Թուրքիոյ Մէջ Երկրաշարժը Նախատեսած Նետերլանտցի Գիտնականը Նոր Նախազգուշացում Կատարած Է

Turkish court has decided to turn the historic Greek Hagia Sophia in Constantinople into a mosque

Թուրքիոյ Մէջ Երկրաշարժը Նախատեսած Նետերլանտցի Գիտնականը Նոր Նախազգուշացում Կատարած Է

02 ՄԱՐՏ 2023 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նետերլանտցի երկրաբան Ֆրանք Հուկերպիթս, որ նախատեսած էր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ պատահած երկրաշարժերը, ըսած է, որ մարտին Երկիրի վրայ մեծ երկրաշարժ տեղի պիտի ունենայ:

«Սոլըր Սիսթըմ Ճէօմեթրի Սըրվէյ» գիտական հիմնարկի, ուր Հուկերպիթս կ՛աշխատի, զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ 2-5 մարտին մոլորակներու մօտենալը կրնայ յանգեցնել շատ մեծ երկրաբանական շարժումներու: Երկրաշարժերու շարք մը կրնայ տեղի ունենալ 3 մարտէն մինչեւ 7 մարտ: Ցնցումներուն ուժգնութիւնը կրնայ ըլլալ 8,5 ռիխթըր եւ աւելի:

«Չեմ չափազանցեր, չեմ փորձեր վախ տարածել, ասիկա ընդամէնը նախազգուշացում է», ըսած է գիտնականը:

Հիմնարկը նաեւ նշած է այն շրջանները, որոնք կը գտնուին այսպէս կոչուած կարմիր գօտիին մէջ` Ճափոնի հարաւը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Յունաստանը, Փորթուգալը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէկ մասը: Այս ցուցակին մէջ է նաեւ Ռուսիան: Ֆրանք Հիւկերպիթսի կարծիքով` Քուրիլեան կղզիներուն մէջ կրնայ աւերիչ երկրաշարժ մը տեղի ունենալ:

aztagdaily.com/archives/574284

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail