Թուրքիան Փակած Է Իր Օդային Տարածքը «Ֆլայուան Արմենիա»-ի Եւրոպա Թռիչքներուն Դիմաց

Թուրքիան Փակած Է Իր Օդային Տարածքը «Ֆլայուան Արմենիա»-ի Եւրոպա Թռիչքներուն Դիմաց

01 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայկական «Ֆլայուան Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը շաբաթ գիշեր Փարիզէն Երեւան հասցուցած է ճամբորդները, որոնք ստիպուած եղած են էջք կատարել Քիշնեւի մէջ` Թուրքիոյ օդային տարածքի փակման պատճառով: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է օդանաւային ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի ղեկավար Արամ Անանեան:

Ան 29 ապրիլին յայտարարած էր Փարիզ-Մոսկուա թռիչքի ուղեւորներու` Քիշնեւի մէջ հարկադիր էջքի մասին: Անոր համաձայն, Թուրքիան փակած է իր օդային տարածքը «Ֆլայուան Արմենիա»-ի Եւրոպա թռիչքներուն դիմաց: Ըստ Անանեանի, թրքական կողմէն նախնական ծանուցում չէ ստացուած:

«Մեզի անյայտ պատճառներով եւ առանց որեւէ ակնյայտ պատճառի, Թուրքիոյ թռիչքներու իշխանութիւնները չեղեալ նկատած է «Ֆլայուան Արմենիա»-ին նախապէս տրուած արտօնութիւնը` Թուրքիոյ օդային տարածքով դէպի Եւրոպա թռիչքներ կատարելու համար», ըսած էր Անանեան:

aztagdaily.com/archives/579583

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail