Ճշմարտութեան Վայրկեանը — Ճշմարտութեան Վայրկեանը — Ճշմարտութեան Վայրկեանը

garo armenian
04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Սահմանադրական հանրաքուէն արմատական փոփոխութիւններու ամբողջ համակարգ մը կեանքի կոչեց Հայաստանի պետական կեանքին նոր որակ տալու յստակ առաջադրութեամբ։ Եւ սակայն երկրի իշխանական թևի ելոյթներն ու պահուածքը յստակ ոչինչ կ՚ըսեն այս մասին։ Ոչ ոք կ՚աճապարէ մեր պետականութեան այս նոր դարագլուխը արժանաւորապէս նշելու. զայն ոգևորութեամբ շեփորելու. զայն դրօշի վերածելու։ Սահմանադրութիւնը երկրի տնօրէն օրէնքն է, որ կը գործէ գերաստիճան հանգամանքով։ Այդ օրէնքն է, զոր դուք գլխիվայր շրջեցիք և նոր օրինակարգ հաստատեցիք պետութիւնը ժողովուրդին մօտեցնելու յստակ տեսլականով։ Եւ հիմա ի՞նչ…

Սահմանադրական լիազօրութիւն ստացած համակարգային փոփոխութիւնները կը պահանջեն նախաձեռնութիւններու պարտադիր գործընթաց մը քաղաքական դաշտի ամբողջ լայնքով, որուն շօշափելի դրսևորումները պէտք է արդէն իսկ տեսանելի ըլլային երկրի հանրութեան, բայց չեն եղած և չեն…Ե՞րբ պիտի ըլլան։ Ինչի՞ պէտք է վերագրել պետական կեանքի այս դանդաղաշարժութիւնը։ Առայժմ դեռ նոյն լեզուն է. նոյն մտայնութիւնը. նոյն աշխարհահայեացքը. ներքաղաքական նոյն առօրեա՛ն։

Ընդունինք կամ ոչ՝ սովորականի, սովորութականի, business-as-usual-ի ոլորտէն դուրս կը գտնուինք վաղուց։ Մտած ենք պետական կեանքի մէկ նոր փուլ, նոր յանձնառութիւններով, նոր պարտաւորութիւններով, նոր հրամայականներով. փու՛լ՝ որ արդէն իսկ պէտք է պայմանաւորէ մեր քաղաքական մտածողութիւնը և գործի մղէ մեզ։

Թէ՛ իշխանական ուժերը և թէ՛ ընդդիմութիւնը պիտի գիտնան, որ կարելի չէ այլևս հինը և հանրութեան կողմէ մերժուածը պահպանել։ Նախագահական հաստատութիւնը պէտք է արդէն իսկ ձեռնարկէ իր ինքնալուծարման գործին և երկիրը պատրաստէ խորհրդարանական համակարգին համար։ Նախագահի իրաւասութիւնները ներկայիս կրնան գործել անցումային կարգավիճակով միայն։ Հետևաբար պէտք է ձևաւորուի ժամանակաւոր մէկ գործելաձև սերտ համագործակցութեան բերելով ՀՀ Նախագահն ու ընդդիմադիր դաշտի ուժերը անցումային այս փուլը աչալրջօրէն կարենալ դիմագրաւելու համար։

Դաշնակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն ձևաւորելու ճիգերը միայն այս լոյսի տակ կարելի է հասկնալ։ Խորհրդարանական համակարգը, որ ամրագրուած է նոր սահմանադրութեամբ, ունի իր ուրոյն տրամաբանութիւնը։ Ան չի կրնար գործել նախագահականի ստորոգելիներով։ Պէտք չէ գործէ։ Եթէ գործէ, մենք կ՚ունենանք նախկինէն շատ աւելի խնդրայարոյց, շատ աւելի պայթուցիկ և լայնօրէն անկառավարելի մէկ իրադրութիւն Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս։ Մենք կ՚ունենանք ամուլ պետականութիւն և քաղաքական քաոս, որ կ՚ըսպառնայ մեր երկրի զարգացման և անվտանգութեան հրամայականներուն և ի վերջոյ մեր երկրի անկախութեան։

Պա՛րզ խօսինք։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որուն սկիզբէն իսկ զօրավիգ կանգնեցաւ Դաշնակցութիւնը, մեր ժողովուրդի բարձրաձայն ԱՅՈ-ն էր. պարտաւորեցնոլ պահա՛նջը՝ վերջին քսան հինգ տարուան արատներէն բեռնաթափուելու, քաղաքական կեանքի դռները քաղաքացիին առջև լայն բանալու, մենաշնորհները ջարդելու և մեր տնտեսութիւնը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու։ Բայց նաև ան մեր ժողովուրդին աղաղակող ՈՉ-ն էր երկրի կարողականութիւնները առևանգողներուն, ժողովուրդը իրաւազրկողներուն, երկրին կենսոլորտը ապականողներուն, պետական մեքենան կաշառակերութեան որջի վերածողներուն։

Իշխանութիւնը պիտի գիտնայ, որ այս այո-ն և այս ոչ-ը հաւասարազօր իրաւունքով կը բխին մեր ժողովուրդի զգաստ խղճմտանքէն և մշտապէս կը դիեցնեն զիրար։ Իշխանական համակարգի ղեկավարները նաև պիտի գիտնան, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն մեր ժողովուրդին կողմէ իրենց տրուած վերջին պատեհութիւնն է ցարդ նուիրագործուած քաղաքական սնանկ մշակոյթէն ձերբազատուելու և քայլ նետելու դէպի նոր իրաւակարգ, դէպի նոր քաղաքակրթութիւն։

Եկած է վարչա-հրամայական հին կենսաձևէն միանգամընդմիշտ խզուելու պատմական պահը։ Միակուսակցական դրութիւնը լուծարելու պա՛հը։ Բայց եթէ դեռ կան պետական մարդիկ, որոնք յոյսեր կը սնուցանեն, որ նոր սահմանադրութիւնը ի վերջոյ ծառայէ հանրութիւնը ապակողմնորոշելու և միակուսակցական համակարգի «ոտքերը ամրացնելու» և յօգուտ մենաշնորհային համակարգի տէրերուն՝ երկրի շահագործման հոլովոյթը մշտնջենաւորելու, անոնք այժմէն իսկ պէտք է գիտնան, որ այս անգամ այդպէս պիտի չըլլայ։ Անոնք պէտք է գիտնան, որ յարացոյցը (paradigm) փոխուած է։

Հին յարացոյցը ընդմիշտ անհետացած է։ Այս ժողովուրդը յոգնած է փուճ լոզունգներէն։ Այս ժողովուրդը զայրացած է։ Եւ հասած է ճշմարտութեան վայրկեանը։

Փետրուար 4, 2016
Ուաշինկթըն
http://asbarez.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail