Ոչ Միայն Դիտել, Այլ` Լսել Երեւանը Եւ Կեդրոնէն Դուրս Ապրող Երեւանցին – Յակոբ Պալեան

ARMENIA Sisian History Museum - VAGHATNI MONASTERY (VOROTNAVANK) This ancient, famous sanctuary-pilgrimage site of Syunik is located 10 km east of SISIAN city

Ոչ Միայն Դիտել, Այլ` Լսել Երեւանը Եւ Կեդրոնէն Դուրս Ապրող Երեւանցին – Յակոբ Պալեան

08 ՄԱՐՏ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

«Քաջութիւնը ճշմարտութիւնը որոնել եւ զայն ըսել է»:
ԺԱՆ ԺՈՐԵՍ, (1859-1914)
Ֆրանսացի ընկերվարական քաղաքական գործիչ

Երեւանի կեդրոնը իր պերճ հիւրանոցներով, ճաշարաններով, սրճարաններով, տարբեր աշխարհ է բնակիչներու Քաղաքէն, ուր մարդիկ կ՛աշխատին, ընտանիք կը պահեն, զաւակ կը մեծցնեն, ամԷնօրեայ ապրուստի հարց ունեցողներ: Անոնք ո՛չ զբօսաշրջիկ են, ո՛չ ալ զբօսաշրջիկի պէս ապրող քաղքենիներ:

Կ՛ուզէ՞ք Երեւանի իրաւ բնակիչները տեսնել, Նորքէն կամ Աւանէն եկող հանրակառքը բարձրացէ՛ք, սեղմուեցէ՛ք ոտքի ճամբորդողներուն հետ:

Երեւանը միայն մեծ վաճառատուներու, սուպերմարկէտներու եւ սիթիներու, քաղաքը չէ: Մտէ՛ք կողմնակի փողոցները, ուր կան անշուք կրպակներ, արհեստանոցներ, շինանիւթ վաճառողներ, խորհրդային շրջանի բազմայարկ շէնքեր` իրենց փեթակի նմանող բնակարաններով: Հոն կը գտնէք երեւանցիները, յաճախ թոռներով, երբեմն ալ` ծոռներով: Չնչին թոշակներով ապրողներ, որոնց զբօսավայրը թաղի հանրային պարտէզն է իր քարէ կամ փայտէ նստարաններով:

Ասոնք ղեկավարներու, բարերարներու, սփիւռքէն ժամանողներու եւ մեկնողներու տեսադաշտէն դուրս մնացած եւ օդանաւ չնստած իսկական երեւանցիներն են:

Գացէ՛ք Չարբախ կամ Մասիս, խարխլած տունի մը դուռը հրեցէ՛ք եւ ներս մտէ՛ք: Անոնք իրենց չունեցածը կը հրամցնեն, բայց այդ չունեցածն ալ չունին, ինչպէս` Մասիսի տատիկը, որ դրացիէն երկու քարթուշքա կը խնդրէ օրը անցընելու համար: Ասոնք հեռատեսիլի պաստառներու հիւրերը չեն, քանդակուած եւ շպարուած իրարու նմանող գեղուհիները չեն, վերնախաւին` էլիտային մաս չեն կազմեր: Հայրենասէր տուրիստները կու գան եւ կ՛երթան, զանոնք չեն տեսներ: Անոնք անտեսանելի էին թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ, անտեսանելի են անկէ ետք ալ: Ասոնք չեն տեղափոխուիր եւրոպական կամ ամերիկեան պերճ ինքնաշարժներով, կը թխմուին մարշութքա կոչուած մանրատիպ հանրակառքերու մէջ, յաճախ` երկար սպասումէ ետք, կը վճարեն 100 դրամ:

Եւ կ՛երազեն երթալ… Այլ հարց է` ո՞ւր, ինչպէ՞ս: Բայց երթալ: Կը վաճառուին տուներ եւ արտեր: Արդէն` մեծ մայրիկ, երիտասարդ կինը եւ իր տատիկ մայրը կը մտածեն իրենց բնակարանը վաճառել եւ երթալ: Բացառութիւն չեն:

Կը խօսինք հայրենադարձութեան եւ բնակեցման մասին: Ինչպէ՞ս: Սփիւռքի կարեւոր համայնքէ մը շուրջ 30.000 հայրենադարձողներ եղած են, մնացած է 6.000-ը, ըստ կարծիքներու եւ գնահատումներու:

Այս պատկերը կը լրանայ մամուլէն ստացուած ամէնօրեայ ոճիրներու, սպանութիւններու, վթարներու, կաշառակերութիւններու եւ այլ խաղքութիւններու լուրերով:

Եւ հիմա ցոյցեր` այն իշխանութեան դէմ, որ հրապարակ եկած էր ամբոխահաճական-պոպուլիստական յոյսեր ներշնչելով, ժողովուրդի վիճակը պիտի բարելաւուէր, քանի որ գողութիւն եւ կողոպուտ վերջ պիտի գտնէին: Հազարաւորներ չորս տարի առաջ փողոց իջած էին լաւի յոյսով, բեկուած յոյսը կրկին հազարաւորներ փողոց իջեցուցած է:

