«Իրանն ու Հայաստանը Պիտի Չարտօնեն Որեւէ «Միջանցք» Ստեղծուի, Իրանը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Սահմանային Իրողութիւններուն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
«Մենք այժմ շատ կարեւոր եւ զգայուն ժամանակահատուածի մէջ կը գտնուինք, այսօր կարեւոր հարցերէն են պատմական խեղաթիւրումները», այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին:
Ան նշեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարութիւնները ուշադիր կը հետեւին շրջանային զարգացումներուն` ընդգծելով, որ պէտք է ստեղծել յատուկ օրակարգ: «Մենք երկու դրացիներ ենք, եղած ենք եւ պէտք է ըլլանք դրացիներ: Որոշակի խորամանկութիւններ կը նկատուին, կը խօսին «միջանցքներու», որոշ գործողութիւններու մասին, սակայն Իրանը եւ Հայաստանը չեն արտօներ, որ նման «միջանցք» ստեղծուի: Կարեւոր է միացեալ նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ, ոչ թէ պէտք է սպասենք եւ պատասխանենք այլ կողմէ կատարուող նախաձեռնութիւններուն, այլ մենք պէտք է դառնանք նախաձեռնող կողմը: Թէ՛ հայկական, թէ՛ իրանեան կողմի դիրքորոշումները շատ յստակ են, պէտք է տեսնենք, թէ ի՛նչ նոր քայլերու պէտք է ձեռնարկել», ըսաւ ան:
Դեսպանը դիմեց լրատուամիջոցներուն` չհրապարակելու Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ այնպիսի նիւթեր, որոնք լարուածութիւն կրնան յառաջացնել:
«Ես յստակօրէն կ՛ըսեմ` Իրանը կը հետեւի սահմանային բոլոր իրողութիւններուն, եւ շատ մի՛ պրպտէք, թէ ի՛նչ գործողութիւններ պիտի ըլլան: Երկու երկիրները բոլոր ոլորտներուն մէջ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունին», նշեց Իրանի դեսպանը:
aztagdaily.com/archives/572654