Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
05 ԱՊՐԻԼ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Այս ամսուան սկիզբը քանի մը թերթեր տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ դէմ մեծածաւալ բողոք ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան (ՄՔԴ): Իրաւական հարցերով եւրոպացի իրաւաբաններու խումբը հաւաքած է հսկայական փաստաթուղթ, որ կը ներառէ «վկաներու ցուցմունքները, որոնք կը մանրամասնեն խոշտանգման, պետութեան կողմէ հովանաւորուող առեւանգման եւ անօրինական բանտարկութեան մասին»` իրականացուած Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, իր 200 հազար հակառակորդներուն դէմ:
Ե՛ւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, ե՛ւ ՄԱԿ-ի կամայական կալանքի հարցերով աշխատանքային խումբը եզրակացուցած էին, որ Թուրքիոյ կողմէ բանտարկութիւններու եւ կալանքներու մեծ մասը Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտում էր: Անոնք կը համարուին մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքներ: Նոր բողոքը փոխանցուած է ՄՔԴ դատախազ Քարիմ Խանին, 9 փետրուարին, սակայն հրապարակուած է 1 մարտ 2023-ին:
4000 էջնոց թղթածրարը պատրաստուած է պելճիքական Van Steenbrugge Advocaten իրաւաբանական ընկերութեան, պելճիքական Turkey Tribunal հասարակական կազմակերպութեան եւ Եւրոպական դատաւորներու ընկերակցութեան կողմէ:
«Թուրք պաշտօնեաները մարդկութեան դէմ յանցանքներ գործած են Էրտողանի վարչակարգի հարիւր հազարաւոր հակառակորդներու հանդէպ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: «Այս յանցագործութիւնները հաւասարազօր են` «համատարած եւ համակարգուած յարձակման, խաղաղ բնակչութեան դէմ», ինչ որ թոյլ կու տայ ՄՔԴ-ի` դատաքննութիւն սկսիլ Էրտողանի վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ»:
Թէեւ Թուրքիա չէ ստորագրած Հռոմի կանոնադրութիւնը, որով հիմնուած է ՄՔԴ, սակայն դատարանը իրաւասու է հետամուտ ըլլալու այդ յանցագործութիւններուն, քանի որ թրքական կառավարութիւնը յանցագործութիւններուն մէկ մասը կատարած է ՄՔԴ անդամ 45 երկիրներու տարածքին` Ալպանիա, Աւստրիա, Աֆղանիստան, Պանկլատէշ, Պելճիքա, Պոսնիա-Հերցեկովինա, Պուրքինա Ֆասօ, Կապոն, Կամպիա, Գերմանիա, Կուինիա, Դանիա, Զամպիա, Թունուզ, Լեհաստան, Լիպերիա, Լիթվա, Լիւքսեմպուրկ, Քամպոտիա, Քանատա, Քոնկօ, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Յորդանան, Յունաստան, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Մատակասքար, Մալի, Միացեալ Թագաւորութիւն, Մոլտովա, Մոնկոլիա, Նիկեր, Նիկերիա, Նետրլանտներ, Զուիցերիա, Չատ, Փերու, Ռումանիա, Սենեկալ, Վենեզուելլա, Վրաստան, Թանզանիա, Տաճիկստան, Ուկանտա, Քենիա եւ Ֆրանսա:
Բողոքին մէջ կը նշուի, որ եղած է հարկադիր անհետացման 17 պարագայ, երբ զոհերը առեւանգուած են` Քենիայէն, Քամպոտիայէն, Կապոնէն, Ալպանիայէն, Պուլկարիայէն, Մոլտովայէն, Մոնկոլիայէն եւ Զուիցերիայէն ու վերադարձուած են Թուրքիա: Այս առեւանգուածները կը մեղադրուէին Միացեալ Նահանգներ բնակող մահմետական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդ ըլլալու մէջ: Նախագահ Էրտողան երկար տարիներ աջակցած է Կիւլենի` մինչեւ անոնց յարաբերութիւններուն սրիլը: Կիւլենի հազարաւոր հետեւորդներ, անոնց շարքին` 9100 ոստիկան, հետագային դուրս դրուեցան իրենց գործէն եւ ձերբակալուեցան:
Օսման Քարաճա ձերբակալուած է 14 հոկտեմբեր 2019-ին, Քամպոտիոյ մէջ, ուր ան աշխատած է իբրեւ դպրոցի ուսուցիչ: «Չորս օր կալանքի տակ մնալէ ետք Քարաճան յանձնած են թրքական իշխանութիւններուն, որոնք կառավարական փոքր օդանաւով զայն վերադարձուցած են Թուրքիա: Ան դատապարտուած է 2016-ի յեղաշրջման փորձի ժամանակ զինուած ահաբեկչական խմբաւորում ղեկավարելու համար` հակառակ այն փաստին, որ ան Թուրքիայէն Քամպոտիա մեկնած էր 2002-ին», կը հաղորդէ «Կարտիըն»:
Քարաճա մէկն է այն բազմաթիւ թուրքերէն, որոնք առեւանգուած են արտերկրէն եւ մեղադրուած են «ահաբեկիչ» ըլլալու համար: ՄՔԴ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ ներկայացուած հայցը պարունակած է 800 առեւանգուածներու խոշտանգումներու մասին յայտարարութիւններ, որոնք` «մանրամասն կը նկարագրէին, թէ ինչպէ՛ս խոշտանգումները կիրարկուած են լայն ծաւալով եւ հետեւողականօրէն»:
«Այդ պէտք է քննուի», ըսած է Պելճիքայի նախկին փոխվարչապետ եւ մարդկային իրաւունքներու փրոֆ. Եոհան Վանտէ Լանոթ, որ օգնած է «Թըրքի թրիպունըլ»-ի (Turkey Tribunal) ստեղծման: Ան կը ղեկավարէ քննութիւն սկսելու հարցով Միջազգային քրէական դատարանը համոզելու ջանքերը: «Կը խախտին միջազգային իրաւունքի համընդհանուր հիմնարար սկզբունքները… Թուրքիոյ կառավարութեան կարեւոր անդամները չեն կրնար հերքել, որ իրենք պատասխանատու են, քանի որ հպարտօրէն յայտարարած են իրենց պատասխանատուութեան մասին»:
«Թըրքի թրիպունըլ» յայտարարած է, որ փաստագրած է` «Արտերկրային եւ ներքին բռնի անհետացման 59 դէպք` 109 մարդու մասին: Թէեւ թրքական պետութիւնը միշտ հերքած է իր ներգրաւուածութիւնը ներքին անհետացումներու մէջ, իշխանութիւնները մնայուն հպարտացած են արտերկրի մէջ կատարուած ապօրինի առեւանգումներով: Վերջերս, յուլիս 2021-ին, նախագահ Էրտողան մամուլի ասուլիս տուած էր պատկերին կողքին թուրք ուսուցիչին, որ յայտարարած էր, թէ զինք առեւանգած են ուրիշ երկրէ: Անպատժելիութեան ամբարտաւան ցուցադրութեան մէջ առեւանգուած մարդուն հրապարակուած պատկերը ցոյց կու տայ խոշտանգումներու յստակ նշաններ, իսկ ան հետագային գործողութեան ենթարկուեցաւ` կոտրուած ձեռքը բուժելու համար»:
«Թըրքի թրիպունըլ» աւելցուցած է. «Միջազգային իրաւունքի հիմնարար կանոններու խախտմամբ բանտարկութիւններու կապակցութեամբ, թրքական պաշտօնական վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ «ահաբեկչական կազմակերպութեան» ենթադրեալ անդամակցութեան մասին 2015-2021 քննութիւն բացուած է 2 միլիոն 217 հազար հոգիի դէմ. 560 հազար հոգի կանգնած է դատարանի առջեւ եւ 374 հազար հոգի դատապարտուած է, որոնցմէ 270 հազարը ճանչցուած է ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ»:
Աւելի՛ն. ըստ «Թըրքի թրիպունըլ»-ի, «Թուրքիոյ պաշտօնական վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ 2016-էն ի վեր կը գործէ արձակուած է 129 հազար 410 պետական ծառայող, եւ մերժուած է 19 հազար 962 ուսուցիչի դասաւանդման արտօնագիր: Գրաւուած է 234 հազար 419 անձնագիր` Կիւլենի շարժման ենթադրեալ անդամներու հանդէպ կամայական քննութեանց ընթացքին: Ասոնցմէ 155 հազարը կը վերաբերի անոնց, որոնց նկատմամբ քրէական հետապնդում չէ իրականացուած, օրինակ` քննութեան կամ քրէական հետապնդման ենթարկուած մարդոց ամուսինները»:
Պելճիքայի նախկին փոխվարչապետ Վանտէ Լանոթ եզրափակած է. «Հարցի ուսումնասիրման համար մենք դիմած էինք ՄԱԿ-ի բռնի անհետացման հարցերով աշխատանքային խումբին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու կոմիտէին, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին եւ նոյնիսկ իրենց` Թուրքիոյ դատաւորներուն, սակայն ոչինչ տեղի ունեցած է, ուրեմն արդարութեան հասնելու վերջին կարելիութիւնը այս է»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/576611