Առանց հիմնաւոր պատճառի` հազարաւորներ փողոց չեն իջներ:

Այս կացութիւնը նախկիններու վերագրելը ճամարտակութիւն պիտի ըլլար: Այդ գիտոսիկութեան ճառին կրնան հետեւիլ հեռուի եւ մօտի յանձնառութենէ խուսափող ամլացած փուճ եւ կուշտ քաղքենիներ, որոնք միշտ գոհացած են հին կամ նոր էլիտայի ձեռքը թօթուելով, այդ էլիտան ըլլայ քաղաքական թէ մտաւորական:

Նոր էլիտան նախկինի կրկնօրինակն է` տարբեր փետուրներով: Պատմութեան մէջ երեւոյթը նոր չէ: Կարծէք այդպէս կը վերարտադրուին իշխանութիւնները: Գրականութեան մէջ վկայութիւններ կան այս մասին: Յիշեցնենք ֆրանսացի գրող Ժան-Փոլ Սարթրի Les mains sales եւ L՛engrenage թատերախաղերը եւ խորհրդածել հեղինակին հետ.

Սեւի եւ ճերմակի, նախկիններու, կողոպտող-թալանչիի կրկնուող ամբոխահաճական կարգախօսները քաղաքական եւ կազմակերպական ոչինչ ունէին որպէս նորութիւն: Ժան-Փոլ Սարթրի բանաձեւումը այնքա՜ն դիպուկ է. «Ի՞նչ բանի կը ծառայէ պայքարիլ մարդոց ազատագրութեան համար, եթէ զանոնք կը համարենք այնքան, որ իրենց գլուխները կը թխմենք», այսինքն կ՛ընենք այնպէս, որ մարդիկ կը դադրին մտածելէ, դատելէ, ճիշդ ընտրութիւն կատարելէ, կը հաշտուին կացութիւններու հետ:

Նոյնքան դիպուկ է Ժան-Փոլ Սարթրի նաեւ հետեւեալ խօսքը. «Մեծ բան չէ այն վստահութիւնը, երբ ան չի դիմանար ութ օրուան սպասման»:

Հազարաւորներու վստահութիւնը չէ տեւած:

Անբաղաձալի կացութեան մէջ գտնուող Հայաստանը պիտի կարենա՞յ գերանցում կատարել նախկինի եւ թաւիշի մրցակցութիւններէն, գտնել զինք ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՄԻՏՔԸ, ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՒ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ:

Երէկի եւ ներկայի ըմբոստները, դժգոհները կ՛ունենա՞ն ազգային անհրաժեշտ իմաստութիւն` չկրկնօրինակուելու, այլ` ճիշդ մարդը դնելու ճիշդ գործին, ան ըլլայ սեւ թէ սպիտակ: Այլապէս, սեւն ու սպիտակը, որպէս խլեակ, կ՛երթան պատմութեան հեղեղին մէջ:

Մեր 3 առաւել 10 կամ 20 միլիոն ժողովուրդին մէջ, Հայաստանէն Ռուսիա, Եւրոպա, Ամերիկաներ, Ասիա, անպայման կան պայծառ, իմաստուն եւ բանիմաց դէմքեր, որոնք մեր տատանող նաւին ղեկը կրնան բռնել: Այս ընելու համար, ներսը եւ դուրսը, կանգնած ենք իրաւութեան ընտրանքի առջեւ, որ ո՛չ ամբոխահաճութիւն է, ո՛չ ժառանգութիւն, ո՛չ յաւելեալ իրաւունք, այլ` ողջախոհութիւն, իմաստութիւն:

Եթէ այս հասկնան իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, գործիք չդառնայ հայ ոստիկանութիւնը, մտաւորականութիւնը չմնայ փղոսկրեայ աշտարակի մէջ եւ որպէս լուսաւորող հանդէս գայ, կ՛ունենանք վերականգնումի յոյս: Կը վերականգնինք` չխուսափելով, ըլլալով ներկայ:

Շատ տպաւորած է զիս Ի. դարու ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ լը Սենի երեւութապէս պարզ խօսքը. «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»:

Եթէ այս կրկնէին, հասկնային եւ ըստ այնմ գործէին` բուրգերու գագաթները թառածներ, մագլցելու ցանկութիւն ունեցողներ, ստորոտէն զանոնք դիտող անմիտ հայհոյողներ եւ անմիտ ծափահարողներ, կ՛ունենայինք առաջնորդութիւն եւ փակուղիէն դուրս կու գայինք:

Քիչ ետք ես ալ յոյսի ցոյցի պիտի երթամ: Ազգի եւ հայրենիքի համար լաւագոյնի յոյսին համար:

Այս միտքերը տիրացուական անգիր խօսքերու կրկնութիւն չեն, անմիջականը գերանցելու միտող իրատեսութեան փորձ են, ազգի իրաւունքի կատարման պարտականութիւն:

Ժան Ժորեսի հետ կրնա՞նք կրկնել. «Քաջութիւնը ճշմարտութեան որոնումն է եւ զայն ըսել է»: Այն ատեն կը մեծնանք, կ՛ազատագրուինք եւ կը տեւենք:

4 մայիս 2022, Երեւան

aztagdaily.com/archives/574709

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail