Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

05 ԱՊՐԻԼ 2023 – ՍՓԻՒՌՔ:

Վազգէն Էթիեմեզեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾ:

ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՍԼԱՔ – ՆՇՄԱՐ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Վաղամեռիկ մտաւորական, խմբագիր եւ հրապարակագիր Վազգէն Էթիէմեզեանի ծննդեան 80-ամեակը այսօր կը նշուի յատուկ ձեռնարկով եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ: Այդ առիթով յանձնախումբը դիմած է Վազգէն Էթիեմեզեանի գործակիցներու, հարազատներու եւ բարեկամներու` տեսանիւթով, բանաւոր թէ գրաւոր միջոցներով իրենց վկայութիւնները տալու համար Վազգէն Էթիեմեզեան մարդուն, մտաւորականին եւ դաշնակցականին մասին: Ստորեւ տրուած գրութիւնը կը պատկանի այդ վկայութիւններու շարքին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐէՃԵԱՆ

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանի մասին խօսելէ առաջ կ՛ուզեմ գոհունակութիւն յայտնել անոր գրաւոր ժառանգութենէն փունջ մը կազմելու եւ հատորով հրատարակելու նախաձեռնութեան համար: Այսպիսով, լոկ մամուլի էջերուն մէջ մնալու ճակատագիրէն կը խուսափի վաստակը հայ մտաւորականի մը, դաշնակցակա՛ն մտաւորականի մը, որ լուսարձակներէ հեռու բեղուն գործ տարաւ իր իմացական ողջ կեանքին ընթացքին եւ օր մը, կանխահասօրէն հրաժեշտ տուաւ կեանքին, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն:

Սրտի այս խօսքս, որ պիտի համեմուի քանի մը յուշով, հազիւ թէ ըլլայ շուրջ 25 տարի առաջ մեզմէ  առյաւէտ հեռացած ընկերոջ դիմաստուերը, որովհետեւ ընկեր Վազգէնը մաս կը կազմէ բազմակողմանի հմտութիւններով օժտուածներու փաղանգի մը, եւ արժանի է, որ անոր կեանքն ու վաստակը վերականգնին շատ աւելի ընդարձակ ծաւալով: Բնականաբար լոյս տեսնող հատորն ալ պիտի ըլլայ մէկ արտացոլացումը անոր մտաւորականի պաշարին եւ մտածողութեան:

Ընկեր Վազգէնին հետ առաջին հանդիպումիս, առաջին հերթին խորապէս տպաւորուեցայ անոր խօսելու ձեւէն: Ունէր թաւ ձայն, որ կարծէք թէ կը բխէր հոգիին խորքէն: Բառերը կ՛արտասանէր հատիկ-հատիկ, հանդարտ եւ համոզկեր հանդարտութեամբ, երբեմն` կանգ առնելով, կարծէք թէ կը գրէր եւ հարկադրուած կը զգար ստորակէտ մը կամ միջակէտ մը թելադրելու: Ի դէպ, համոզկեր բառը իր նախասիրած բառերէն էր:

Շուտով հաղորդ դարձայ իր կեանքի կարգ մը մանրամասնութիւններուն: Իր կենսագիրին ուշադրութենէն պիտի չվրիպին կարգ մը մանրամասնութիւններ: Հալէպ ծնած, յետոյ կարճ ատեն Պէյրութ բնակած, ապա բարձրագոյն ուսման տենչով արեւմտեան աշխարհ մեկնած ընկեր Վազգէնը Պէյրութ վերադարձած էր ընտանիքին վերամիանալու ճիշդ ա՛յն օրերուն, երբ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմը» նոր կը բռնկէր, եւ կարճ ատեն ետք շատեր պիտի բռնէին դէպի նոյն Արեւմուտքը տանող ճամբաները: Ընկեր Վազգէնը վերադարձած էր չհեռանալու որոշումով, անսասան մնաց այդ որոշումին վրայ եւ ճակատագրակիցներու պէս ցմրուր ըմպեց դաժան տարիներու բազում բաժակները:

Բազմաթիւ աշխարհներ մէկտեղող տղայ էր ընկեր Վազգէնը: Պէյրութ վերադարձած էր իմացական անսահման զինանոցով մը, որուն մասնիկներն էին` փիլիսոփայութիւնը, քաղաքական, ընկերային-ընկերաբանական գիտելիքները, գրականութիւն եւ մշակոյթի տարբեր կալուածներ: Այսքանը բաւարար չէր կարծէք, որովհետեւ հմուտ էր նաեւ մեքենաներու աշխարհին, մեքենագէտ մը ըլլալու չափ հմուտ: Քանի մը տարի ետք, երբ Պէյրութն ալ կամաց-կամաց մտաւ համակարգչային արհեստագիտութեան կայսրութեան մէջ, ընկեր Վազգէնը հմտութիւն ձեռք բերաւ արդի արհեստագիտութեան բարիքներու ա՛յս կալուածին մէջ եւս:

Ընկեր Վազգէնին հետ գործակցութիւնս սկսաւ «Ազդակ»-ի յարկին տակ. «պատերազմ»-ի առաջին փուլին, միացած էի խմբագրութեան: Ան շրջան մը մաս կազմեց խմբագրական կազմին, յետոյ գործակցութիւնը շարունակեց, երբ կ՛աշխատակցէր «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ին, միաժամանակ միացած էր Համազգայինի Հայագիտականի դասախօսական կազմին: Անոր գրիչէն հոսած են բազմաբնոյթ հարցեր, քաղաքական-իմացական մեկնաբանութիւններ, առանց անտեսելու գրական ցոլքերը: Եթէ անոր սիւնակները օրին դիպուկ եւ արդարութեան ձգտումով մենաբանութիւններ էին եւ անկաշառ կեցուածքի արտայայտութիւն, այսօր ալ կարելի է անոնցմէ շատեր վերահրատարակել, որովհետեւ չեն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը, հոգ չէ թէ անոնք անմիջականօրէն աղերս ունին ա՛յդ օրերու իրադարձութիւններուն հետ: Փաստօրէն անոր քննարկած մեծ խաղերուն օրէնքները, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` անօրինութիւնները, կը մնան նոյնը, քիչ թէ շատ անփոփոխ, երկիրներու կամ աշխարհագրական վայրերու անունները կրնան տարբեր ըլլալ: Եւ սա միայն մէկ երեսն է անոր վաստակին. անոր ժառանգութեան անժամանցելիութիւնն է, որ զինք կը դասէ գլխագիր մտաւորականներու փաղանգին մէջ:

Մեր ծանօթացման եւ աշխատակցութեան առաջին փուլի այդ օրերուն դառնութեան բաժակներու շարքին էր բաժնուած Պէյրութի երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկելը: Հիմա մոռցուած է այն, որ երկու գօտիները իրարու միացնող քանի մը «անցքեր» կային, որոնք բաց ու խուփ կ՛ըլլային` համաձայն հակադիր ուժերու զինեալներու քմահաճոյքին: Պէտք է բարեբախտութիւն սեպել, որ այդ անցքերը նման չէին Արցախի Բերձոր գօտիի ճամբուն, որ աւելի քան 3 ամիսէ ի վեր կղպուած կը մնայ ազերի ոճրածին եւ ինքզինք բնապահպան անուանող խուժանին կողմէ: Պէյրութի «անցքերը» բազմաթիւ էին, անոնք երբեմն կղպուած կը մնային քանի մը օր, սակայն վերաբացումէն ետք ալ յաճախ կը մնային վտանգաւոր, որովհետեւ այլ տեսակի ոճրագործներ, որոնք արձակազէն կը կոչուէին, կրնային որեւէ պահ որսալ յանդուգն երթեւեկողները: Եւ այդ յանդուգններէն մէկն ալ ընկեր Վազգէնն էր, որ իր հռչակաւոր ու քիչ մը հնաբոյր «Մորիս» ինքնաշարժով ետ չէր կանգներ արկածախնդրական «ճամբորդութիւններէն»: Քանիցս մազապուրծ փրկուած էր եւ տեղ հասած` ժպիտը դէմքին, կեանքը ստոյիկ փիլիսոփաներու պէս ապրելու հանդարտութեամբ: Ըսել կ՛ուզեմ` բարձրագոյն ուսման տարիներուն իր ամբարած գիտելիքները միայն մտապաշարին մէջ պահուելու եւ արձանագրած էջերուն ճամբով կամ ուսանողներուն բաշխուող գիտելիքներու նիւթ չէին, այլ կը կազմէին իր կեանքի հունը, ապրելաձեւը, նոյնինքն` կեա՜նքը:

Քիչ առաջ արձանագրեցի արդէն, որ ընկեր Վազգէնը հանդարտաբարոյ անձ էր. չեմ յիշեր, թէ մէկուն հետ զայրոյթով կամ վիրաւորանքով խօսած է, սակայն սա չի նշանակեր, որ չունէր զգացումները արտայայտելու ձեւեր: Գրական իր էջերը որոշ չափով կը ցոլացնեն այդ երեսը, սակայն կեանքի մէջ անոր զգացումներուն ամէնէն լաւ թարգմանը իր աչքերն էին: Թաւ ձայնին չափ թաւ ու դէմքին պէս թուխ մօրուքն ու պեխը վարագուրած էին շրթունքը, հետեւաբար, եթէ պիտի ժպտէր կամ անբաւարարութիւն արտայայտէր, այդ բոլորը կը տեսնուէին իր աչքերուն ընդմէջէն: Այդ աչքերէն յաճախ գուրգուրանք եւ հոգածութիւն կը ծորէին` հանդէպ գործակիցներու, ուսանողներու, մանաւանդ` իր զաւակներուն եւ հարազատներուն: Անբաւարարութեան եւ քողարկեալ զայրոյթի պահերուն անոր ակռաները իրարու կը շփուէին ընդհանրապէս: Գիտէր գնահատել աշխատանքն ու աշխատողը, աշխատասէրը, գիտութեան ու գիտելիքի հետամտողը, սակայն հազիւ թէ հանդուրժէր այնպիսիներ, որոնք երբեմն կը փորձէին իրենց քիչ գիտցածին կամ չգիտցածին համար փառաբանանք հետապնդել:

Յուշերուս մէջ յատուկ տեղ ունին քանի մը դրուագ, որոնք արձանագրուեցան ընկեր Վազգէնին «Ազդակ»-ին աշխատակցութեան աւելի ուշ փուլերուն: Արձանագրեմ գոնէ երկուքը:

1987-ին, քանի մը տարուան հարկադիր ուշացումէ ետք, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն-տպարանը ի վերջոյ տեղաւորուեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, որ զինք կը սպասէր 1977-78 տարիներէն ի վեր: Ընկեր Վազգէնը շատոնց հաստատուած էր Նոր Սիս թաղի իր բնակարանը, կազմած էր ընտանիք եւ հաստատած էր համեստ հրատարակչատուն մը` օժտուած համակարգչային սարքերով: «Ազդակ» տակաւին կը մնար «կապարէ դարուն» մէջ, գրաշարական եւ էջադրումի հնաբոյր սարքերով: Ամանորի բացառիկ թիւերը նախկինէն աւելի ներկայանալի ձեւով պատրաստելու համար դիմեցինք ընկեր Վազգէնի գործակցութեան, եւ ան բոլորանուէր կերպով ընդառաջեց` քանի մը տարի յանձն առնելով այդ յատուկ թիւերուն նախատպարանային ամբողջ աշխատանքը: «Ազդակ»-ի խմբագրութեան մաս չէր կազմեր այլեւս, սակայն «Ազդակ»-ը նստած էր իր գուրգուրանքներուն խորքին: Կ՛արժէ, որ յիշատակեմ մանրամասնութիւն մը: Այսօրուան սարքերուն բաղդատմամբ, այդ օրերու համակարգչային աշխատանքը կը կատարուէր համեմատաբար նախնական ձեւերով: Տողաշարուած նիւթերը կ՛էջադրուէին ու կը տպուէին յատուկ թուղթերու վրայ, սրբագրութեանց համար, պէտք էր սխալ պարունակող տող մը կամ քանի մը տող վերստին շարել եւ կպչուն թուղթով փակցնել սխալին վրայ: Մէկ խօսքով, հոգեմաշ ընող տաղտկալի աշխատանք: Իսկ երբ սկզբնապէս չնկատուած սխալ մը սրբագրելու պէտք ըլլար, արդէն հոգեմաշութիւնը կը կրկնապատկուէր: Ընկեր Վազգէնը այդ գետնի վրայ մեծապէս օգտակար եղաւ եւ ահագին տաղտուկ խնայեց մեզի, որովհետեւ կը տիրապետէր մայրենիին, լեզուին բոլոր նրբութիւններուն եւ յաճախ գրաշարելու պահուն իսկ խմբագիրներէն վրիպածները կ՛արձանագրէր ճիշդ ձեւով: Ան, որ ծանօթ է տպարանային աշխատանքի տաղտուկներուն, շատ աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ նման բարերար միջամտութիւն` ժամանակի դէմ հեւքոտ մրցումի նմանող աշխատանքի մէջ:

Քանի մը տարի ետք ընկեր Վազգէնը համակարգչային կալուածին մէջ իր հմտութիւնը ի սպաս դրաւ խմբագրութեան, երբ որոշուեցաւ տպարանը արդիականացնել եւ որդեգրել համակարգչային դրութիւնը: Ընկեր Վազգէնը մէկն էր այն մասնագէտ ընկերներէն, որոնց խորհուրդին դիմուեցաւ ապահովուելիք սարքերու ընտրութեան համար: 90-ականներու առաջին կէսերուն համակարգիչները սուղ սարքեր էին. քանի մը տասնեակ հազար տոլար պիտի արժէին քանի մը համակարգիչներն ու տպիչները, շուկային վրայ կային որակաւորն ու անորակ-անվստահելիներ: Թերթին հրատարակութիւնը չէր կրնար խաղալիք դառնալ անվստահելի կազմածներու: Եւ հոս էր,  որ ընկեր Վազգէնն ու այլ մասնագէտ ընկերներ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու մէջ ունեցան որոշիչ դեր:

Քիչ առաջ ակնարկեցի, որ ընկեր Վազգէնը ապրեցաւ եւ գործեց լուսարձակներէ հեռու: Իր ստորագրած սիւնակներուն մէկ մասն ալ գրչանուն կը կրէ արդէն: Սա չի նշանակեր, որ ան հեռու մնաց գործի դաշտերէ: Անկախ խմբագրական, դասախօսական եւ հրատարակչական յիշեալ աշխատանքներէն` ան ունեցաւ նաեւ կուսակցական գործունէութիւն: Յիշատակութեան արժանացնեմ գոնէ մէկ-երկու կէտ. ան իր թաղի կուսակցական կազմին մէջ յանձն առաւ պատասխանատուութիւններ, շրջան մը եղաւ կոմիտէին ներկայացուցիչը: Կրկնեմ. ան ինքզինք պահեց լուսարձակներէ հեռու, հաւատարիմ` կուսակցութեան հիմնադիրներու այն պատգամին, որ դաշնակցականը խօսքի աճուրդ ընող մարդը չէ, այլ` գործի: Ան նաեւ հաւատարիմ էր այն պատգամին, որ դաշնակցականին համար չկան մեծ կամ փոքր գործեր, այլ կայ գլխագիր Գործ: Այս առումով, ինչպէ՞ս կարելի է չյիշել ընկեր Վազգէնի ըրածը` «պատերազմի» վերջին փուլին: Ատիկա 1990-ին էր, երբ լիբանանեան բանակն ու «Լիբանանեան ուժեր»-ը ինկած էին արիւնալի հակամարտութեան մէջ: Հետեւանքներէն մէկն ալ այն եղաւ, որ Պուրճ Համուտը ինկաւ իրողական պաշարումի մէջ, բռնուեցաւ հակադիր ուժերու աքցանին մէջ: Ստեղծուած կացութեան մէջ Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը դարձաւ անհասանելի, իսկ կեանքի բնական ընթացքն ու տեղացող ռումբերը ամէն օր մահ կը բերէին մեր թաղերուն: Զոհերն ու մահացողները կարելի չէր հողին յանձնել ըստ արժանւոյն: Մահացողներն անգամ դարձած էին հալածական: Ու պատահեցաւ, որ Պուրճ Համուտի մեր պատասխանատուները որոշեցին առժամեայ գերեզմանատուներ սարքել, որպէսզի մեռնողը չմնար անթաղ: Առաջին «առժամեայ գերեզմանատունը» գոյացաւ Կուրանոց-Ծերանոցի մերձակայ հողաշերտի մը վրայ, շուտով երկրորդ մը ծնաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին կողքի բաց հողաշերտին վրայ: Այդ գործին պատասխանատուներէն մէկն ալ ընկեր Վազգէնն էր: Օր մըն ալ, երբ ռումբերու տարափը հազիւ դադրած էր, ականատես եղայ արտասովոր գործի մը: Ընկեր Վազգէնը, քանի մը տղոց ընկերակցութեամբ, բահը ձեռքին, նորաստեղծ «գերեզմանատունը» եկած էր եւ կը մասնակցէր փոսի մը պատրաստութեան: «Ի՞նչ կ՛ընես, ընկե՛ր Վազգէն», թռաւ բերնէս: Իր սովորական ժպիտով պատասխանեց եւ գործնապէս հասկցուց, որ իրեն համար մեծ ու պզտիկ գործ չկայ…

