Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Վրաստանին Կոչ Ուղղած Է Շարունակելու Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութիւնը Վերականգնելու Ուղղութեամբ Ջանքերը
01 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա Թիֆլիս այցելութեան ընթացքին Վրաստանին կոչ ուղղած է շարունակելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար ջանքերը: Այս մասին հաղորդեց «1Լուրեր»-ը:
«Ես այցելած եմ Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Շրջանային կացութիւնը, ի հարկէ, կը վերաբերի նաեւ Վրաստանին: Կ՛ուզեմ Վրաստանին կոչ ուղղել շարունակելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան վերականգնման ուղղութեամբ ջանքերը:
«Ասիկա, ի հարկէ, կը բխի բոլոր երկիրներու եւ ազգերու շահերէն, մենք կը տեսնենք, որ մարդիկ կ՛ուզեն խաղաղ միջավայրի մէջ ապրիլ: Ատիկա անոնց կոչն է եւ օրինական ցանկութիւնը: Այդ պատճառով շնորհակալ եմ ամէն ինչի համար, որ ըրած էք եւ պիտի շարունակէք ապագային ընել», դիմելով Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարին ըսած է Քոլոնա:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Ֆրանսա պիտի աջակցի Վրաստանին հայ-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ:
aztagdaily.com/archives/579592