Պոնօ․- «Մենք Կը Վերահաստատենք Բերձորի Միջանցքով Ազատ Եւ Բաց Տեղաշարժի Անհրաժեշտութիւնը»
09 ՄԱՐՏ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ԵՐԵՒԱՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու Լուի Պոնօ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ եւ վերստին հաստատեց Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` համախոհ գործընկերներու հետ օգնելու Հայաստանին ու Ատրպէյճանին` հասնելու տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան:
Ան ընդգծեց Բերձորի միջանցքով ազատ ու բաց առեւտրական եւ սեփական տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը: Պոնօ նաեւ այցելեց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
«Այն, ինչ որ մենք կը փորձենք ընել, խաղաղութիւնը դիւրացնելն է: Նկատի ունիմ, որ մենք կ՛ուզենք, որ կողմերը իրենք մշակեն փաստաթուղթին բնագիրն ու պայմանները եւ միասին որդեգրեն զանոնք: Անոնք պէտք է ատոր վրայ միասին աշխատին, որովհետեւ որեւէ երկարատեւ, կայուն եւ հաւասարակշռուած խաղաղութիւն պէտք է կողմերէն գայ։ Կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան համաձայնագիր ունենալու համար անիկա պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը: Եւ Մենք յանձնառու ենք ատիկա աւարտին հասցնելու: Մենք կը գիտակցինք ատոր կարեւորութեան», շեշտեց ան:
Խօսելով Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան կարելիութեան մասին` ամերիկացի դիւանագէտը ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք աշխատելու որեւէ եւ բոլոր կողմերուն հետ, որոնք հետամուտ են յառաջ տանելու այս հոլովոյթը: Իրականութեան մէջ ես հաղորդակցած եմ Մինսքի խմբակի իմ ռուս գործընկերոջս հետ: Որեւէ մեկնաբանութիւն պիտի չընեմ: Մենք այստեղ ենք ոչ թէ կողմերուն քննադատելու կամ աշխարհաքաղաքական որեւէ այլ խնդիրի անդրադառնալու համար, այլ ես այստեղ եմ, որպէսզի օգնեմ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ատրպէյճանին` գտնելու այս տագնապին լուծումը: Մենք պէտք է այս տագնապին վերջ դնենք: Ահա թէ ինչու ես այստեղ եմ»:
hairenikweekly.com/պոնօ․-մենք-կը-վերահաստատենք-բերձորի/