ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ՝ ԱՆՎԻՃԵԼԻ

Culture and History – 38 km away from Van, Ayanis Castle built by Rusa II – A 38 km de Van, le château d'Ayanis construit par Rusa II – Վանից 38 կմ հեռու՝ Ռուսա Բ-ի կառուցած Այանիս ամրոց

ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ՝ ԱՆՎԻՃԵԼԻ

09 ՄԱՐՏ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Ա.Ա.    

Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին մասին կատարած՝ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի յայտարարութենէն մինչեւ Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութւիւններու հարցերով  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան այցելութիւնները ցուցանիշ են, որ հակառակ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պնդումներուն, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած է եւ անիկա անցեալին կը պատկանի, միջազգային ընտանիքը տակաւին ունի որոշ ընկալումներ, թէ արցախցիներուն ինքնորոշման խնդրին քննարկման համար պէտք է յարմար հարթակ մը գտնել եւ անցնիլ աշխատանքի։ Այս տրամաբանութեամբ ալ կատարուող յայտարարութիւնները հայկական կողմին համար ոչ թէ խանդավառութեան, այլ դիւանագիտական լուրջ եւ տինամիք գործունէութեան մղիչներ պէտք է հանդիսանան։

Ատրպէյճանական իշխանութիւնները ներկայիս բաւական կը գիտակցին, որ միջազգային ընտանիքին համար անընդունելի է Արցախի խնդրին փակումը՝ պաշտօնական Պաքուի պատկերացումներուն հիմամբ։ Որոշումներու մայրաքաղաքներուն այս մօտեցումը թէեւ կրնայ գետնի վրայ հարազատ արտայայտութիւն չգտնել եւ  վերածուիլ Արցախեան մրցադաշտին մէջ  միջազգային կողմերու շահերու եւ ախորժակներու բախումներու դրդապատճառի մը, այսուհանդերձ, անիկա հայկական դիւանագիտութեան համար խուսանաւման եւ հայկական կողմին շահերուն համընկնող քայլերու եւ արդիւնքներու հասնելու ընդհանուր առիթ մը ըլլալ։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս իրավիճակին լաւապէս գիտակցելով՝ իբրեւ նախազգշութիւն եւ կանխարգիլում  հայկական կողմին ի նպաստ միջազգային կեցուածքներու, կացութեան առաւել վատթարացման եւ  սրման միջոցով կը ջանայ զարգացումներուն եւ իրավիճակին վրայ հակակշիռ պահել՝ իբրեւ պատերազմը յաղթողի, որուն տրամաբանութեան համաձայն, ամէն քայլ, որոշում, զարգացում եւ ծրագիր պէտք է ի նպաստ Ատրպէյճանի ըլլայ։ Պաշտօնական Պաքուի համար գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղը, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, Արցախը եւ իր ինքնորոշման իրաւունքը ճիշդ կերպով կիրարկած արցախցիներու համախումբ գոյութիւնը՝ իր հայրենի հողերուն վրայ, այլ կայ վարչական տարածք մը, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն անմիջապէս ետք ատրպէյճանցիներուն կողմէ կը համարուի վարչական տարածք մը, որ Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ։ Ատրպէյճանական այս տրամաբանութիւնն է,որ ստեղծած է իրավիճակային թնճուկ մը, որ արցախեան խնդիրը առաւել կը բարդացնէ։

Արցախի խնդիրը, որուն լուծումը արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական կիրարկումն է, ներկայիս աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական շահերու եւ բախումներու կիզակէտի մը վերածուած է եւ լուրջ մարտահրաւէրներ եւ վտանգներ կը դիմագրաւէ, որովհետեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը ջանան ամէն գնով իրենց պատկերացումները եւ տեսակէտերը պարտադրել՝ ինչ կը վերաբերի արցախցիներուն եւ արցախի ապագային։ Այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի բնապահպաններ երբ փակեցին Բերձորի միջանցքը, աւելի քան յստակ դարձաւ, որ ատրպէյճանական կողմը բնաւ մտադրութիւն չունի ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած՝ միջանցքին կապուած իրողական վիճակը ընդունելու եւ ըստ այնմ իր պարտաւորութիւնը կատարելու, միջանցքը ապահով եւ բաց պահելու իմաստով։ Ընդհակառակը գրեթէ առօրեայ դրութեամբ ատրպէյճանական ուժերը տարբեր տեսակի ճնշումներով ջանացին Պաքուի իշխանութիւններուն պատկերացումները հայկական կողմին պարտադրել՝ ապաքարոզչութեամբ, ապատեղեկատուութեամբ եւ խեղաթիւրման քաղաքականութեամբ, որպէսզի արցախահայութիւնը ճնշումներու ենթարկեն եւ ազատ ու ինքնիշխան Արցախի հողերուն վրայ ապրելու արցախցիներուն կամքը կոտրեն։ Երբ ատրպէյճանցի զինուորներ կրակեցին արցախցի ոստիկաններու վրայ եւ ապա յայտարարեցին, որ անոնք քաղաքային ինքնաշարժներով զէնք ու զինամթերք կը փոխադրէին, հերթական անգամ դիմեցին ապատեղեկատուութեան եւ փորձ կատարեցին զոհը իբրեւ զէնքի մաքսանենգ ներկայացնելու։ Նման կացութեան մէջ միջազգային դերակատարներու ռազմաքաղաքական շահերու բախումը եւ տնտեսական գործօնները բաւական մեծ ազդեցութիւն ունին։Այս իրողութիւնն է, որ նկատի պէտք է առնուի եւ հայկական դիւանագիտութեան ուշադրութեան առարկան դառնայ, որպէսզի խնդրին լուծման ուղիները չականապատուին։

Արցախի անկախ շրջանները հիմք են ապագային գրաւեալ բաժինները ազատագրելու համար։ Առանց այս տրամաբանութեան, կարելի չէ աշխատանքի անցնիլ։ Եթէ գործենք «գոնէ մնացածը պահելու եւ արցախցիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու» տրամաբանութեամբ, հրաժարած կ՛ըլլանք Արցախը անկախութիւնը ձեռք ձգելու համահայկական նպատակէն։ Այլ խօսքով՝ տեղի պէտք չէ տալ միջազգային թէ թուրք- ատրպէյճանական ճակատին ճնշումներուն դիմաց եւ դիւանագիտական աշխատանքները կատարել այնպէս մը, որ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրուի։

hairenikweekly.com/արցախահայութեան-ինքնորոշման-իրաւուն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail