Քոնկրեսին Մէջ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ընթացքին Շեշտը Դրուեցաւ Նոր Ցեղասպանութեան Մը Առաջքը Առնելու Հրամայականին Վրայ

Armenian Genocide – Carte Blanche For The Kurds To Massacre Armenians From General Nikolaev – June 22, 1915

Քոնկրեսին Մէջ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ընթացքին Շեշտը Դրուեցաւ Նոր Ցեղասպանութեան Մը Առաջքը Առնելու Հրամայականին Վրայ

25 ԱՊՐԻԼ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ:

Քոսթա

Մօտաւորապէս 25 քոնկրեսականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 Ապրիլին, Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 108ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին, ուր շեշտը դրուեցաւ Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութեան մը առաջքը առնելու հրամայականին վրայ, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին հետ կազմակերպած էր հաւաքը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անիմաստ պիտի դառնայ, եթէ Ուաշինկթըն արտօնէ ցեղասպանութեան կրկնութիւնը եւ Պաքուն զինելու իր քայլերը։

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն դրուատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար ամերիկահայութեան տարած պայքարը, սակայն շեշտեց, թէ վերջին քանի մը տարիներու իրադարձութիւնները ցոյց  կու տան, որ յաւելեալ աշխատանք պէտք է տարուի Արցախի մէջ ցեղասպանութեան կրկնութեան առաջքը առնելու համար։

Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ, որուն կնոջ՝ Նատինի, մեծ հայրը  Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերէն է, խօսեցաւ Ատրպէյճանի պաշարումին պատճառով Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած ճգնաժամին մասին եւ շեշտեց, թէ Պաքուի յանցագործ իշխանութիւններուն ոչ մէկ ամերիկեան աջակցութիւն պէտք է տրամադրուի։

Ներկայացուցիչներու տան նախորդ խօսնակ Նենսի Փելոսի արտայայտուեցաւ անցեալ տարի Հայաստան կատարած իր պատմական այցելութեան մասին՝ շեշտելով, թէ բռնարարքները պէտք է կասեցուին եւ խաղաղութեան ամբողջական համաձայնագիր պէտք է կնքուի։

Ծերակուտական Ալեք Փըտիա մանրամասնութիւններ տուաւ Արցախի պաշարումը եւ Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտող եւ Ծերակոյտին ներկայացուելիք բանաձեւին մասին՝ կոչ ընելով գործադիր իշխանութիւններուն, որ անմիջական քայլերու դիմեն մեղմացնելու համար Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապը։

Վերի շարքը, ձախէն աջ՝ Մենենտեզ, Շիֆ եւ Փալոն
Ներքեւի շարքը, ձախէն աջ՝ Փելոսի, Շըրմըն եւ Պուքըր

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Էտըմ Շիֆ շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է դադրեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուող աջակցութիւնները եւ Ալիեւի վարչակարգը պատասխանատուութեան ենթարկէ պատերազմական ոճիրներուն համար:

«Հայերուն սպառնացող վտանգը չէ վերացած: Հայաստանը այսօր եւս յարձակումներու ենթակայ է եւ վերջին քանի մը ամիսներուն Ատրպէյճանի թշնամանքը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ հասած է իր գագաթնակէտին: Կրնամ ըսել, որ երբեք այնքան մտահոգ չեմ եղած, որքան այսօր, որ Ատրպէյճան կրնայ լայնածաւալ պատերազմ մը եւս նախատեսել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ», ըսաւ Շիֆ:

Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր American Enterprise հիմնարկէն դոկտ. Մայքըլ Ռուպըն, որ շեշտեց Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու եւ յատկապէս ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու կարեւորութիւնը։

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ ծերակուտական Քորի Պուքըր, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ, Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Եանկ Քիմ, Մայք Լոլըր, Սեթ Մեկըզինըր, Կրէյս Մենկ, Քեթի Փորթըր, Պրետ Շնայտըր, Պրետ Շըրմըն, Էպիկէյլ Սփենպըրկըր, Էրիք Սուալուէլ եւ Տինա Թայթըս։ Ներկայ էին նաեւ ծերակուտական Էտ Մարքի եւ ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճաշ Կաթիմըր, Քեվըն Մալըն եւ Ռաշիտա Թլէյպ։

Քոնկրեսականները նաեւ խոստացան զօրակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումին համար Քոնկրեսի գրադարանին 10 միլիոն տոլար տրամադրելու նպատակով Աննա Էշուի, Թետ Լիուի եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ ներկայացուելիք բանաձեւին։

 

asbarez.am/քոնկրեսին-մէջ-ցեղասպանութեան-ոգեկոչ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail