Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Բանակին Ներխուժումը Եւ Շուշիի Պաշարումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

German Professor Friedrich Schultz Discovered Ancient Urartian Cuneiform (Kingdom Of Van)

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Բանակին Ներխուժումը Եւ Շուշիի Պաշարումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

01 ՄԱՐՏ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ներսէս Արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի
Շրջաբերականը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պարսկական զօրքի յառաջխաղացք Աբաս Միրզայի առաջնորդութեամբ

Պարսկական Ռուսաստանի դէմ պատերազմի կը պատրաստուէր, վերանուաճելու համար Կովկասը: Պարսկաստանէն, շիի կրօնաւորներու կողմէ անհաւատներուն դէմ սրբազան պատերազմի սկսելու կոչը լայն արձագանգ գտած էր թէ՛ պարսիկներուն եւ թէ Կովկասի իսլամներուն մէջ: Ամէն կողմէ հաւատքի կռուողներ` մուճահիտներ կը հաւաքագրուէին եւ մոլլաներու դրօշին ներքեւ զօրագունդեր կը կազմաւորուէին:

Կովկասի լեռնականներուն հետզհետէ ծաւալող խլրտումները լուրջ մտատանջութեան մատնած էին ռուսական կառավարութիւնը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Նիկոլայ Ա. կայսր իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ Թեհրան ուղարկեց իշխան Ալեքսանդր Սերգէեւիչ Մենշիքովը:

Իշխան Մենշիքով իր հետ շահին կը տանէր կայսեր ինքնագիր նամակը եւ խաղաղասիրական հաւաստիքները: Ռուսաստան կը ցանկայ Պարսկաստանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալ եւ խաղաղ ճանապարհով կարգաւորել սահմանային եւ հողային վիճելի հարցերը:

Իշխան Մենշիքով 1826-ի ամրան սկիզբը անցաւ պարսկական սահմանը եւ իր ճանապարհորդութիւնը շարունակեց դէպի Սուլթանիէ, ուր այդ ժամանակ կը գտնուէր Ֆաթհ Ալի շահ: Սահմանագլուխէն սկսեալ, ամէնուրեք ան ականատես եղաւ պատերազմի տենդագին պատրաստութիւններու եւ զինուորական կեդրոնացումներու: Իմացաւ նաեւ որ Աբաս Միրզա յատուկ մարդ ուղարկած է Կովկաս` Երմոլովը սպաննելու համար, եւ անոր իբրեւ վարձատրութիւն քսան հազար ռուբլի խոստացած է:

Ֆաթհ Ալի շահ սառն կերպով եւ արհամարհանքով ընդունեց Մենշիքովը եւ զայն գրեթէ տնային կալանքի տակ առաւ, մերժելով եւ ձախողութեան մատնելով բանակցութիւններ վարելու անոր բոլոր փորձերը:

Մենշիքով համոզուեցաւ որ աննպատակ է Պարսկաստան մնալը եւ յուլիս 5-ին շահէն խնդրեց իրեն թոյլ տալ վերադառնալու Ռուսաստան:

Կովկասի կառավարչապետ Երմոլով արհամարհանքով կը լսէր պարսիկներու պատերազմական պատրաստութիւններու մասին: Ան չէր հաւատար որ պարսիկներ կը համարձակին պատերազմ սանձազերծել հսկայ Ռուսաստանի դէմ, եւ զինուորական ոչ մէկ պատրաստութիւն տեսնելու մասին կը մտածէր:

Կովկասի ռուսական զօրքերը ռազմագիտական դիրքերու եւ գլխաւոր յենակէտերու վրայ տեղակայուած էին, իսկ սահմանի երկայնքին իրարմէ անջատ ջոկատներ կեդրոնացուած էին: Զօրանոցներուն մէջ բաւականաչափ պաշարեղէն չկար: Երմոլով բացակայ էր Թիֆլիսէն եւ գացած էր Տաղստան, լեռնական ցեղերուն խռովութիւնները ճնշելու:

* * *

Ռուսական բանակատեղի

Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խանին եւ անոր եղբօր` Հասան խանի հրամանատարութեան տակ գործող պարսկական զօրքերը, իրենց կողքին ունենալով տասներկու հազար քիւրտ ձիաւորներ, 16 յուլիս 1826-ին յարձակեցան Ալագեազի մօտակայ Միրաք գիւղի ռուսական պահակակէտին վրայ եւ ներխուժեցին դէպի Փամբակ եւ Շորագեալ:

Այդ եւ յաջորդող երկու օրերուն, յուլիս 16-էն 18, Աբաս Միրզայի հրամանատարութեան տակ գործող պարսկական 60 հազարնոց բանակը Խուդափերինի կամուրջով անցաւ Արաքսը եւ ներխուժեց Ղարաբաղ: Պարսկական 25 հազարնոց բանակ մըն ալ ներխուժեց Թալիշ եւ շարժեցաւ դէպի Մուղանի դաշտ, նպատակ ունենալով գրաւել Շաքին, Շիրվանը եւ ներխուժել Տաղստան:

Պարսկական բանակին մէջ կը գտնուէին Պարսկաստան ապաստան գտած Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան, Շիրվանի Մուսթաֆա խան եւ վրաց Ալեքսանդր իշխան:

Պատերազմական գործողութիւնները հազիւ սկսած,  Երմոլով փութով Տաղստանէն ճամբայ ելլելով Թիֆլիս վերադարձաւ: Ան կացութիւնը գտաւ ճգնաժամային եւ համոզուեցաւ, որ միայն հայերուն վրայ կարելի է յոյս դնել:

Թիֆլիսի պաշտպանութեան համար կար գնդապետ Սեւարսեմիծէի հրամանատարութեան տակ գործող հետեւակազօրքի երկու վաշտ եւ Տոնի կոզակներէն շուրջ 500 կռուող` տեղակալ Անտրէեւի հրամանատարութեան տակ: Ղարաբաղի զօրքերու հրամանատար զօրավար Մադաթով բացակայ էր եւ զայն կը փոխարինէր 42-րդ եգերական գունդի հրամանատար գնդապետ Ռէուտ: 42-րդ եգերական գունդէն վաշտ մըն ալ տեղակայուած էր Շաքիի եւ Շիրվանի մէջ:

* * *

Երեւանի խանին զօրքերը արագօրէն կը յառաջանային, իրենց ճամբուն վրայ աւերելով ու կողոպտելով գիւղերը եւ սուրի քաշելով կամ գերեվարելով անոնց բնակիչները:

Շիրակի Փոքր Ղարաքիլիսա (այժմ` Ազատան) գիւղի շուրջ հինգ հարիւր պաշտպաններ հինգ օր շարունակ դիմադրեցին եւ քանի մը անգամ ետ մղեցին ներխուժողները, բայց ի վերջոյ նուաճուեցան: Պարսիկներ գիւղը կրակի տուին, տաւարը քշեցին, բնակչութեան մէկ մասը սուրի քաշեցին, իսկ մնացեալները գերեվարեցին:

Փոքր Ղարաքիլիսայի աղէտին լուրը առնելէն ետք շրջակայ գիւղերէն մեծաթիւ կիներ գացին մօտակայ ռուսական ջոկատի մը հրամանատարին մօտ եւ պոռացին ու հայհոյեցին, թէ ինչո՞ւ ուշ կու գան, այն ժամանակ, երբ արդէն ամէն բան վերջացած է, եւ սկսան քարկոծել զայն: Հրամանատար սպան ստիպուած կառքի մը տակ թաքնուեցաւ:

* * *

Ղարաբաղի մէջ ռուսական բանակը ունէր 42-րդ եգերական գունդէն եւ կոզակներէ բաղկացած վեց վաշտ` 2700 զինուորներով, որոնք կը գտնուէին գնդապետ Իոսիֆ Անտոնովիչ Ռէուտի հրամանատարութեան տակ: Զինուորներէն 1700-ը տեղակայուած էր զօրավար Մադաթովի կալուած Աւետարանոց գիւղին մէջ, ուր կեդրոնացած էր գնդապետ Ռէուտ, իսկ մնացեալ հազար զինուորները, փոխգնդապետ Նազիմկայի հրամանատարութեան տակ, Գորիսի մէջ տեղակայուած էին:

Պարսկական բանակը հազիւ Արաքսը անցած, Ղարաբաղի թաթար բէկերը, որոնցմէ ոմանք ռուսական բանակի սպայի աստիճան կը կրէին, անցան պարսիկներուն կողմը: Հաճի Աղալար բէկ իր տան մէջ հիւրընկալեց Աբաս Միրզան:

Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան եւ Շիրվանի Մուսթաֆա խան, որոնք պարսկական զօրաբանակներու հրամանատարներ էին, իսլամ բնակչութեան ռուսերուն դէմ ապստամբութեան կոչ ուղղեցին:

Ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան առջեւ գնդապետ Ռէուտ հրամանագիր ուղարկեց փոխգնդապետ Նազիմկայի` անմիջապէս դուրս գալ Գորիսէն եւ շտապել իրեն միանալու:

Նոյն ժամանակ Երմոլովէն հրամանագիր հասաւ Ռէուտի` Ղարաբաղի մէջ գործող ռուսական զօրքը Աւետարանոցի մէջ համախմբելէ ետք նահանջել դէպի Թիֆլիս:

Պարսկական բանակի հրամանատարութիւնը, նկատի ունենալով որ Ղարաբաղի մէջ գործող ռուսական զօրքը փոքրաթիւ է եւ երկու մասի բաժնուած, որոշեց շտապել եւ առանձին-առանձին ջախջախել զայն:

Տեղացի թաթարներու ուղեկցութեամբ պարսկական բանակին մէկ մասը շարժեցաւ դէպի Գորիս:

Մինչ այդ փոխգնդապետ Նազիմկա ստացուած հրամանին համաձայն իր զօրքը դուրս բերաւ Գորիսէն եւ ճամբայ ելաւ դէպի Շուշի:

Հազիւ ճամբայ ելած` ռուսական զօրքը պաշարուեցաւ թաթար ձիաւորներու կողմէ: Քիչ ետք հասան պարսկական զօրքերը եւ ճանապարհը փակեցին:

Հայեր Նազիմկայի թելադրեցին շրջանցել պարսիկները եւ լեռնային ապահով կածաններով տանիլ զօրքը: Բայց Նազիմկա, նկատի ունենալով որ իր հետ եղած երկու թնդանօթները կարելի չէ կածաններով տեղափոխել, համաձայն չեղաւ:

Ռուս զինուորները կռիւ տալով ճամբայ բացին եւ սկսան յառաջանալ ու հասան Հագարի գետի ափը: Յոգնած ու ծարաւ, անոնք խառն ի խուռն վազեցին դէպի գետը` ջուր խմելու: Պարսիկ զօրքերը եւ թաթար խուժանը` հաճի Աղալար բէկի գլխաւորութեամբ, ամէն կողմէ պաշարեցին զանոնք եւ կրակի տակ առին: Ի սպառ բնաջնջուելու սպառնալիքի տակ Նազիմկա իր զինուորներուն հետ անձնատուր եղաւ: Միայն ութ զինուորներ յաջողեցան փախուստ տալ:

Անձնատուր եղածները կողոպտուեցան, մերկացուեցան եւ ծաղր ու ծանակի տակ տանջանքներէ ետք սպաննուեցան:

Մինչ այդ, պարսկական բանակի յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ, գնդապետ Ռէուտ լքեց Աւետարանոցը եւ իր զինուորներուն հետ Շուշի ապաստանեցաւ:

Պարսկական բանակը գրաւեց եւ աւերեց Աւետարանոցը: Աբաս Միրզայի հրամանով զօրավար Մադաթովի պալատը քարուքանդ եղաւ:

Գնդապետ Ռէուտ յուլիս 24-ին իմացաւ Նազիմկայի զօրքին եղերական վախճանին լուրը:

* * *

Պարսիկներ հարաւային Կովկասի մէջ

Պարսկական բանակը յուլիս 25-ին հասաւ Շուշի եւ սկսաւ պաշարման օղակ հաստատել:

Շուշիի բերդին մէջ ամրացած էին գնդապետ Ռուէտի 1700 զինուորները:

Շուշիի շրջակայ հայկական քսաներկու  գիւղերու բնակիչներ, իրենց տունն ու տեղը ձգելով, անասուններով ու պաշարեղէնով մտան Շուշի: Ռէուտ հայ գիւղացիներէն մօտաւորապէս 1500 հոգի զինեց եւ զանոնք բերդի պարիսպներուն վրայ դիրքաւորեց:

Մնացեալ գիւղացիները քաղաքի պարիսպներուն ետեւի կողմերը տեղաւորուեցան:

Ռուսական զօրքը Շուշիի բերդին մէջ ռազմամթերքի եւ ուտեստեղէնի պաշարներ չունէր: Որոշուեցաւ հայերէն հաց փոխ առնել եւ զինուորները կերակրել:

Շուշիի շրջակայքէն այր ու կին մը այդ օր Հունոտի կիրճին մէջ գտնուող ջրաղաց մը գացած էին պարկ մը ցորեն աղալու: Ալիւր աղալէն ետք այրը պարկը շալկեց եւ երկուքը մէկ նեղ կածանէն սկսան բարձրանալ: Յանկարծ վրայ հասան պարսիկները: Ամուսին այրը պարկը ցած նետեց եւ սկսաւ փախչիլ: Կինը` Խաթայի, կեցաւ եւ սկսաւ քարերով կռուիլ պարսիկներուն հետ: Խաթայի յաջողեցաւ զինուորներէն մէկը ցած գլորել եւ անոր սուրն ու հրացանը խլել: Այնուհետեւ ան մէկ կողմէ զինուորներուն հետ կռուելով եւ միւս կողմէ ալիւրի պարկը շալկելով սկսաւ բարձրանալ դէպի Շուշիի բերդ: Բերդին մէջէն, հեռուէն տեսան անոր կռիւը եւ աղաղակներով սկսան քաջալերել զայն: Խաթայի ազատեց պարկ մը ալիւրը եւ մինչեւ բերդ հասնիլը քանի մը պարսիկ զինուոր գետին փռեց:

Պարսիկներ յուլիս 25-էն 26 ամբողջացուցին Շուշիի պաշարումը եւ ամէն կողմէ սկսան ռմբակոծել բերդը:

Թիկունքը ապահովելու նպատակով գնդապետ Ռէուտ բերդէն հեռացուց տեղացի թաթարները:

Յուլիս 27-ին Աբաս Միրզա բանագնաց ուղարկեց Ռէուտի մօտ եւ առաջարկեց բերդը առանց կռիւի յանձնել, խոստանալով ռուս զինուորներուն թոյլ տալ անարգել Թիֆլիս երթալու: Ռէուտ պարսիկ բանագնացին ըսաւ որ առանց գլխաւոր հրամանատար Երմոլովի կարգադրութեան Շուշին չեն կրնար յանձնել:

Ռէուտ հայ կռուողներէն մէկը պարիսպին միւս կողմը ուղարկեց եւ յետոյ վերադարձնելով բերդ, բոլորի ներկայութեան ընթերցեց սուրհանդակին բերած, իր իսկ կողմէ գրուած նամակը, որ իբրեւ թէ Թիֆլիսէն զօրավար Երմոլով ուղարկած է:

Պարսիկներ անգլիացի մասնագէտներու օժանդակութեամբ ականապատեցին բերդին պարիսպները եւ գրոհի սկսան:

* * *

Վիրահայոց առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի 29 յուլիս 1826-ին, Թիֆլիսէն, հետագային իր անունը կրող դպրոցի տպարանէն շրջաբերական կոչ մը արձակեց ուղղուած հայ ժողովուրդին, յորդորելով զէնք վերցնել եւ ռուս զինուորներու հետ միասին պաշտպանել երկիրը թշնամիի յարձակումներէն:

Շրջաբերականը նախնեաց յիշատակներով կը սկսէր, այժմեան տխուր կացութիւնը կը բացատրէր եւ կ՛ըսէր. «Յայտնի է ձեզի Ռուսաստանի օգոստափառ պետութեան նպատակը: Ան իր հզօր բազուկը տարածեց մեր հայրենիքին վրայ ոչ այնքան իր սեփական օգուտին համար, որքան մեր անդորրութեան եւ բարօրութեան համար ու Քրիստոսի սուրբ կրօնը եւ եկեղեցին պաշտպանելու համար»:

Իր յորդորները ռուսահպատակ հայերուն` Թիֆլիս, Գանձակ, Արցախ, Նուխի, Շամախի, Պաքու եւ Դերբենդ բնակողներուն ուղղելով Ներսէս արքեպիսկոպոս կ՛ըսէր. «Մի՛ վախնաք պարսիկներու ձայնէն եւ աղաղակներէն: Անոնց բոլոր ուժը ճիչի եւ սպառնալիքներու մէջ է եւ ոչ թէ ճշմարիտ զօրութեան եւ խելացութեան»:

Հայոց կողմէ ռուսաց հանդէպ ցոյց տրուած երախտագիտութիւնը եւ հաւատարմութիւնը վեր առնելէ ետք ան կ՛ըսէր որ գործելու ժամանակը հասած է: Ան իր կոչը կ՛աւարտէր յորդորելով դիմադրել թշնամիին ռուսական զօրքերուն հետ միասին, եւ եթէ հարկ ըլլայ` չխնայել արեան վերջին կաթիլը:

aztagdaily.com/archives/574085

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail