«Ընթանանք Երկխօսութեան Եւ Դիւանագիտութեան Ուղիով», Կը Շեշտէ Փրայս
09 ՄԱՐՏ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, թէ․- «Խաղաղութիւնը պահպանելու միակ ուղին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլն է, իսկ ուժի կիրարկումը կը վտանգէ բանակցութիւնները։ Պէտք է, որ ընթանանք երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան ուղիով»։
Արդարեւ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան տեղեկացուց, թէ մօտէն կը հետեւին Արցախի մէջ պատահած դէպքերուն։ Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններուն։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերի ռուսական միջնորդութեան հետ՝ Փրայս ըսաւ. «Ասիկա կողմերուն հարցն է, եւ մենք չենք պատրաստուիր դէմ ըլլալ միջնորդութեան որեւէ այլ առաջարկի, եւ իրականութեան մէջ մենք միջնորդ չենք: Հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում, եւ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրարկումը երբեք ընդունելի չէ։ Մենք երկու երկիրներու գործընկերն ենք: Մենք երբեք Մոսկուայի հետ չենք մրցիր: Այս աշխատանքը կը տանինք՝ ձգտելով հասնիլ այս երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ վէճի կարգաւորման ու լուծման», յայտնեց Փրայս։
hairenikweekly.com/ընթանանք-երկխօսութեան-եւ-դիւանագիտ/