Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Կեղտոտ Ձեռքերդ Վերցո՛ւր Թուրքիոյ Վրայէն»

Մշակոյթ – Վերջին Ատըեամանցիներ ու անոնց մոռցուած փառքերը - Adıyaman Kahta Kalesi.jpg

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին. «Կեղտոտ Ձեռքերդ Վերցո՛ւր Թուրքիոյ Վրայէն»

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու երկրի որոշ դաշնակիցները մեղադրած է երկիրը ապակայունացնելու փորձի եւ Պոլսոյ Իսթիքլալ փողոցին մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած ահաբեկչութեան մասին տեղեկատուութիւն թաքցնելու յանցանքով:

«Որոշ երկիրներ, որոնք յայտնի են իբրեւ «բարեկամներ եւ դաշնակիցներ», որդեգրած են «ինչ որ ալ ըլլայ, միայն թէ ոչ կայուն Թուրքիա» դիրքորոշումը: Արդեօք մենք չե՞նք գիտեր, որ Իսթիքլալ փողոցին մէջ կատարուած յարձակումի ետին կանգնած էին անոնք, որոնց հետ դուք դաշնակիցներ եղած էք, արդեօք մենք չե՞նք գիտեր, որ անոնք` իբրեւ դաշնակիցներ եւ ընկերներ, փորձած են օձի պէս մեզի խայթել», Սոյլուի խօսքը կը մէջբերէ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը` յայտարարելով, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը նկատի ունի Միացեալ Նահանգները:

Անոր համաձայն, եթէ Թուրքիան ձախողէր, ապա անոր «պիտի վերաբերէին իբրեւ գաղութային ջոկատ»:

«Այսօր անոնք տարբեր հնարքներու կը մասնակցին, որովհետեւ Թուրքիան յաջողակ է: Անոնք մեծ յոյսեր կը կապէին այս ձմրան: Եթէ այդքան շատ բան գիտէիք, ինչո՞ւ Թուրքիոյ չէիք յայտներ ՔԱԿ/Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ յարձակումին մասին: Որովհետեւ դուք նոյնպէս կանգնած էիք 15 յուլիսին (2016-ի յեղաշրջման փորձի, «Ա.») տեղի ունեցածի ետին: Մենք կանգնած ենք միջազգային գործողութեան դէմ առ դէմ», ըսած է Սոյլու:

«Միլլիեթ» իր կարգին հաղորդեց, որ ան Միացեալ Նահանգները մեղադրած է Եւրոպան կառավարելու համար եւ կոչ ուղղած չմիջամտելու Անգարայի գործերուն:

Ըստ Սոյլուի, «Թուրքիա եկող ամերիկացի իւրաքանչիւր դեսպան կը մտածէ, թէ երկրին մէջ ինչպէ՛ս արագ յեղաշրջում կազմակերպէ»: «Անոնք նոյն բանը կ՛ընեն Եւրոպայի մէջ: Անոնք, ամերիկեան դեսպանատուները, Եւրոպան կը ղեկավարեն», ըսած է Սոյլու:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջում կը ծրագրէին, սակայն անոնց ծրագիրները խանգարած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Բացի ատկէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը խօսքը Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ուղղելով ըսած է. «Կեղտոտ ձեռքերդ վերցո՛ւր Թուրքիոյ վրայէն»: Ըստ անոր, այժմ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այլ դեսպաններ կը հաւաքէ եւ կը փորձէ անոնց իր խորհուրդները տալ:

Սոյլու Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆ Ֆլէյքի մասին նման յայտարարութիւն կատարած է, երբ Շուէտի, Նետերլանտներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ընդհանուր հիւպատոսութիւնները դադրեցուցած են իրենց աշխատանքը ահաբեկչական յարձակումներու սպառնալիքի պատճառով:

aztagdaily.com/archives/571967

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail