու եւ սովորութիւններու, ինչպէս նաեւ ասիական ու եւրոպական սովորութիւններու իմացութիւնը` իր ղեկավարած շրջաններուն մէջ զայն դարձուցած էին անփոխարինելի:
Մադաթով մէկուն հետ ընկերաբար կը վարուէր, միւսին պարգեւատրութիւն կը խոստանար, իսկ երրորդը անարդարութենէ կը պաշտպանէր: Անոր բոլոր արարքներուն մէջ կ՛երեւէր մտքի ճկունութիւնն ու հեռատեսութիւնը:
Կարգ ու կանոն եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար ան անձամբ բանակցութիւններ կը վարէր լեռնական ժողովուրդներու առաջնորդներուն հետ: Անտեսելով բոլոր զգուշացումները` ան յաճախ միայնակ ու անզէն ցեղապետներու հետ հանդիպման կ՛երթար: Իր ղեկավարութեան յանձնուած խանութիւններուն մէջ գաւառական դատարաններ` դիւաններ հիմնեց եւ միշտ անձամբ կը մասնակցէր դատավարութիւններուն` դիւաններուն: Ան նաեւ հոգ կը տանէր լեռնային շրջաններուն մէջ ճանապարհներու եւ կամուրջներու կառուցման, ղարաբաղեան յայտնի ձիերու բուծման, շերամապահութեան եւ առեւտուրի զարգացման:
Մադաթովի կառավարման յանձնուած շրջաններուն մէջ մարդիկ իրենք զիրենք ապահով ու պաշտպանուած կը զգային: Արցախի մէջ կինը կրնար իր տունէն ապահով դուրս գալ` իր հետ կրելով զարդերը:
***
Սուրբ Էջմիածնի վրայ պարսկական հարստահարութիւններն ու բռնութիւնները հետզհետէ աւելի կը խստանային: Մայր աթոռին պարտքը հետզհետէ կ՛աճէր եւ 184 հազար արծաթ ռուբլիի կամ 36.800 օսմանեան ոսկիի հասած էր:
Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խան գահաժառանգ Աբաս Միրզայի հովանաւորութիւնը կը վայելէր եւ անոր միջոցով սերտացուցած էր Ֆաթհ Ալի շահին հետ իր յարաբերութիւնները: Խանին քոյրը շահին կիներէն մէկն էր: Իր կարգին շահը իր դուստրերէն Շիրին Ջան խանումը Հիւսէյն Ղուլի խանի տղուն` Մոհամէտ Ղուլի խանին կնութեան տուած էր:
Հիւսէյն Ղուլի խան անսանձ բռնաւոր մը դարձած էր: Ան տեւաբար Եփրեմ կաթողիկոսին վրայ ճնշում կը բանեցնէր, որ իրեն դրամ տայ: Էջմիածնի մուրհակները հետզհետէ կը կուտակուէին: Խանը միաժամանակ կաթողիկոսէն կը պահանջէր որ ամէն կողմ նուիրակներ ուղարկէ, որպէսզի հաւաքուելիք գումարէն իրեն մեծագոյն բաժին տրուի:
Մայր աթոռի լուսարարապետ Յովհաննէս եպիսկոպոս Կարբեցիի Գանձակ եւ Արցախ նուիրակ ուղարկուելու արտօնութիւն տալու համար խանը 500 թուման պահանջեց:
Հիւսէյն Ղուլի խանին համոզումով Էջմիածին չափազանց հարուստ է եւ կարելի է զայն անվերջ ու անխնայ կողոպտել:
Եփրեմ կաթողիկոս ստիպուած խանին կու տար այնքան դրամ, որքան որ ան կը պահանջէր: Բայց երբ այլեւս բան չմնաց տալու, կաթողիկոսը Երեւանի թուրք հարուստներէն ահագին տոկոսներով պարտք առաւ: Պարտքին գումարը օրըստօրէ կ՛աճէր եւ տոկոսները կը բարդուէին:
Գահաժառանգ Աբաս Միրզա ամէն գնով պաշտպան կանգնեցաւ Էջմիածնի եւ փորձեց հայոց հոգեւոր կեդրոնին համար այնպիսի դրութիւն ստեղծել, որ անիկա Ռուսաստանի ձեռքը գործիք չդառնայ: Գահաժառանգը փորձեց իր տեսակէտը հասկցնել Հիւսէյն Ղուլի խանին, բայց ապարդիւն:
Հիւսէյն Ղուլի խան Պարսկաստանի ամէնէն հարուստ անձերէն մէկն էր եւ գրեթէ Աբաս Միրզայի համահաւասար հեղինակութիւն կը վայելէր: Ան առեւտրական մեծ գործառնութիւններ հաստատած էր եւ Ղազուինի շրջանին մէջ բազմատասնեակ գիւղերու սեփականատէրը դարձած էր:
Էջմիածնի պարտքերը թեթեւցնելու համար Մայր աթոռի միաբանութիւնը որոշեց ուղղակի Աբաս Միրզայի դիմել, եւ Սարգիս վարդապետը առատ ընծաներով Թաւրիզ ուղարկուեցաւ: Սակայն գահաժառանգ իշխանը չկրցաւ զսպել Երեւանի խանը: Ի վերջոյ որոշուեցաւ ուղղակի շահին դիմել, եւ 1821 յունիսին պատգամաւորութիւն ուղարկուեցաւ Թեհրան: Սակայն շահին եղած դիմումն ալ ապարդիւն մնաց:
***
Դրամ ճարելու եւ պարտքերը վճարելու համար Հիւսէյն Ղուլի խան կաթողիկոսին խորհուրդ տուաւ անձամբ դիմել ռուսական պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող Արցախի եւ Վրաստանի հայ հարուստներուն: Կաթողիկոսը ընդառաջեց, Էջմիածինը դժուարին կացութենէ փրկելու յոյսով:
Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոս իրեն ուղեկից առնելով Մարտիրոս, Անտոն Մուղնեցի, Գրիգոր Ծուկալ եւ Յովհաննէս եպիսկոպոսները, եւ Յովսէփ Կարբեցի, Գրիգոր Աշտարակեցի, Յովհաննէս Ղրիմեցի, Սահակ եւ Մինաս վարդապետները, եւ սարկաւագներ, դպիրներ ու սպասաւորներ, 1821 սեպտեմբերին Էջմիածինէն ճամբայ ելաւ, Նախիջեւանի վրայով Արցախ մտնելու համար:
Կաթողիկոսական կարաւանը տակաւին պարսկական սահմանին մէջ էր, երբ հոկտեմբեր 2-ին լուր հասաւ որ Հիւսէյն Ղուլի խան զղջացած է կաթողիկոսը հեռացնելուն, եւ հեծելագունդ մը ճամբայ հանուած է զայն վերադարձնելու համար:
Կաթողիկոսական կարաւանը լուրը ստանալէն ետք շտապեց ռուսական սահմանագլուխը անցնիլ: Այդ օր ժամերգութիւնը ձիերուն վրայ քալած ատեն եւ սաստիկ ձիւնին ներքեւ կատարեցին:
Սակայն ուղեւորները չկրցան նոյն օրը ռուսական սահմանը անցնիլ եւ ստիպուած գիշերը Բռնակոթ գիւղին մօտակայ քարայրի մը մէջ մնացին: Լուրը ռուսական կողմը գտնուող Բռնակոթ հասաւ, եւ գիւղացիք գիշերուան մութին ու ցուրտին դուրս ելան կարպետներով եւ պատրաստութիւններով, որպէսզի արեւը չծագած եւ ձիւնը չհալած կաթողիկոսական կարաւանը գիւղ մտցնեն:
Բռնակոթ հասնելէն ետք կաթողիկոսը բռնակոթցիներէն եւ շրջակայ գիւղացիներէն սկսաւ նուէրներ հաւաքել: Բոլոր գիւղացիները յօժարակամ տուին, մանաւանդ երբ իմացան որ Մայր աթոռը տագնապալի կացութեան մէջ է:
Կաթողիկոսը իր ընկերակիցներով Տաթեւ հասաւ: Ռուսական տեղական իշխանութիւնը կաթողիկոսին թոյլ չտուաւ աւելի յառաջանալու, մինչեւ որ զօրավար Երմոլովէն արտօնութիւն ստացուի:
Սակայն Երմոլով այդ ժամանակ լեռնականներուն դէմ պատերազմի գացած էր եւ զօրավար Ալեքսէյ Վելիամինով կը փոխարինէր զայն:
Վիրահայոց առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի զօրավար Վելիամինովի դիմեց եւ խնդրեց որ արտօնութիւն տրուի ծերունի կաթողիկոսին գոնէ մինչեւ Շուշի երթալու եւ հոն ձմեռը հանգստանալու: Վելիամինով ընդառաջեց:
Արտօնութիւն ստանալէն ետք Եփրեմ Ա. Հալիձորէն եւ Գորիսէն անցնելով 1821 նոյեմբերի վերջաւորութեան Շուշի հասաւ եւ Հայրումեաններու տան մէջ հիւրընկալուեցաւ:
***
Կաթողիկոսը Շուշի մնաց, բայց հանգստութիւն չգտաւ: Ամէն կողմէ սրտաճմլիկ լուրեր կը հասնէին: Էջմիածնի մէջ կացութիւնը օրըստօրէ կը վատթարանար: Հիւսէյն Ղուլի խան միաբանութիւնը պատասխանատու կը նկատէր կաթողիկոսի հեռանալուն եւ ծանրագոյն խստութիւններ կիրարկելով ու սաստիկ կեղեքումներով անտանելի դարձուցած էր վանականներուն վիճակը: Միաբանութիւնը, անել դրութեան մատնուած` լուր ուղարկեց Շուշի, կաթողիկոսին թախանձելով դարման մը գտնել:
Ռուսական իշխանութիւնները կաթողիկոսին արտօնած էին առժամաբար Շուշի մնալու, պայմանաւ որ ոչ մէկ գործի ձեռնամուխ ըլլայ:
Երմոլով տակաւին Թիֆլիս չէր վերադարձած, եւ Վելիամինով չէր համարձակեր ինքնուրոյն արտօնութիւն տալու կաթողիկոսին:
Եփրեմ կաթողիկոս, շուարած` Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիին նամակ գրեց եւ խնդրեց իր մօտ գալ խորհրդակցութեան համար:
Սակայն Ներսէս արքեպիսկոպոս կը գտնէր, որ Շուշիի մէջ ոչ մէկ գործ կարելի է կարգադրել: Ինչ որ պիտի կարգադրուի, Թիֆլիսի մէջ կատարուի, յատկապէս` Երմոլովի հետ տեսակցութեամբ, որուն վերադարձին օրէ օր կը սպասէին: Հետեւաբար ինք` հայոց առաջնորդը, պէտք չէ բացակայէր քաղաքէն:
Զօրավար Երմոլով վերջապէս 1822 յունուարի երկրորդ կիսուն վերադարձաւ Թիֆլիս: Ան բացարձակ կերպով ընդդիմացաւ հայոց կաթողիկոսին ռուսական պետութեան սահմանները անցնելուն եւ հոն մնալուն, յայտնելով որ պարսկական պետութեան դէմ ցոյց մըն է եղածը: Ռուսական կառավարութիւնը զայն պաշտպանելով պատերազմ սկսելու առիթ տուած պիտի ըլլայ, որուն դէմ է խաղաղասէր Ալեքսանդր Ա. կայսրը, եւ պիտի ոչնչանան պարսիկներուն հետ հաշտ ապրելու բոլոր ջանքերը:
Ներսէս արքեպիսկոպոս կառավարչապետին դիտել տուաւ որ ընդհակառակը, կաթողիկոսին ստիպել վերադառնալ կը նշանակէ զայն բարբարոս խանին ձեռքը յանձնած ըլլալ:
Սակայն Երմոլով հաստատ մնաց իր ըսածին վրայ: Ան յունուար 30-ին Եփրեմ կաթողիկոսին նամակ ուղարկեց եւ հրահանգեց անմիջապէս Էջմիածին վերադառնալ, եւ պարսկական պետութեան հաւատարմութիւն յայտնելով աշխատիլ կաթողիկոսութեան դրութիւնը բարւոքել:
***
Եփրեմ կաթողիկոս չէր կրնար համակերպիլ Երմոլովի հրահանգին, հետեւաբար փետրուար 13-ին գրուած եւ կառավարչապետին ուղղուած պատասխան նամակին մէջ բացատրեց թէ ինչ պատճառներ զինք ստիպեցին ռուսական սահմանը անցնիլ, եւ ինչ վտանգներու կրնայ ենթարկուիլ ետ դառնալով: Կաթողիկոսը կառավարչապետէն կը խնդրէր որ կամ իրեն արտօնութիւն տրուի Թիֆլիս երթալու եւ խորհրդակցելու, կամ ալ Ներսէս արքեպիսկոպոսի արտօնուի իր մօտ գալու: Նամակը Սիմէոն եպիսկոպոսի ձեռամբ Թիֆլիս ուղարկուեցաւ:
Սակայն Երմոլով հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ եւ մարտ 24-ին գրուած նամակով մը ստիպեց կաթողիկոսին Էջմիածին վերադառնալ: Եթէ կաթողիկոսը կը մտածէ հրաժարիլ, Էջմիածնի մէջ պէտք է գործադրէ այդ խորհուրդը: Իսկ վիրահայոց Ներսէս արքեպիսկոպոս, եթէ կ՛ուզէ, ազատ է Շուշի երթալու:
Ի վերջոյ Եփրեմ կաթողիկոսին Շուշի մնալու կամ Էջմիածին վերադառնալու հարցը փոխանցուեցաւ Ալեքսանդր Ա. կայսրին: Կայսրը իր կամքը փոխանցեց, ըսելով որ Երմոլով պէտք չէ կաթողիկոսին նկատմամբ իր ընթացքը փոխէ:
***
Եփրեմ կաթողիկոսին վիճակը հետզհետէ կը ծանրանար եւ ան հոգեկան ծանր տագնապի մատնուած էր: Հրաժարելու խօսքը, զոր Երմոլով իր նամակին մէջ յիշած էր, ծանր կու գար իրեն` դուրսէն թելադրուելուն համար:
Իբրեւ վերջին միջոց կաթողիկոսը Անտոն արքեպիսկոպոս Մուղնեցին եւ Յովհաննէս վարդապետ Ղրիմեցին Թիֆլիս ուղարկեց, որպէսզի Ներսէս արքեպիսկոպոսը Շուշի առաջնորդեն:
Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի հրաւիրեալներուն հետ 1822 մայիսի սկիզբը Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ եւ Շուշի հասնելով Թառամեաններուն ապարանքը իջեւանեցաւ:
Զոհրապ եւ Մարկոս Թառամեան եղբայրները շուշեցի մեծահարուստներ էին եւ նախապէս մերժած էին իրենց կատարուած դիմումը` օգնութեան ձեռք երկարելու պարտքերու տակ կքած Էջմիածնի:
Մարկոս Թառամեան այդ օրերուն ոտքէն անբուժելի ախտով մը վարակուած էր: Ան իր հարստութիւնը` երկու տոպրակ ոսկին հանեց, Էջմիածնի մուրհակներն ալ մէկտեղ, եւ ուռած ոտքը անոնց վրայ դնելով հառաչեց. «Անպիտան գիրդ, ապաքինեա եթէ կարող ինչ իցես, դու չաստուած մոլորութեան աշխարհի: Ոչ, ոչ, այս ամենայն արտաքոյ է մտացածին զօրութեան քո: Եւ Աստուծոյ իմոյ օրհնեալ եղիցին կամք»: Այնուհետեւ ան Էջմիածնի մուրհակները կաթողիկոսին դարձուց եւ երկու տոպրակ ոսկին ալ խնդրեց աղքատներուն բաժնել: Յաջորդ օր ան մահացաւ եւ ամբողջ հարստութիւնը եկեղեցիին ու աղքատներուն մնաց:
aztagdaily.com/archives/570821