Այն, Ինչ Որ Թուրքիան Հասկցած Է, Իսկ Հայաստանի Քաղաքական Ընտրանին` Ոչ – Վաչէ Բրուտեան
28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
1.- Հայ-թրքական դարաւոր կնճիռը (այսուհետեւ` Կնճիռ) ցարդ մնացած է անլոյծ:
2.- Նոյն Կնճիռը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` հայահաւաք-հողահաւաք, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, կամ միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի ստեղծում` Սեւրով ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի սահմաններով: Ասոնք նոյն այս Կնճիռի լուծման տարբեր բանաձեւումներն են:
3.- Արցախի ազատագրումը (90-ականներուն) ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` այս Կնճիռի արդար լուծման ուղղութեամբ առնուած քայլ:
4.- Արեւմուտքը, մեծ հաշուով ու ներկայ տուեալներով, համամիտ չէ այս լուծումին, որովհետեւ ի՛նք եւս ունի պատասխանատուութիւն Հայաստանի կենսունակ ապագային նկատմամբ (ի շարս այլ պատճառներու): Հոս կը նոյնանան Թուրքիա-Ազրպէյճան-Արեւմուտք եռանկիւնին շահերը:
5.- Նոյն այս եռանկիւնն էր, որ տարբեր ժամանակներու ընթացքին տարբեր դերակատարութիւններով փորձեց խափանել այս Կնճիռին արդար լուծումը:
Ա.- Հայաստանի մէջ ԼՏՊ-ի միջոցով ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ հալածանքներով (1992-էն սկսեալ),
Բ.- 1996-ին նոյն ԼՏՊ-ի «յաղթանակ»-ին զօրակցելով,
Գ.- Հոկտեմբեր 27 կազմակերպելով` տեղական իր գործիքներուն միջոցով,
Դ.- Մարտի 1-ով եւ ապա 2016-ին ՊՊԾ-ի գունդին գրաւման քայլերով, եւ վերջապէս`
Ե.- 2018-ի իշխանազաւթումը կազմակերպելով:
6.- Զուգահեռաբար, 2016-էն սկսեալ` ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ սաստկացող քարոզչութեամբ ու այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերով, որոնք դրսեւորուեցան Քալիֆորնիոյ մէջ «ներքին» խնդիրներով, նպատակ ունենալով տկարացնել այն գլխաւոր ուժը, որ կրնայ դիմադրել Կնճիռի թրքանպաստ, հետեւաբար նաեւ` անարդար լուծման դէմ:
7.- ՀՀ ուժային կեդրոնները (ոստիկանութիւն, բանակ, ԱԱԾ) արդէն իսկ հլու-հնազանդ կարելի է համարել` վերոնշեալ եռանկիւնին վարած քաղաքականութեան տեսանկիւնէն:
8.- Կնճիռի թրքանպաստ լուծումը խորքին մէջ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի ու մեր ազգի անէացումն է` իբրեւ քաղաքական ազդակ. եթէ հարկ ըլլայ, նաեւ` իբրեւ ֆիզիքական գոյութիւն:
9.- Այս մեծ պատկերին մէջ Նիկոլենք «հրաշալի» գործիք են: Իրենց միակ պայմանը իշխանութեան մնալու երաշխիքներն են:
10.- Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Արեւմուտք եռանկիւնը թիւ 9-ի լիակատար երաշխիքները տրուած է Նիկոլենց:
ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ,
Հայ քաղաքական ընտրանին (Նիկոլենք բնականաբար ասոր մէջ չկան) ծանրակշիռ որոշում տալու հրամայականին դիմաց կանգնած է այսօր: Այս որոշումը կ՛առնչուի հայութեան լինելիութեան, նոյնիսկ` ֆիզիքական գոյութեան: Որքան շուտ` այնքան լաւ:
Մնացած հեքիաթներով մի՛ զբաղիք:
aztagdaily.com/archives/573972