«Մինսքի Խմբակը Թոշակի Անցած Է Եւ Գործնականին Մէջ Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Map of Armenia - The Roman-Parthian War 58-63 CE – World History Encyclopedia

«Մինսքի Խմբակը Թոշակի Անցած Է Եւ Գործնականին Մէջ Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Ալիեւ

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ Միւնիխի մէջ անվտանգութեան 59-րդ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ «Շարժե՞լ սարերը. Անվտանգութեան կառուցումը Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագիրով կլոր սեղանի քննարկման ժամանակ նշեց, թէ Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար հարթակներէն մէկը պրիւքսելեան ձեւաչափն է: Անիկա եռակողմ է` Ազրպէյճան, Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւն:

Ալիեւի համաձայն, կան նաեւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման ամերիկեան եւ ռուսական հարթակներ, նշուած ձեւաչափերուն մէջ Ֆրանսան չկայ այդ երկրի կառավարութեան միակողմանի հայամէտ դիրքորոշման պատճառով: «Եւ ատիկա հասկնալի է, եթէ միջնորդ ես, չես կրնար մէկու կողմէն ըլլալ, չես կրնար ցոյց տալ, որ մէկու կողմէն ես», ըսաւ Ալիեւ:

Ըստ Ալիեւի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այլեւս չկայ: Ան ըսաւ, որ այդ խումբը 28 տարուան մէջ ոչ մէկ արդիւնք ապահովեց, թէեւ նախկին համանախագահները տակաւին կացութեան վրայ ազդելու որոշ լծակներ ունին:

«Մինսքի խմբակը թոշակի անցած է եւ գործնականին մէջ գոյութիւն չունի: Թերեւս տակաւին կայ միայն թուղթի վրայ», ըսած է Ալիեւ:

«Մենք պատրաստ ենք բանակցելու Ղարաբաղի հայերուն հետ, սակայն միայն այն պարագային, երբ Ռուսիոյ քաղաքացի, քրէական հեղինակութիւն ու փտած (Ռուբէն) Վարդանեանը լքէ Ղարաբաղը», ըսաւ Ալիեւ:

«Մենք պիտի բանակցինք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծնած եւ այնտեղ ապրող մարդոց հետ, սակայն ոչ այն մարդուն, որ մաքսանենգ ճամբով Ռուսիայէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ղեկավար դիրք վարելու համար: Ոչ ոք գիտէ ինչպէ՛ս ան յայտնուեցաւ Ղարաբաղի մէջ եւ ինչպէ՛ս ան կը փորձէ ետ երթալ Երեւան, այնտեղէն` Մոսկուա, ապա` Երեւան եւ յետոյ Ղարաբաղ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ չկայ շրջափակում», ըսաւ Ալիեւ:

aztagdaily.com/archives/573245

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail