Խմբագրական – «Հայրենիք» – Պոսթըն – Անպաշտպան Սահման Եւ ․․․ Անսահման Մտահոգութիւն
11 ԱՊՐԻԼ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Ինչե՜ր կրնան պատահիլ, երբ մեր հայրենիքին սահմանները կը մնան անպաշտպան, բանակը յարատեւօրէն հրահանգ կը ստանայ լքելու պաշտպանական դիրքերը եւ նահանջելու, իսկ հզօր բանակ կերտելու փոխարէն, մեր երկիրը կ՛ունենայ մինչեւ ակռաները զինուած ոստիկանութիւն, որուն գլխաւոր առաքելութիւն վստահուած է ճնշումներու ենթարկել քաղաքացին ու ընդդիմադիրները․․․ ։
Ցնցիչ էր եւ ահազանգային պէտք է նկատել այն կարճ լուրը, որ տօնական օրերուն այսպէս՝ հպանցիկ ձեւով հաղորդուեցաւ մեծ մասամբ ներկայ իշխանաւորներուն հակակշռին ենթակայ տեղեկատուական աղբիւրներու կողմէ, թէ՝ ատրպէյճանցի քանի մը զինուորներ 9-10 Ապրիլի գիշերուան ուշ ժամերուն թակած են Սիսիանի Աշոտաւան գիւղի մէկ տան դուռը եւ ․․․։
Լուրին այսպէս արձագանգելով եւ «սըսփենս» ստեղծելով, մեր նպատակը աժան քննադատութիւն չէ, ո՛չ ալ սոսկական կերպով պախառակել է ներկայ իշխանութիւնները, որոնք խորքին մէջ արժանի են։
Յստակ չէ, թէ դուռ թակողները քանի՞ հոգի էին։ Տան մայրը, որ դուռը բանալով՝ ինքզինք դէմ առ դէմ գտած է թշնամի զինուորներու, սարսափահար եղած է եւ բնական է որ յստակօրէն չի յիշեր, թէ քանի՞ հոգի էին։ Կը խօսուի երեքէն վեց զինուորներու մասին, որ սահմանամերձ քաղաքը հասած են՝ «մոլորուած ըլլալնուն պատճառով»։
Խմբային մոլորո՞ւմ մըն էր պատահածը։
Ժամանակը չէ քմծիծաղով եւ արհամարհանքով ներկայացնելու այս պատահարը։ Ըստ շրջանի ոստիկանութեան (որ իր պատրաստութեամբ եւ սարքաւորումով հեռու կը մնայ Երեւանի «ժողովրդավարութեան պասթիոն»-ը պաշտպանող սաղաւարտակիրներէն), անորոշ թիւով ազերի զինուորները մտամոլոր․․․ հասած են Աշոտաւան։
Պահ մը ընդունինք մոլորուածութեան վարկածը. ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել անոնց յառաջխաղացքը հայրենի սահմաններէն ներս, մինչեւ Աշոտաւանի այդ օճախը։ Մեր հողերուն եւ սահմանին վրայ հսկող պահակ կամ մարդ չկա՞ր…
Երանի՜ թէ սահմանամերձ ըլլար Աշոտաւանը, որպէսզի կարելի ըլլար համոզուիլ սենարիոյին։ Սիսիանի մօտակայքն է Աշոտաւանը, սահմանամերձ շրջաններէն համեմատաբար հեռու։
Մէկ բան յստակ է։ Մեր երկրի սահմանները անպաշտպան, անապահով եւ ամենայն «դուխով»… անզէն են։
Խանգարուած են անհատներ եւ երկիր, շփօթի մատնուած են իշխանութիւն եւ պետութիւն հասկացութիւնները։
Պարզ է. անձի մը՝ երկրի ղեկին նստողին պաշտպանական միջոցները կը գերազանցեն երկրին, պետութեա՛ն ապահովութիւնը։ Յստակ է նաեւ, թէ կարմիր գիծը անցած ենք։ Սեւ կամ սպիտակ չէ մնացած այլեւս։ Գիծը կարմիր է, ո՛չ՝ որդան, այլ՝ բոսոր։
Կարելի է առանց բառերը ծամծմելու տեսնել եւ ցոյց տալ, թէ որքա՜ն անհոգութիւն, զանցառութիւն եւ նոյնիսկ արհամարհանք կը ցուցաբերուի հայրենի պաշտպանութեան բանակին հանդէպ։ Չենք մոռցած, ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ քանի մը ամիս առաջ, տարեսկիզբին՝ Յունուար 19-ին, սահմանամերձ Ազատ գիւղի զինուորական կացարանի մը մէջ պատահած ողբերգական հրդեհը, որ խլեց 15 մատղաշ զինուորներու կեանքը, ցնցելով ամբողջ հայութիւնը: Աղէտին մասին սկսած դատական հետապնդումները պատշաճօրէն չեն կատարուիր, ժողովուրդն ու մանաւանդ զոհերուն հարազատները կասկած ունին, որ ահաւոր բան մը ծածկելու ճիգ կայ։ Բանակին նկատմամբ անբարեացակամութիւնը հասած է հոն, որ իշխանաւորները կը խօսին աւելի քան ՏԱՍԸ ՀԱԶԱՐ դասալիքներու մասին, արձագանգելով… Ալիեւի հրապարակած թիւերուն:
Ընդունելի կամ տրամաբանակա՞ն է, որ Երեւանի մէջ իշխանաւորի մը եւ անոր «ուսապարկերուն» պաշտպանութեան համար բազմահարիւր ոստիկաններ գործի կը լծուին, ճամբաներ կը փակեն, իրենց սուրացող ինքնաշարժներու «վոհմակ»-ով ալ անմեղ քաղաքացիներու կեանքը կը վտանգեն, մինչեւ իսկ մահ կը պատճառեն (աւելի քան տարի մը առաջ, վարչապետ Փաշինեանին շքախումբը պատճառ դարձաւ յղի կնոջ մը մահուան)։ Նոյն պաշտպանները նոյնինքն Եռաբլուրի մէջ քաշքշուքի եւ խոշտանգումի կ’ենթարկեն հայրենիքին պաշտպանութեան համար նահատակուած զինուորներու մայրերը…
…Եւ տակաւին կան այնպիսիներ, որոնք կը նախընտրեն թմբիրի մէջ մնալ, չտեսնել աղաղակող ողբերգութիւնները, թշնամիին հետեւողական ոտնձգութիւնները, հայրենի հողերու մեծ ու փոքր պատառներով կորուստը, Աշոտաւանի մէջ պատահածին նման թափանցումները (տարբերակները նաեւ Արցախի մէջ) եւ կը շարունակեն մնալ ձեռնածալ, ուրեմն՝ մասնակից են «ժողովուրդի մանտաթը» ունեցողներուն կողմէ հայրենիքին քայլ առ քայլ կորուստին։
hairenikweekly.com/անպաշտպան-սահման-եւ-․․․-անսահման-մտա/