Դառնութեան բաժակները անհատնում էին եւ անսպառ` այդ օրերուն:  Սփոփանքի առիթներ էին իր զաւակները, որոնց մասին ամէնէն հպանցիկ անկարկութիւնն իսկ ժպիտ կը ծաղկեցնէր աչքերուն: Դուստրերը արդէն պարմանի էին, կը հպարտանար անոնց դպրոցական եւ այլ յաջողութիւններով, իսկ կրտսերը` մանչուկը, մէկ այլ ցոլացումն էր իր ուրախութեան:

Ակնարկեցի արդէն, որ ընկեր Վազգէնը զգացումները յախուռն կերպով արտայայտող չէր, այլ ան կը պատկանէր մարդոց այն տեսակին, որոնք կը տիրապետեն ցաւին ու կսկիծ առթող դէպքերուն, անոնց մասին կ՛ըսենք` «ներսը կը նետեն» ցաւերը, դառնութիւնները: Եւ օր մըն ալ իմացանք, որ ընկեր Վազգէնին սիրտը դաւադրած է: «Ներս նետելները» գործած էին իրենց աւերիչ գործը: Պահ մը դանդաղեցաւ հեւքոտ վազքը, սակայն շուտով յաղթանակեց այդ դժուարութիւնը, վերականգնեցաւ, վերադարձաւ բնականոն աշխատանքին եւ հեւքին: Յետոյ պատահեցաւ անսպասելին ու աներեւակայելին: Մանր վիրաբուժութեան մը համար հիւանդանոց գնաց, մտաւ ապաքինման փուլ եւ յանկարծ, վիրաբուժութեան հետ կապ չունեցող` բոլորովին այլ պատճառով մը քանի մը վայրկեանի մէջ հեռացաւ կեանքէն:

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեան ապրեցաւ լեցուն կեանք մը, ետին թողուց մտաւորականի հսկայ վաստակ եւ բարի յիշատակներ: Այսօր, երբ կը յիշենք զինք, անգամ մը եւս կ՛անդրադառնանք այլ ճշմարտութեան մը, որ ան յարգանք պարտադրող, մտածող եւ մտածելու մղող գլխագիր հայ մըն էր, սրտամօտ ընկեր մը ու անշահախնդիր դաշնակցական մը: Անոր հետ խօսողը, անոր դիմողը այս ու նման պատճառներով է, որ չի կրնար զինք պարզապէս կոչել Վազգէն, այլ զինք ճանչցած է եւ մի՛շտ պիտի յիշէ իբրեւ ԸՆԿԵ՛Ր Վազգէն:

aztagdaily.com/archives/577020

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail